Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատիս Ապեպայի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին` Յոյսի Եւ Յաղթութեան Կոթող…

July 14, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ատիս Ապեպայի մէջ եմ… Կիրակի առաւօտեան խաղաղ է Եթովպիոյ մայրաքաղաքը, ուր կեանքի կշռոյթը ինքնուրոյն է եւ, անշուշտ, տարբեր` ընդհանրապէս ընկալուածէն կամ պատկերացուածէն: Առաջին անգամ կ՛այցելեմ Ափրիկէ` հին աշխարհի սեւ ցամաքամասը:

Իմ իջեւանած պանդոկս լայն պողոտայի մը վրայ է: Սենեակիս պատուհանն ալ կը բացուի անոր վրայ. ճիշդ դիմացը կայ զբօսարան մը, որ եռուն է գիշերուան ժամերուն: Կիրակի առաւօտ նախորդած գիշերուան եռուզեռը դադրած է վաղուց: Սուրճի բաժակով մը կը սպասեմ` պողոտան դիտելով դատարկ հայեացքով: Աչքս ժամուն է, որուն վաղուց հետեւիլ սկսած եմ բջիջային հեռաձայնիս պաստառէն, թէեւ դասական ժամացոյցներս միշտ հաճելի առարկաներ կը մնան ինծի համար:

Եկեղեցի երթալու կը պատրաստուիմ: Ատիս Ապեպայի Ս. Գէորգ եկեղեցին Ափրիկէի ամէնէն հարաւի հայկական սրբավայրն է: Բացի Եգիպտոսէն` Եթովպիոյ եւ Սուտանի մէջ գոյութիւն ունին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներ: Կեանքիս առաջին կիրակին է, որ Ատիս Ապեպայի մէջ կ՛անցընեմ եւ, անշուշտ, որոշած եմ այցելել Ս. Գէորգ եկեղեցին, որուն հիմերը անցեալ դարասկիզբին օծուած են պատրիարքական տեղապահ երջանկայիշատակ Գէորգ արք. Ասլանեանի կողմէ, եւ պաշտամունքի բացուած է` մաս կազմելով Պոլսոյ Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն, ձեռամբ երջանկայիշատակ պատրիարք Մեսրոպ արք. Նարոյեանի: Նշեցի` պատրիարքի գահակալութեան օրօք եկեղեցի հաստատուած է Ատիս Ապեպայի մէջ: Զուգադիպութի՞ւն, նախախնամութի՞ւն…

Պանդոկի մուտքին կը յայտնուի այն ինքնաշարժը, որ մեզ եկեղեցի պիտի տանի: Շատ հեռու չէ եկեղեցին պանդոկէն, մանաւանդ որ կիրակի առաւօտուն խցանումներ չկան: Զբօսաշրջիկի մը աչքով կը դիտեմ շուրջս, նպատակս այդ առումով հետաքրքրութիւն յագեցնելն է` որպէս օտար այցելու:

Յանկարծ ինքնաշարժը կը թեքի անկիւնէ մը, եւ հասած ենք արդէն: Տեսադաշտիս մէջ կը յայտնուի Ս. Գէորգ եկեղեցին` հայկական գմբէթով եւ հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան ստորոգելիներով: Արդէն ակամայ դադրած եմ շրջակայքը օտարի մը աչքով դիտելէ, քանի հայկական եկեղեցւոյ մը դիմացն եմ: Ներաշխարհս կ՛ալեկոծէ այս գողտրիկ սրբավայրը: Աշխարհի ամէն տեղ յարաբերաբար աւելի փոքր կ՛ըլլան հայկական եկեղեցիները, բայց, ի՜նչ փոյթ չափը… Բացառութիւն չէ Ատիս Ապեպայի պարագան:

Ս. Գէորգը դռները լայն բացած է մեր առջեւ: Բարձրեալին փառք տալով` մուտք կը գործենք անոր հիւրընկալ ու նուիրական շեմէն ներս, որուն երկու կողմերուն կը ծածանին Եթովպիոյ դրօշակն ու հայկական եռագոյնը: Քանի մը աստիճան բարձրանալով` մուտք կը գործեմ եկեղեցի: Յիշատակարանին վրայ ուշադրութիւնս կը գրաւէ անունը Նորայեան պատրիարքին` Պոլսոյ Աթոռի հանրապետական շրջանի առաջին գահակալը: Եւս քանի մը քայլ եւ արդէն տաճարին մէջն եմ…

