Խոհանոցէն մայր մը բարձրաձայն կը բարկանայ իր զաւակներուն` նեղուած անոնց ուշ տուն վերադառնալէն: Ինչպէս բազմաթիւ մայրեր, ան կը կարծէ, թէ տունէն դուրս մեծ է վտանգը եւ որքան ուշ, այսինքն` գիշերուան ժամերուն մօտ ըլլայ տունդարձի ժամը, այդքան վտանգը կը բազմապատկուի: Այսպէս, շատ մը ծնողներու ձայնը կը լսուի, երբ անոնք յաճախ կը բարկանան` ըսելով. «Հոս տո՞ւն է, թէ՞ օթել», կամ` «Եթէ ուշ վերադառնաս, դուռը պիտի կղպեմ», կայ ուրիշ տարբերակ մըն ալ, որ կ՛ըսէ. «Նորէն ո՞ւր կ՛երթաս, տունը չնստիս հա՜»: Անոնք կը հաւատան, թէ այնքան ատեն որ իրենց զաւակները տունն են` հանգիստ նստած թապլեթին առջեւ կամ հեռատեսիլին դիմաց կամ բջջայինը իրենց ձեռքին, ապահով ու պաշտպանուած են եւ կը գտնուին ծնողքին հսկողութեան տակ: Այս երեւոյթը շատ բնական էր ժամանակին, սակայն ներկայ ժամանակներուն, երբ արհեստագիտութիւնն ու համացանցը արագ յառաջացումի եւ փոփոխութեան մէջ են, վերոյիշեալ իրողութիւնը բոլորովին շրջուած է:
Արդարեւ, մանկական զարգացումի եւ լրատուամիջոցներու ուսումնասիրութեան արդի հետազօտութիւնները այս համոզումը կը վիճարկեն:
Թուային դարաշրջանին մէջ «անվտանգութիւն» հասկացողութիւնը այլեւս չի սահմանափակուիր միայն ֆիզիքական տարածքով: Պատկերասփռումները պաստառները վերածուած են հսկայ հասարակականացման միջոցներու, որոնք շատ կանուխ տարիքէն կրնան ձեւաւորել մանուկներուն մտածողութիւնը, համոզումները եւ ինքնութեան կազմաւորումը:
Այն, ինչ որ այսօր մեր մանուկները կը դիտեն, այլեւս պարզ ժամանց չէ: Անիկա կազմակերպուած պատմութիւններու եւ պատահարներու շարք մըն է, որ անմիջական ազդեցութիւն ունի մանուկին ճանաչողական, զգացական եւ ընկերային զարգացումին վրայ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ հեռատեսիլներէ հաղորդուած մանուկներու յատուկ ծրագիրները ազդեցիկ դեր կը խաղան ինքնութեան ձեւաւորումի գործընթացին մէջ: «Ճըռնըլ Աֆ Սթատի Ռիսըրչ»-ին մէջ հրատարակուած ուսումնասիրութիւն մը կը փաստէ, որ մանկութեան առաջին շրջանին հեռատեսիլէն հրամցուած ու փոխանցուած բովանդակութեան ազդեցութիւնը կրնայ շատ մեծ ազդեցութիւն ունենալ անոնց ինքնութեան վրայ, ներառեալ` սեռային եւ սեռային ինքնութեան ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ` ինքնագիտակցութեան եւ ընկերային զարգացումի տարբեր փուլերուն:
Միաժամանակ, վերջին տարիներու բովանդակային վերլուծումները կը փաստեն, որ մանկական հաղորդումներու բնոյթը զգալի փոփոխութիւններ կրած է: 2025 թուականին Ամերիկայի մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը, որ քննած է «Նեթֆլիքս»-ի 326 մանկական հաղորդումներ եւ եզրակացուցած է, որ փոքր տարիքներու համար նախատեսուած (TV-G, այսինքն` բոլոր տարիքներու յարմար, եւ TV-Y7, այսինքն` եօթը տարեկանէն վեր եղողներու համար) ծրագիրներուն շուրջ 41 տոկոսը կը պարունակէ բնաբաններ, որոնք կը վերաբերին սեռային ինքնութեան, նոյն սեռի անձերու յարաբերութիւններուն կամ ոչ աւանդական ընտանիքներու պատկերացումին:
Այս բնաբանները այլեւս սահմանափակուած չեն պատանիներու համար պատրաստուած բովանդակութեամբ: Անոնք աւելի ու աւելի յաճախ կը ներառուին նաեւ մանուկներու եւ տարրական դպրոցականներու համար ստեղծուած շարժուն գծանկարներուն (cartoons) մէջ:
Այս ուղղութեամբ լայնատարած օրինակներ են`
The Legend of Korra
Steven Universe
The Loud House
The owl House
She-Ra and the Princesses of Power
Berry in the Big City
Power Rangers (վերջին տարբերակները)
Dead End: Paranormal Park
