Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Փոխադարձ Յարձակումները Կը Շարունակուին. Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացումը Կարելի Է»

July 15, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 4:45-ին Իրանի վրայ երրորդ իրերայաջորդ յարձակումը շղթայազերծած է:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ յարձակումները կը թիրախաւորեն իրանեան զինուորական դիրքեր, որոնք ծովային հսկողութեան համակարգեր, անօդաչու թռչող սարքեր ու հրթիռներ կը պարունակեն: Մինչ այդ, իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Պանտար Ապպասի, Քիշ, Քաշմ եւ Ապու Մուսա կղզիներուն, ինչպէս նաեւ Խուզիստան նահանգի Ժոմ եւ Ումէյտա քաղաքներուն մէջ պայթումներու ձայներ լսուած են:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկ արշալոյսին Հորմուզղան նահանգին վրայ ամերիկեան յարձակումի մը պատճառով երեք քաղաքայիններ զոհուած են:

Նախքան այդ, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պահակագունդը Հորմուզի նեղուցին մէջ երկու նաւեր թիրախաւորած է: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները նշեցին, որ երկու նաւերը իրենց կը պատկանին, եւ յարձակումին պատճառով նաւաստի մը սպաննուած է:

Իրան իր կարգին Յորդանանի եւ Պահրէյնի մէջ ամերիկեան դիրքեր թիրախաւորած է:

Իրանեան բանակի բանբերը յայտնեց. «Մեր զինեալ ուժերը Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ երբեք նահանջ պիտի չարձանագրեն»:

«Հորմուզի նեղուցը պատերազմով, չարամիտ քայլերով եւ ամերիկեան յարձակումներով պիտի չվերաբացուի: Հորմուզի նեղուցին վերաբացման միակ ուղին իրանցի ժողովուրդի իրաւունքները յարգելն է», շեշտեց բանբերը:

Իրանեան բանակի բանբերը նաեւ նշեց. «Մենք յանձնառու ենք մեր նահատակներուն, մասնաւորաբար հանգուցեալ գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի արեան վրէժը լուծելու»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ, թէ Փեքին չափազանց մտահոգ է Ծոցի շրջանին մէջ զինուորական հակամարտութեան վերսկսումով` աւելցնելով, որ պիտի շարունակէ կացութեան հանդարտեցման համար ջանքեր թափել:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանի յարձակողական կարողութիւնները քանդեցինք, Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկենք եւ շրջափակումը վերականգնեցինք»:

«Իրանի հետ մեր պատերազմը չորս ամիսը չանցաւ, եւ Իրանի ներուժը մեզի դիմակայելու համար բաւարար չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Հորմուզի նեղուցը բաց է եւ բաց պիտի մնայ»:

«Շրջափակումը նոյնիսկ զինուորական հարուածներէն աւելի ազդու էր, սակայն կը կարծեմ, որ երկուքը միաւորելն է, որ իրապէս սպասուած արդիւնքը կու տայ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Իրանի հետ համաձայնութեան գոյացումը կարելի է»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Ֆոքս Նիուզ»-ին ալ յայտնեց. «Իրանին պիտի չարտօնենք հիւլէական զէնք ձեռք բերել»:

«Մենք ենք, որ Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկենք», շեշտեց ան:

«Իրան կրնայ խնդիրներ ստեղծել եւ անպատշաճ քայլերու դիմել, սակայն կացութիւնը մեր վերահսկողութեան տակ է», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Երկիրները, որոնք Իրանէն կը վախնային, այսօր շատ աւելի նուազ վախ ունին, որովհետեւ անոր կարողութիւնները սահմանափակեցինք», նշեց Թրամփ:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի բանբերը նշեց. «Փոխըմբռնման յուշագիրը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ, որովհետեւ պատժամիջոցներն ու շրջափակումը վերականգնուեցան»:

Լաւրով. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Դէմ Հարուածներու Վերսկսումը Կը Խախտէ Յուշագիրը»

Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Իրանի դէմ հարուածները կը նկատէ իբրեւ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ կնքուած յուշագիրի խախտում, ատիկա կը փակէ ճգնաժամի կարգաւորման ուղին: «Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Մենք Միացեալ Նահանգներու Իրանի դէմ հարուածները կը դիտարկենք իբրեւ յուշագիրի խախտում: Այստեղ նոյնիսկ մեկնաբանելու շատ բան չկայ, ատիկա տխուր է: Քանի որ կը տուժեն թէ՛ Իրանի քաղաքային ենթակառոյցները, թէ՛ Պարսից ծոցի արաբական պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի արաբական երկիրներու քաղաքային ենթակառոյցները: Եւ ամէնէն կարեւորը, ատիկա կարգաւորման չի տանիր, այլ կը փակէ այն դուռը, որ, կը թուէր, թէ յիշատակուած յուշագիրը քիչ մը բացած էր», լրագրողներուն ըսած է Լաւրով:

Նախորդը

Ահմատինեժատի Գրասենեակը Կը Հերքէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի` Իսրայէլի Հետ Անոր Կապի Մասին Տուեալները

Յաջորդը

Ֆրանսա Իր Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Զինուորական Տողանցքով Նշեց Պասթիյի Գրաւման Օրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.