Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ` ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Կազմակերպութեամբ

June 8, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան,  22 մայիսին «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհաւորեց Մայրերու տօնը` մաղթելով բոլորին երջանիկ եւ բարեբեր տարի մը, որմէ ետք հրաւիրեց օրուան բանախօս Աբգարեան վարժարանի տնօրէնուհի Գեղանի Էթիեմեզեանը` փոխանցելու իր խօսքը:

Գ. Էթիեմեզեան նկատել տուաւ, որ 21-րդ  դարու հայ մայրը կը տարբերի զինք կանխողներէն` իր կենցաղով եւ աշխարհահայեացքով, աւելցնելով, որ այն բանաստեղծութիւնները, որոնք նուիրուած են անցեալ դարու հայ մայրերուն, կը պահեն իրենց յուզականութիւնը, սակայն հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց հարազատութիւնը, որովհետեւ արդի հայ կնոջ էական համարուող հրամայականները մեծապէս կ՛առնչուին նիւթական աշխարհին: Ան ցաւով յայտնեց, թէ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը իբրեւ ժառանգորդներ` կարելի չէ հաշտուիլ համալսարանաւարտներու թիւի նուազումին եւ հայկական դպրոց չյաճախելու երեւոյթին հետ:

«Մեր յոյսն է մայրը, մեր լոյսն է ան: Հետեւաբար Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը անպայման պիտի նպաստէ զիրենք մեծարելու, ինչպէս նաեւ` յիշեցնելու, որ ազգային երազները կ՛իրագործուին մայրերու ներշնչումով», եզրափակեց Գ. Էթիեմեզեան:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նախորդը

Պատմական Անմոռանալի Օր` «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75-Ամեակ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.