Ի՜նչ խորհուրդ, ո՛վ Տէր… Հայեացքս կ՛ուղղեմ դէպի խորան. այդ սուրբ սեղանին վրայ պատարագած է երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը: Պահ մը կը մտաբերեմ հայոց վեհափառին նշանաւոր «պատգամը»: Գողտրիկ, փոքրիկ տաճարին մէջ մտքովս կ՛անցնի. «Մի՛ երկնչիր, հօտ փոքրիկ…»: Վրայ կը հասնի Թէքէեանը, եւ ես կը ջանամ հանդարտեցնել ներաշխարհս այս կիրակի առաւօտուն` վստահ ըլլալով, թէ հայու հոգիի ծննդավայրին մէջ եմ: Սա արդէն հայու Աստուծոյ տունն է, ուստի, նաեւ` հայոց աշխարհին մէկ անկիւնը: Երգը կարծես շարականի կը վերածուի այդ պահուն մտքիս մէջ. «Ո՜վ հայոց աշխարհ, հարազատ, պայծառ, զաւակներուդ օթեւան, յաւերժական հանգրուան…»:

Վերջապէս կը հնչէ եկեղեցոյ զանգը, եւ կը սկսի կիրակնօրեայ արարողութիւնը, որուն մասնակիցներու շարքին կան նաեւ տեղացի հաւատացեալներ, քանի Հայաստանեայց առաքելական եւ Եթովպական ուղղափառ եկեղեցիները դաւանակից են: Ըստ էութեան, արարողութեան կը մասնակցին եթովպահայ շուրջ հինգ յառաջատար ընտանիքներու անդամները, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան անձնակազմը` ընտանիքներով: Թէեւ` այդքան միայն, բայց մարդոց այդ սակաւ ներկայութեան մէջ ի՜նչ խորք եւ ի՜նչ իմաստ կայ… անբացատրելի:

Ս. Գէորգ եկեղեցին շատ երկար ատենէ ի վեր չունի մնայուն հոգեւոր հովիւ մը: Տասնամեակներ շարունակ անոր կանթեղը վառ պահելու համար ջանք ու եռանդ չեն խնայեր Նալպանտեան գերդաստանի սերունդները: Մերօրեայ շառաւիղն է Վարդգէս սրկ. Նալպանտեան: Եկեղեցին կը գործէ Եգիպտոսի թեմի վերահսկողութեան ներքեւ եւ Գահիրէի ազգային առաջնորդարանի կարգադրութեամբ Վարդգէս սրկ. Նալպանտեան կը գլխաւորէ կիրակնօրեայ պաշտամունքը:

Թէեւ հովիւ չկայ, բայց բոլորը հօտ ըլլալու գիտակցութեան մէջ են ու կը զգան` որպէս հարազատ զաւակ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ: Յաղթական կը հնչեն Հայ եկեղեցւոյ հոգեզմայլ շարականները` կարծես ասպարէզ կարդալով հաւատացեալներու նօսրացած թիւին: Ս. Գէորգի կամարներէն ներս կարծես տարբեր կը հնչեն «Սուրբ, սուրբ»-ը, «Տէր, ողորմեա»-ն: Բացակայ պատարագիչը կարծես կը փոխարինուի Սուրբ Էջմիածնի ուրուագծով, զգալի է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, եւ խունկի ծուէններուն մէջ կարծես օրհնութիւնն է հայոց վեհափառին, որուն օծեալ աջը աշխարհի տասը միլիոն հայու գլխավերեւին է` անկախ երկրագունդի ո՛ր անկիւնը գտնուելէն:

Առանց հովիւի, առանց պատարագիչի, այս անմոռանալի, տպաւորիչ արարողութիւնը մտքիս մէջ նորովի կը բիւրեղացնէ պատասխանները կարգ մը հարցումներու. ի՞նչ է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ո՞ւր է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, եւ ո՞վ է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին: Ս. Գէորգէն կ՛արձակուինք գլուխ խոնարհելով եւ խաչակնքելով մեսրոպատառ Աստուածաշունչին առջեւ: Դուրս կու գամ համալիրէն: Պահ մը դարձեալ կը շրջուիմ` Ատիս Ապեպայի մէջ հրաժեշտ կ՛առնեմ հայոց քառաթեւ խաչէն եւ եռագոյնէն` անոնց պատկերը պարփակելով սրտիս մէջ, քանդակելով մտքիս մէջ:

Ժամուն կը նայիմ… Հաճելի իրեղէն է ժամացոյցը, հակառակ անոր որ ժամանակը մեզմէ կ՛առնէ-կը տանի ամէն ինչ: Ժամացոյցը, իրականութեան մէջ, ցոյց կու տայ քաղցր յիշատակներն ու անշէջ յիշողութիւնը: Ատիս Ապեպայի մէջ Ս. Գէորգէն հրաժեշտի պահուն թեթեւութիւն մը կը զգամ, քանի հերթական անգամ վկայած եմ, թէ դաժան ժամանակը ամէն ինչ չէ, որ կրնայ խլել:

Ինքնաշարժի դուռը կը փակեմ սրտիս մէջ աղօթքով. «Աջ քո հովանի լիցի ի վերայ ազգիս հայոց»:

«Ժամանակ»

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( Յուլիս 13 2026)

Յաջորդը

Եւ Կրկին Եկաւ Վիգէն Դարբինեանը Երգելու Մեր Մէջ (Միացեալ Նահանգներու Մէջ Տուած Ելոյթին Առիթով)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.