Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոյն Հրապարակը… Բայց Արդեօ՞ք Նոյն Յիշողութիւնը

July 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Անցնող շաբաթ առաւօտեան բարեկամական շրջանակի ծանօթներէս մէկը ինծի մատուցեց  հաճելի, բայց նաեւ խորապէս յուզիչ անակնկալ մը: Ինծի  նուիրեց Սուլթան Պայազիտ հրապարակէն երկու նկար. առաջինը` 15 յունիս 1915-ին, երբ հրապարակը դարձած էր հնչակեան Քսան նահատակներուն կախաղանի վայրը, երկրորդը` նոյն հրապարակը այսօր` ժամանակի հոլովոյթին մէջ փոխուած իր արտաքին տեսքով:

Յուզումնախառն զգացումներով վերցուցի զանոնք: Պարզ լուսանկարներ  չէին անոնք, այլ`  պատմութեան երկու հակադիր պահերու լուռ վկաները: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք խոստացայ, որ թուղթին պիտի յանձնեմ անոնց արթնցուցած յուշերը, խոհերը եւ տպաւորութիւններս: Խոստումս լսելով` բարեկամս անկեղծօրէն ոգեւորուեցաւ:

Ժամանակը կը հոսի: Քաղաքները կը փոխուին: Շէնքեր նոր կեանք կը ստանան: Ծառեր կ՛աճին: Մարդիկ կու գան ու կ՛երթան: Սակայն ժամանակը կրնա՞յ ջնջել պատմութեան հետքերը:

Ահա՛ երկու նկար:

Առաջինը` 15 յունիս 1915, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակը: Կախաղաններու շարքը կանգնած է, իսկ անոնց վրայ կը նահատակուին Հնչակեան կուսակցութեան քսան անվեհեր գործիչները: Անոնք մահը կը դիմաւորէին անխորտակ արժանապատուութեամբ, որովհետեւ գիտէին, որ իրենց մահը անձնական վախճան մը չէր, այլ` ազգային կեանքի շարունակութիւնը:

Երկրորդը` նոյն հրապարակը այսօր:

Կախաղանները չկան:

Ամբոխը չկայ:

Արեան հետքերը չեն երեւիր:

Բայց արդեօ՞ք պատմութիւնը եւս անհետացած է:

Այս երկու նկարներուն նայելով` առաջին հարցումը, որ կը ծագի, հետեւեալն է. «Արդեօ՞ք ժամանակը կը յաջողի մոռացութեան մատնել ժողովուրդի մը  պատմական յիշողութիւնը»:

Եթէ պատասխանը այո՛ է, ապա ժողովուրդները դատապարտուած են կրկնելու իրենց ողբերգութիւնները:

Եթէ պատասխանը ո՛չ է, ապա յիշողութիւնը պէտք է ապրի ոչ միայն յուշարձաններու, այլ նաեւ գաղափարներու, պայքարի եւ ազգային կամքի մէջ:

Հնչակեան Քսան նահատակները կախաղան չբարձրացան պարզապէս կուսակցական համոզումներու համար: Անոնք զոհուեցան, որովհետեւ կը հաւատային, որ հայ ժողովուրդը ազատ, արժանապատիւ ապրելու իրաւունք ունէր իր պատմական հայրենիքին մէջ: Անոնց պայքարը կ՛անցնէր կուսակցական սահմաններէն անդին եւ կը դառնար համազգային պայքար:

Ինքնաքննութեան  հարցում մը ուղղենք այսօր իւրաքանչիւրս. «Ի՞նչ մնացած է այդ գաղափարներէն»:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հիմնադիրները, մտածողութեան ու գաղափարական ուղղութիւններու բազմազանութիւններ  ունենալով հանդերձ, կանգնած էին մէկ անսասան եւ անսակարկ սկզբունքի շուրջ: Անոնք հաւատացած էին, որ ժողովուրդներու իրաւունքները կը վաճառուին ո՛չ ժամանակի հովերուն, ո՛չ  ալ քաղաքական հաշուարկներուն դիմաց: Հայրենիքը երբեք առեւտուրի առարկայ չէր: Ազգային արժանապատուութիւնը ոչ մէկ պարագայի կրնայ ենթարկուիլ քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու կամ շահադիտական գործարքներու:

Այսօր, դժբախտաբար, շատ յաճախ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, թէ ազգային խորհրդանիշները բեռ կը համարուին, պատմական իրաւունքները` անցեալի մնացորդ, իսկ պահանջատիրութիւնը` անտեղի յիշեցում:

Երբ Արեւմտեան Հայաստանը կը ներկայացուի պատմութեան փակուած էջ, երբ Արցախի կորուստը կը փորձուի դարձնել «անցեալ», երբ ազգային խորհրդանիշները կը նսեմացուին, բնական է, որ ժողովուրդին մէջ ծագի խոր անհանգստութիւն:

Բայց այստեղ կը ծագի աւելի կարեւոր հարցում մը. «Իշխանութեան մը դիրքորոշումը կրնա՞յ  փոխել պատմական ճշմարտութիւնը»:

Ո՛չ:

Ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնայ փոխել ժողովուրդի պատմութիւնը:

Ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնայ ջնջել իրաւունքը:

Այնտեղ, ուր բռնապետը կը խորհի  մահու սարսափ ցանել, այնտեղ յիշողութեան ծառեր հասակ կ՛առնեն, եւ ազատութեան գաղափարներ արմատ կը նետեն:

Ո՛չ մէկ քաղաքականութիւն կրնայ վերացնել ազգային յիշողութիւնը, եթէ ժողովուրդը ինք չհրաժարի անկէ:

Պահանջատիրութիւնը պետական օրակարգի սահմանները գերազանցող ազգային գաղափար է` առաջին հերթին: Ան չի սահմանափակուիր պետական քաղաքական ծրագիրներով, այլ կը բխի պատմական յիշողութենէն, արդարութեան գիտակցութենէն եւ ազգային իրաւունքներու անշեղ պահանջէն:

Ան ազգային գիտակցութիւն է:

Ան հոգեւոր կեցուածք է:

Ան պատմութեան հանդէպ հաւատարմութիւն է:

Ան պատասխանատուութիւն է յաջորդ սերունդներուն հանդէպ:

Եթէ պահանջատիրութիւնը միայն իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան վրայ հիմնուի, ան կախեալ  պիտի մնայ ժամանակաւոր իշխանութիւններէն եւ ընտրական արդիւնքներէն:

Իսկ երբ պահանջատիրութիւնը համազգային համոզումի վերածուի, պատմական գիտակցութեան եւ անսասան կամքի, ապա ան պիտի շարունակէ ապրիլ ու փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ` այնքան ժամանակ, որքան կ՛ապրի հայ ժողովուրդը:

Այսօր Սուլթան Պայազիտի հրապարակին մէջ զբօսաշրջիկներ կը շրջին: Մարդիկ կը լուսանկարուին: Առօրեան կը շարունակուի իր բնական ընթացքով:

Սակայն պատմութիւնը կը շարունակէ իր վկայութիւնը:

Այդ հրապարակի քարերը տակաւին կը պահեն այն քսան հայորդիներու վերջին քայլերուն արձագանգը, որոնք կախաղան բարձրացան` առանց իրենց հաւատամքը ուրանալու:

Պատմութիւնը մոռացութեան չի յանձնուիր, ան կը շարունակէ խօսիլ անոնց փոխարէն, որոնց ձայնը փորձեցին լռեցնել:

Մարդիկ կրնան մոռնալ, սերունդներ կրնան հեռանալ անցեալէն, բայց պատմութիւնը երբեք չի հրաժարիր իր վկայութենէն:

Ուստի այս երկու նկարները միայն անցեալի եւ ներկայի համեմատութիւնը չեն:

Անոնք խղճմտանքի հարցադրում մըն են. «Արդեօք մենք այն սերո՞ւնդն ենք, որուն մեր նահատակները կը վստահէին իրենց սրբազան կտակը»:

Եթէ` այո՛, ապա ազգային յիշողութիւնը պէտք է շարունակէ լուսաւորել մեր ճանապարհը:

Եթէ` այո՛, ապա Արեւմտեան Հայաստանը, Արցախը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու հետեւանքներու յաղթահարումը, պատմական արդարութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը չեն կրնար դառնալ մոռացութեան ենթակայ նիւթեր:

Քանի դեռ հայ ժողովուրդը կը յիշէ, կը սորվի, կը դաստիարակէ իր զաւակները եւ կը պահպանէ իր ազգային իտէալները,  կը  նշանակէ Սուլթան Պայազիտ հրապարակի կախաղանները չյաջողեցան լռեցնել հայու ազատատենչ ոգին: Պարտութիւնը բռնութեանն էր, իսկ յաղթանակը` գաղափարին:

Անոնք նահատակներուն մարմինները կախաղան բարձրացուցին, սակայն  կարողութիւնը  չունեցան սպաննելու անոնց գաղափարը:

Այն գաղափարը, որ ճշմարտութենէն կը ծնի, չի մարիր ժամանակի հոսքին մէջ, այլ կը շարունակէ ապրիլ սերունդէ սերունդ` վերածուելով հաւատքի, պայքարի եւ ազգային աննկուն կամքի: Ան կը դառնայ այն ներքին ուժը, որ կը պահէ ժողովուրդի ինքնութիւնը կենդանի, նոյնիսկ` պատմութեան ամենադաժան փորձութիւններուն դիմաց:

Ժամանակը կրնայ փոխել քաղաքներու դէմքը, բայց երբեք` ժողովուրդներու իրաւունքը: Կախաղանները վաղուց վերացած են Սուլթան Պայազիտ հրապարակէն, սակայն անոնց ստուերը տակաւին կը շրջի այնտեղ` հարց տալով իւրաքանչիւր հայու. «Դուն  կը շարունակե՞ս այն պայքարը, որուն համար անոնք զոհեցին իրենց կեանքը»: Այդ հարցումին պատասխանը ոչ թէ բառերով պիտի գրուի, այլ` մեր ազգային կեցուածքով:

Պատմութիւնը չի մոռնար: Քարերը չեն մոռնար: Նահատակները չեն մոռնար: Հարցը միայն սա է` արդեօ՞ք մենք պիտի յիշենք:

Նահատակներուն մեծագոյն յուշարձանը մարմարէ կոթողը չէ, այլ` այն սերունդը, որ հաւատարիմ կը մնայ անոնց գաղափարներուն եւ կը շարունակէ անոնց կիսատ ձգած առաքելութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «ՀԲԸ Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն» (Հեղինակ` Յովիկ Էօրտէքեան)

Յաջորդը

Հայկազ Մկրտչեանի Եւ Իր Մարտի Ընկերներուն Յիշատակին` «L՛Affiche Rouge»… (Կարմիր Որմազդը)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.