Այս հաղորդումները, որոնք հասանելի են ամբողջ աշխարհին «Նեթֆլիքս»-ի կամ «ԵուԹիուպ»-ի նման հարթակներու միջոցով, յաճախ կը ներկայացնեն պատմութիւններ, ուր տեղ կը գտնեն նոյն սեռի ծնողներ, նոյն սեռի կերպարներու միջեւ սիրային կապեր կամ ինքնութեան վերաբերող գաղափարներ, որոնք ներմուծուած են պատմութեան ընթացքին մէջ:
Կրթական տեսանկիւնէ հիմնական մտահոգութիւնը ոչ միայն այս բնաբաններու առկայութիւնն է, այլ` այն, թէ արդեօք մանուկը զարգացման այնպիսի փուլի՞ մէջ է, որ կարենայ զանոնք ճիշդ հասկնալ եւ մեկնաբանել:
Զարգացումի հոգեբանութիւնը կը փաստէ, որ փոքր տարիքի մանուկները տակաւին չեն հասած այն ճանաչողական հասունութեան, որ կարենան ընկալել անհրաժեշտ վերացական գաղափարները քննադատական մտածողութեամբ: Անոնք ընդհանրապէս տեղեկութիւնը կը ստանան բառացի կերպով եւ ընդօրինակելով: Հետեւաբար, եթէ այսպիսի բովանդակութիւն պարունակող շարժապատկերներ կրկնուին` առանց ծնողական ուղեկցութեան, փոքրիկը կրնայ զայն ներքնացնել` առանց իսկական ըմբռնումի:
Լրատուամիջոցներու ազդեցութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւնները հետեւողականօրէն կը փաստեն, որ պատկերասփիւռը հասարակական ուսուցումի ազդու գործօն մըն է: Ան կը ձեւաւորէ մանուկներուն պատկերացումները, թէ ի՛նչն է բնականը, ընդունելին կամ փափաքելին: Սեռային ներկայացումներու վերաբերեալ հետազօտութիւններն ալ կը հաստատեն, որ որոշ պատմութիւններու շարունակական ազդեցութիւնը կրնայ զգալիօրէն ձեւաւորել մանուկներուն պատկերացումները սեռային դերերու եւ ինքնութեան վերաբերեալ: Հետեւաբար հիմնական վտանգը անմիջական վարքագծային փոփոխութիւնը չէ, այլ` աստիճանաբար մտածողութեան ձեւաւորումը:
Երբ մանուկը առանձին կը փորձէ հասկնալ բարդ ընկերային հարցեր կամ բովանդակութիւններ, կրնան յառաջանալ նմանօրինակ երեւոյթներ`
– Տարիքին ոչ համապատասխան ինքնութեան հարցերու շուրջ շփոթ,
– Ներքին հարցադրումներ` առանց համապատասխան բացատրութեան կամ առաջնորդութեան,
– Միտքերը եւ հարցումները ծնողներուն հետ չկիսելու հակում,
– Յառաջիկայ տարիներուն ծնող-զաւակ յարաբերութեան մէջ զգացական հեռացում կամ գաղտնապահութիւն:
Այս մտահոգութիւնները ենթադրութիւններ չեն: Անոնք համահունչ են մանկական հոգեբանութեան մէջ առկայ այն լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններուն, որոնք կը քննարկեն` առանց վերահսկողութեան լրատուամիջոցներու ենթարկուած երկարաժամկէտ ազդեցութիւնները:
Կարեւոր է նաեւ ընդգծել, որ խնդիրը պարզապէս որոշ բովանդակութիւն արգիլելը կամ մերժելը չէ միայն: Իրական հարցը ծնողներու ներգրաւուածութիւնը եւ կրթական պատասխանատուութիւնն է:
Այսօրուան ծնողները պէտք է սովորական վերահսկողութենէն անցնին գիտակից մասնակցութեան`
– Դիտել հաղորդումները իրենց մանուկներուն հետ,
– Քննարկել դիտուած բնաբանները` մանուկին տարիքին համապատասխան լեզուով,
– Ներկայացնել ընտանիքին բարոյական, մշակութային եւ արժէքներու հիմքերը,
– Խրախուսել ազատ ու վստահելի երկխօսութիւն` առանց վախի կամ դատապարտելու ոճի:
«Մանուկս ապահով է, որովհետեւ տունն է». այս պատկերացումը այսօր կարիքը ունի լուրջ վերարժեւորումի:
Ժամանակակից տունը, իր միացած սարքերով եւ անսահման թուային հասանելիութեամբ, վերածուած է բաց ու լայն դարպասի, ուրկէ երեխան կը կապուի աշխարհի տարբեր գաղափարախօսութիւններու, արժէքներու եւ մշակոյթներու:
Իբրեւ ծնողներ եւ դաստիարակներ` մեր առաքելութիւնը մանուկները աշխարհէն մեկուսացնել չէ, այլ` անոնց օգնել, որ գիտակցաբար հասկնան եւ մեկնաբանեն այն, ինչ որ կը տեսնեն. անշուշտ` իրենց տարիքը միշտ նկատի ունենալով: Նկատի առնելով, որ մանուկին զարգացումին վրայ ամէնէն խոր ազդեցութիւնը ոչ միայն այն է, թէ ի՛նչ կը դիտէ, այլ` այն, որ զինք առաջնորդող ու հետեւող կայ դիտելու ընթացքին:



