Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

July 9, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հայ Ծերանոցի Ապաստանեալները Ստիպուեցան Հեռանալ Իրենց Կեցութեան Վայրէն` «Վ. Կիւլպէնկեան» Մայրանոցէն

Հալէպի «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցը սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան համար բարերար դերակատարութիւն ունեցած է` ծառայելով յետցեղասպանութեան գաղթական հայութեան, ապա նաեւ որպէս ծննդեան տուն` բոլոր յարանուանութիւններու հայ մայրերուն:

Սուրիական տագնապի տարիներուն, մայրանոցը այլ կառոյցներու նման, փակած էր իր դռները:

Երբ Հալէպի Պոսթան Փաշա շրջանի հալէպահայ երեք համայնքներուն հովանաւորութիւնը վայելող Հայ ծերանոցի կառոյցը բախումնային գօտիի մէջ յայտնուեցաւ, համայնքապետները որոշեցին անմիջապէս տեղափոխել մամիկներն ու պապիկները եւ փրկել անոնց կեանքը:

Օրին հայ երիտասարդները, վտանգելով իրենց կեանքը, փութացին ապաստանեալներու օգնութեան եւ կրակոցներու տակ տեղափոխեցին զանոնք նախ «Աստուրեան» հիւանդանոց, ապա` «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց:

«Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոցը, իր աշխարհագրական դիրքով աւելի հանդարտ ու հայաշատ թաղամասի մէջ ըլլալով, ժամանակաւորապէս դարձաւ ապահով երդիք մը Հայ ծերանոցի տարեցներուն: Պատերազմի շարունակուող աղէտին զուգահեռ, Հայ ծերանոցի Պոսթան Փաշայի բուն կեդրոնը քարուքանդ դարձաւ ու թալանուեցաւ:

Հալէպահայ համայնքապետները «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» հաստատութեան տնօրէն-խորհուրդին հետ խորհրդակցաբար, յարմար նկատեցին մինչեւ Պոսթան Փաշա շրջանին մէջ գտնուող Հայ ծերանոցի վերանորոգումը, «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոցը պահել մեր մամիկներն ու պապիկները եւ համապատասխան յարմարութիւններ ստեղծել այնտեղ:

Հայ ծերանոցի քանդուած կառոյցը նորոգելը կը կարօտէր հսկայական գումարներու եւ ժամանակի, իսկ համայնքապետները կը ջանային ապահովել անհրաժեշտ նիւթականը եւ յարմար պահուն սկսիլ վերանորոգումը, որ սակայն ժամանակ կը պահանջէր: Կը մտածուէր նոյնիսկ ազգային կառոյցներէն մէկը վերադասաւորել, յարմարութիւններով օժտել եւ յատկացնել ապաստանեալներուն, մինչեւ Հայ ծերանոցի վերջնական վերանորոգումն ու կահաւորումը:

Ցաւօք, սակայն, օրերս «Վ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան սեփականատէրը, չսպասելով Հայ ծերանոցի կեդրոնի վերանորոգման ու ապա տարեցներու տեղափոխման, դատական միջոցներով «Վ.  Կիւլպէնկեան» մայրանոցը պարպելու քայլին դիմեց: Համայնքը, դատարանի որոշումին լոյսին տակ, մամիկներն ու պապիկները հապճեպով դուրս հանելու ստիպողութեան տակ գտնուեցաւ:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը, Ազգ. վարչութեան ատենապետը եւ գաղութի պատասխանատուները, ծանր բանակցութիւններ վարելով հիւանդանոցի պարպումը պահանջող կողմէն, խնդրեցին գէթ կարճ շրջան մը առիթ տալ վատառողջ, տարեց մամիկներն ու պապիկները հանգիստ պայմաններով փոխադրելու: Սակայն երկրորդ կողմը գործակցութիւն չցուցաբերեց եւ բանակցութիւններու արդիւնքով միայն երեք օրուան առիթ ընծայուեցաւ պարպումի աշխատանքին համար:

Հայ ծերանոցի խնամակալութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, ծերանոցի ամբողջ անձնակազմը, հսկողութեամբ տնօրէն Թամար Բարսեղեան-Սարգիսեանի, աշխատանքի լծուեցան ու ձեռք-ձեռքի օրն ի բուն, երբեմն մինչեւ կէս գիշեր ծառայելով` ծերանոցի տարեցները եւ կահոյքը փոխադրեցին: Տիկնանց յանձնախումբը խոհանոցի իրերու դասաւորումը եւ երէցներու հոգատարութիւնը ստանձնեց փոխադրութեան ընթացքին: Պարպումի աշխատանքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Բերիոյ թեմի Ազգ. վարչութիւնը:

Սուրիոյ երիտասարդական միութեան (ՍԵՄ-ի), ապա նաեւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ-ի) երիտասարդ-երիտասարդուհիները կամաւոր ծառայութեամբ փութացին հայ մամիկներու եւ պապիկներու օգնութեան` փոխադրութեան աշխատանքներուն նպաստելով: Ապաստանեալները, որոնց մէջ` նաեւ վատառողջ պարագաներ, առանձին չէին այս դժուարութեան մէջ: Թէեւ յարմարաւէտ վայր չունէին, իսկ Պոսթան Փաշայի իրենց երբեմնի հանգստաւէտ կեդրոնը տակաւին քարուքանդ վիճակի մէջ էր, սակայն անոնք առժամաբար փոխադրուեցան ազգային կառոյցներ` Ազգ. պատսպարան եւ հայ առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահ, ուր իրենց ապաստան յատկացուեցաւ եւ երիտասարդուհիներուն կողմէ յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերուեցաւ` ապաստանեալներու հոգեկան վիճակը բարելաւելու համար:

Փոխադրութիւնը երեք օրերու ընթացքին, երեք փուլերով ընթացաւ` շէնքի բոլոր իրերու ցանկագրումը, շէնքի ամբողջական պարպում ու իրերու փոխադրութիւն, բոլոր տարեցներու փոխադրութիւն:

Փոխադրութեան վերջին օրը մամիկներուն եւ պապիկներուն այցելեցին նաեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Արմէն վրդ.  Գալայճեան (սրբազան հօր ճամբորդութեան պատճառով), Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդն ու Հայ աւետարանական համայնքի պետը:

Այժմ ապաստանեալները ազգային կառոյցներու մէջ ժամանակաւոր ապաստան գտած են, մինչեւ որ կարելիութիւն ստեղծուի ժամանակաւոր այլ կառոյց մը յարմարաւէտ առողջապահական պայմաններով օժտելու եւ երկրի տնտեսական ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ անոնց առողջապահական եւ կեցութեան հարցերը լուծելու:

Հայ Երեք Համայնքապետներու Հերթական Հանդիպում

2 յուլիսին, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հիւրընկալութեամբ, տեղի ունեցաւ հայ երեք համայնքապետներու հերթական հանդիպումը, որուն  ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ ծերանոցի նախկին շէնքի նորոգութեան ծրագիրին եւ անոր շուրջ տարուող աշխատանքներուն` գնահատելով մինչեւ այսօր արձանագրուած ընթացքն ու քննարկելով յառաջիկայ քայլերը:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպումին ընթացքին արծարծեցին  ժողովուրդը յուզող ներկայ ընկերային, տնտեսական եւ համայնքային մարտահրաւէրները: Համայնքապետները փոխանակեցին տեսակէտներ եւ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` շարունակելու սերտ համագործակցութիւնն ու միասնական ծառայութիւնը` ի նպաստ մեր ժողովուրդին:

Միացեալ Նահանգներ

Տենվըրի Նորակառոյց Սրբոց Հռիփսիմեանց Եւ Ամենայն Սրբոց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Նաւակատիքի Ու Օծման Արարողութիւնները

Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, 27 եւ 28 յունիսին Տենվըրի եւ Քոլորատոյի մէջ կատարուեցան համայնքի նոր եկեղեցւոյ նաւակատիքի եւ օծման սրբազան արարողութիւնները:

27 յունիսին տեղի ունեցաւ նորակառոյց եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը: Իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը ընդգծեց, որ այս եկեղեցին երկար տարիներու հաւաքական ճիգի արդիւնքն է, երբ համայնքի զաւակները կը փափաքէին ունենալ իրենց սեփական եկեղեցին, ուր հայ աղօթքը պիտի հնչէր, ժողովուրդը պիտի համախմբուէր, իսկ յառաջիկայ սերունդները պիտի հաղորդուէին իրենց հաւատքին եւ ազգային ժառանգութեան:

28 յունիսին սրբազան հայրը նոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց ս. պատարագ, որմէ ետք կատարեց նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը: Իր պատգամին մէջ սրբազանը ընդգծեց, որ քարաշէն այս եկեղեցին իր ամբողջ նշանակութիւնը պիտի ստանայ այն ժամանակ, երբ լեցուի` հաւատացեալներով, աղօթքով, մկրտութիւններով, պսակներով, մանուկներու ձայնով եւ երիտասարդներու ծառայութեամբ:

Աւարտին շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին` Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Աննա Աւետիսեանը, Ֆրեզնոյի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս  Պերճ Աբգարեանը, Քոլորատոյի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Տիգրան Մուրատեանը եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ  Տէրիք Ղուկասեանը:

Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն:

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած 112-Ամեայ Մարի Ուզղուշեան-Վարդանեանի Մահը

Հայոց ցեղասպանութեան վերջին վերապրողներէն` Մարի Ուզղուշեան-Վարդանեան, մահացաւ 28 յունիս 2026-ին:

Մարին ծնած էր 17 օգոստոս  1914-ին, պատմական Կիլիկիոյ հայաշատ քաղաքներէն Այնթապի մէջ: Ան անդրանիկ զաւակն էր Յակոբ եւ Մարիցա Ուզղուշեաններու, ունէր երկու քոյր` Ալիս եւ Անի, եւ մէկ եղբայր` Գէորգ:

Հազիւ ութ գարուններ բոլորած էր, երբ ընտանիքը հարկադրուեցաւ գիշերով փախուստ տալ իր հայրենիքէն` Այնթապի մնացեալ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան օրերուն, ապաստան գտնելով Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: Ան նախնական կրթութիւնը ստացած էր Այնթապի Կրթասիրաց հայկական վարժարանին մէջ` մինչեւ վեցերորդ դասարան: Փոքր տարիքէն իսկ ան կը զբաղէր հիւսուածեղէնով եւ ասեղնագործութեամբ: Յատկապէս գորգագործութեան մէջ առանձնայատուկ մասնագիտութիւն ունէր` պահպանելով Այնթապի աւանդական հայկական նախշերը: Թէեւ կորսնցուց իր ծննդավայրը, սակայն ան երբեք չկորսնցուց իր հայկական ինքնութիւնը: Հայրենիքը իր սրտին մէջ մնաց մինչեւ կեանքին վերջին օրը:

Հալէպի մէջ ան հանդիպեցաւ իր կեանքի ընկերոջ` յայտնի ջութակահար եւ երաժիշտ Յովհաննէս Վարդանեանին, որ իր հօր նման, տաղանդաւոր ջութակահար եւ յօրինող էր: Ան ելոյթներ կ’ունենար Հալէպի մէջ եւ իր երաժշտական վաստակին համար արժանացած էր Սուրիոյ ազգային շքանշանի: Իր արուեստագէտի գործունէութիւնը զինք առաջնորդեց Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներ, ուր յաճախ համերգներ կու տար: Մարին մեծ հպարտութեամբ կը հետեւէր ամուսնոյն յաջողութիւններուն: Անոնք միասին կազմեցին ընտանիք մը եւ ունեցան վեց զաւակներ` Սարգիս, Զաւէն, Կարպիս, Ֆլորա, Լիզա եւ Աւետիս:

1960-ականներու աւարտին ընտանիքը հաստատուեցաւ Պէյրութ: Այդ շրջանին իրականութիւն դարձաւ Մարի Վարդանեանի կեանքին մեծ երազը` այցելել Հայաստան եւ Երեւան: Սակայն շուտով կորսնցուց իր սիրելի կողակիցը եւ մնաց այրի, սակայն երբեք չընկճուեցաւ: Հաւատքով, արժանապատուութեամբ եւ բացառիկ տոկունութեամբ շարունակեց իր կեանքը` ամբողջովին նուիրուելով իր ընտանիքին:

Երբ իր երկու որդիները գաղթեցին Միացեալ Նահանգներ, Մարի Վարդանեան 1972-ին հետեւեցաւ անոնց եւ հաստատուեցաւ Ուոթըրթաուն (Մասաչուսեց), ուր իր կեանքը նուիրեց եկեղեցւոյ, ընտանիքին եւ համայնքի ծառայութեան: Տասնամեակներ շարունակ ինքնուրոյն ապրեցաւ` սէր եւ հոգատարութիւն ցուցաբերելով իր դստեր, թոռներուն, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Յակոբ հայոց եկեղեցւոյ, տիկնանց միութեան եւ ՀԲԸՄ-ի տիկնանց յանձնախումբին:

Մարի Վարդանեան իր 100-րդ տարեդարձին դստեր Լիզայի եւ փեսային` Յակոբ Տարեանին հետ մեկնեցաւ Լիբանան, Սուրբ Ծնունդը անցընելու իրենց դստեր Ժանինի եւ անոր ամուսին Րաֆֆի Շեմեմեանի ընտանիքին հետ:

Մարին 45 տարի բնակութիւն հաստատեց Ուոթըրթաունի մէջ: Մինչեւ 101 տարեկան առանձին կ’ապրէր, սակայն անկէ ետք տեղափոխուեցաւ Ճամայքա Փլէյնի (Մասաչուսեց) հայկական խնամքի եւ վերականգնման կեդրոն, ուր կարճ ժամանակի մէջ արժանացաւ բնակիչներուն եւ անձնակազմին սիրոյն ու յարգանքին:

Ապրիլ 2024-ին, 109 տարեկան հասակին, Մասաչուսեցի նահանգային օրէնսդիր տան մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով, Մեծն Պոսթընի Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբը զինք յատուկ կերպով պատուեց: Մասաչուսեցի Ներկայացուցիչներու տունն ու ծերակոյտը միասնաբար գնահատեցին անոր երկարամեայ ներդրումը ամերիկահայ համայնքի ծառայութեան մէջ:

Իր կեանքի 112 տարիներուն Մարի Վարդանեան ականատես եղաւ` Ցեղասպանութեան, տեղահանութեան, այրութեան, նոր գաղթերու եւ ամբողջ սերունդներու աճին ու ծաղկման: Իր ետին ձգեց 15 թոռ, 21 ծոռ եւ երկու ծոռնորդի: Բայց բոլոր դժուարութիւններուն մէջ մնաց անսասան` իր քրիստոնէական հաւատքին, ընտանիքին եւ հայկական ինքնութեան մէջ:

Ան կը հաւատար, որ ինք միայն իր անձին համար չէր ապրեր, այլ իր ուսերուն կը կրէր ամբողջ ժողովուրդի մը յիշողութիւնը: Կը նկատուի Հայոց ցեղասպանութեան վերջին յայտնի վերապրողներէն մէկը: Իր ամբողջ կեանքի պատգամը մէկ էր.

«Հայե՛ր, չմոռնաք 24 ապրիլ 1915-ը»:

Այս պատգամը մարմնաւորեց իր կեանքի ամէնէն յատկանշական ձեռագործին մէջ` մեծածաւալ ասեղնագործութիւններ, որոնց վրայ ոսկեթելով կը կարդացուէին. «Հայե՛ր, թող չմոռնաք ապրիլ 24-ը»:

Խաչի պատկերով եւ իր անուան սկզբնատառերով զարդարուած այս գործերը նուիրեց իր ընտանիքին, թոռներուն, հարազատներուն, Պոսթընի շրջանի հայկական եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ` Ամենայն Հայոց Սուրբ Էջմիածնին:

Հոկտեմբեր 2024-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Արեւելեան առաջնորդարան իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, այցելեց իրեն` հայկական խնամքի տունը: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Մարի Վարդանեանին տոկունութիւնը, հաւատքն ու ազգային նուիրուածութիւնը եւ յատուկ օրհնութիւն տուաւ անոր: Մարին, իր սովորական խոնարհութեամբ, կաթողիկոսին նուիրեց իր վերջին մնացած «Ապրիլ 24» ասեղնագործութիւնը:

Մարի Վարդանեան կը ցանկար, որ ամէն սերունդ յիշէ ոչ միայն մեր նախնիներու տառապանքը, այլ նաեւ` անոնց տոկունութիւնը, կամքն ու յաղթանակը դժուարութիւններուն դէմ: Իր կեանքի մեծագոյն սէրը Հայաստանն ու հայ ժողովուրդն էին: Ան խոր հպարտութեամբ կը կրէր` իր հայկական ժառանգութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւ քրիստոնէական հաւատքը:

Մարի Վարդանեան միայն վերապրող մը չէր, այլ ընտանիքի սիւնն էր, մայր ու մեծ մայր էր, պատմագիր էր, ուսուցիչն էր, կապն էր մեր նախնիներուն եւ այն հայրենիքին, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին ապրեցաւ իր սրտին մէջ:

Ան վերապրեցաւ, որպէսզի սերունդներ գոյութիւն ունենան: Ան յիշեց, որպէսզի բոլորս ալ յիշենք:

 

Կազմուեցաւ Քալիֆորնիա–Հայաստան Յարաբերութեանց Սերտացման Նահանգային Յանձնախումբը

Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումի հիմնարկը կը տեղեկացնէ, որ  նահանգային խորհրդարանին մէջ կազմուած է Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբ, որուն նպատակն է սերտացնել նահանգին եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային յարաբերութիւնները:

Յանձնախումբը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ 5 օգոստոսին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ առեւտրական կապերու ներկայ վիճակը:

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճան Հայրապետեանի գլխաւորած յանձնախումբին մաս կը կազմեն` Խուան Ալանիս, Այզիք Պրայըն, Ճեսիքա Քալոզա, Մարք Կոնզալեզ, Տայեն Փափան, Փիլար Շիավօ, Նիք Շուլց, Հոզէ Լուիս Սոլաչէ եւ Ռիք Չաւեզ Զպուր:

Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումի հիմնարկը ի մի կը բերէ հայութիւնը յուզող հարցերու ջատագով նահանգային ծերակոյտի եւ խորհրդարանի անդամները` պաշտպանելու համար նահանգին հայութեան իրաւունքները:

Յունաստան

Համազգայինի Հայկական Պարերու Փառատօն

27 յունիսին, Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ միութեան պարի միաւորի վարչութեան անդուլ ջանքերով, առաջին անգամ ըլլալով ժողովուրդին հրամցուեցաւ աննախընթաց փառատօն մը, որուն դերակատարները ժամանած էին`  Հայաստանէն, Պելճիքայէն, Հիւսիսային Յունաստանի հայահոծ Քոմոթինիէն եւ Աթէնքէն:

Հայաստանի «Փրոֆ Արթ» պարային խումբը` ղեկավարութեամբ Տիգրան Մնոյեանի, Պելճիքայէն «Ենոք» պարախումբը, պարուսոյց` Մերի Կարապետեան, Քոմոթինիի Մշակութային միութեան «Ուրարտու» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Ռուզաննա Զոհրապեանի եւ Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերը` ղեկավարութեամբ Էտկար Էկեանի ու Աննա Պօղոսեանի, փառաւորեցին հայկական աւանդական պարարուեստը: Անոնց կողքին, հայկական նուագարաններու խումբը` Թաթուլ Համբարձումեան` տուտուկով, Գէորգ Մելիքեան` քամանչայով, Արամ Պետրոսեան` տհոլով եւ Մարգարիտա Գասպարեան` քանոնով, մեկնաբանեցին եղանակներու փունջ մը:

Մարի Տանկուրեան եւ Սուլա Պարտաքճեան հայերէն եւ յունարէն խօսքով բարի գալուստի արտայայտութիւններ ունեցան, միաժամանակ ներկայացուցին խումբերն ու անոնց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ: Յաջորդաբար, պարի միաւորի անունով Անդօ Շահպազեան կատարեց պաշտօնական բացումը օրուան յայտագիրին: Սրտի եւ երախտագիտական խօսքով հանդէս եկաւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, որ դրուատեց ելոյթի նպատակն ու անդրադարձաւ հայու ինքնութիւնը վառ պահելու ջանքերուն:

Այնուհետեւ վեց տարբեր պարախումբեր` 200 պարողներով, մատղաշ տարիքէն մինչեւ հասուն երիտասարդական սերունդը, անդադար պարեցին` ստեղծելով հայ երաժշտութեան հեղեղ մը, որ անվերջ հոսեցաւ բոլոր ներկաներու հոգիին մէջ:

Թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան Համազգայինի անունով պարգեւատրեց հիւրաբար ժամանած պարախումբերու ղեկավարները, ապա իր խօսքին մէջ վեր առաւ երիտասարդութեան աներեր ոգին, որ այդ գիշեր դարձաւ հայու ինքնութեան ու հայ մշակոյթի պանծացման հրաբխային ժայթքում մը:

Իրաք

Մար Փոլիս Գ. Նունայի Այցելութիւնը Առաջնորդարան

2 յուլիսին թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան հիւրընկալեց Իրաքի եւ համայն աշխարհի Քաղդէացւոց եկեղեցւոյ պատրիարք Մար Փոլիս Գ. Նունան եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ էին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամներէն ոմանք, նաեւ` քահանայ հայրեր:

Ողջոյնի խօսքեր եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք, հիւրերը առաջնորդուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի, ուր Մար Փոլիս Գ. Նունա ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմութեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Իրաքի քրիստոնեաներուն հետ առնչուող զանազան հարցեր:

Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

 

 

 

Նախորդը

Առողջապահական. Մեզ Շրջապատող 7 Ամենաաղտոտ Իրերը

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.