. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւրներ «Արապիա»-ին. «Իսրայէլի փորձառական շրջաններէն հեռանալու թուական գոյութիւն չունի»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ Լիբանանը ստորագրեց, խաղաղութեան վերջնական համաձայնութիւն չէ, այլ շրջագծային բանաձեւ, որ հիմը կը դնէ քաղաքական ու ապահովական նոր հոլովոյթի մը, եւ այս բանաձեւին կարեւորութիւնը ոչ թէ բոլոր թղթածրարները մէկ անգամէն լուծելու, այլ աստիճանական մեքանիզմի հաստատման մէջ է»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Բնորդային» շրջաններու կիրարկման մէջ դանդաղութիւն գոյութիւն ունի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ հարցերը սառած են»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին` անդրադառնալով շրջագծային համաձայնութեան վիճայարոյց 13-րդ յօդուածին, եւ Լիբանանի` Իսրայէլի դէմ դատական հայց ներկայացնելու իր իրաւունքէն հրաժարելու մասին խօսքերուն. «Հարցը կը վերաբերի քայլերու առկախման եւ ոչ թէ դատական հաշուետուութեան արգիլման, եւ ատիկա բանակցութիւններու սեղան նստած երկու երկիրներու համար բնական է: 13-րդ յօդուածը բարի կամեցողութեան քայլ է»:
. ՄԱՐՈՒԱՆ Համատէ «Սաութ Քուլ Լուպնան»-ին. «Լիբանանի` Հարաւի մէջ իր պատասխանատուութիւններուն ստանձնման յաջողութիւնը պիտի բարձրացնէ իսրայէլեան հեռացումը արագացնելու ամերիկեան ճնշումները, սակայն խորհրդարանի նախագահ Պըրրին տակաւին հիմնական դեր կը կատարէ այս հոլովոյթին աջակցելու գործին մէջ»:


