Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 1, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ի յայտ եկաւ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին չ՛ուզեր կառավարութեան տապալումը նպատակադրող որեւէ բախումի մէջ ներքաշուիլ:

«Ըստ տեղեկութիւններու, Պըրրի սէուտական կողմին հետ չյայտարարուած հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտած է, որ կառավարութիւնը փողոցի ճամբով տապալելու որեւէ ծրագիրի նկատմամբ յանձնառու չէ:

«Սակայն, միւս կողմէ, նշած է, որ Լիբանան-Իսրայէլ շրջագծային համաձայնութեան շուրջ առաջարկուած տարազը կը խաթարէ ազգային հաւասարակշռութեան խորքը` զգուշացնելով ներքին կայունութեան վրայ անոր ազդեցութենէն, եւ զայն որակած է նախկին փոխըմբռնումներու ընթացքի վտանգաւոր շրջադարձ մը` շեշտելով դէպի քաոս կամ ներքին բախում որեւէ շտապողականութեան մերժումը»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն գործօն եւ վերահսկողական դեր կը խաղայ նոր շրջագծային համաձայնագիրը յառաջ մղելու գործին մէջ` զայն ներկայացնելով իբրեւ նախագահ Թրամփի աւելի լայն շրջանային խաղաղութեան ռազմավարութեան կարեւորագոյն փուլ»:

. ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներ աշխատանք կը տանին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները հասցնելու ամբողջական բնականոնացման փուլին, ինչ որ ներլիբանանեան միաձայնութիւն չի վայելեր: Միւս կողմէ, արաբական շահագրգիռ պետութիւնները կը կեդրոնանան Լիբանանի մէջ հանդարտութեան ամրապնդման, պետութեան հաստատութիւններու, նախ եւ առաջ լիբանանեան բանակի վերակառուցման աջակցութեան վրայ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Եգիպտոս զգուշաւորութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութեան նկատմամբ, եւ անոր գնահատումով լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման իրագործումը ներկայ փուլին դժուար է: Եգիպտացի պաշտօնատարները յատկանշականօրէն կը նշեն, որ պէտք չէ Դիմադրութեան բռնագրաւումի ուժերուն վրայ ճնշումի շարունակումը արգիլել»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Համաձայնութեան ստորագրութենէն մէկ պահ առաջ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու ամերիկեան ուժերու Լիբանան մուտք գործելուն մասին լուրը սպրդեցնելը անհեթեթ չէր, որովհետեւ դիւանագիտական քուլիսներու մէջ միշտ ալ խօսուած է Լիբանանի մէջ ամերիկեան ուղղակի միջամտութեան մասին»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Թշնամին ապահովական յաւելուածի իւրաքանչիւր յօդուածի վերաբերեալ մանրամասն առաջարկներ ունի, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի լիբանանեան բանակի դերակատարութեան եւ անոր գործունէութեան մեքանիզմներուն»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Բանակի մօտեցումը ոչ հատուածական ազգային մօտեցում է: Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի մէջ կարգ մը պաշտօնատարներու կարծիքով` բանակը իր առաքելութիւնը կատարած է Հըզպալլայի գաղափարաբանութեան նշաձողին տակ, եւ ոչ թէ կառավարութեան որդեգրած որոշումներուն հիմամբ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթ. «Ֆրանսան եւ Իտալիան Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ կապ հաստատեցին` Լիբանանի մէջ նոր փոխըմբռնումներու գործադրութեան մաս կազմելու դիմումով»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը կը հաղորդէ. «ՄԱԿ-ի մէջ փորձեր կը կատարուին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը այլ անուան տակ, սակայն նոյն յայտարարուած նպատակով վերականգնելու համար»` աւելցնելով. «Իսրայէլացի պաշտօնատարները այս առաջարկներուն, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ին ու Ֆրանսային վերաբերող առաջարկներուն նկատմամբ մեծ խանդավառութիւն չեն ցուցաբերեր»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Մաժտալզունի փապուղիին մէջ յայտնաբերուած անօդաչու թռչող սարքերը հին տիպի իրանեան արտադրութեամբ անօդաչու թռչող սարքեր են, որոնք իրողական գետնի վրայ գրեթէ դադրած են օգտագործուելէ: Այդ անօդաչու թռչող սարքերը Հըզպալլայի ներկայիս օգտագործած սպառազինութեան հետ որեւէ կապ չունին»:

. ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութենէն շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Փոխըմբռնման յուշագիրի համաձայնութեան բացարձակ զօրակցութիւն չյայտնելուն դրդապատճառը գոյութիւնն է կէտերու, որոնք սրբագրումի եւ նշանակալից երաշխիքներու կը կարօտին: Ազգային իրաւունքները մտադրութիւններով չեն պաշտպանուիր, այլ` յստակ բնագիրներով փաստաթուղթերով»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Հարաւային արուարձաններուն մէջ գողութեան համեմատութեան բարձրացումը իսրայէլեան յարձակումով չսկսաւ, այլ աստիճանաբար բարձրացաւ անցնող վերջին վեց տարիներուն ընթացքին եւ համընկնեցաւ ապահովական մարմիններու քրէական բազմաթիւ թղթածրարներու մէջ կալանաւորուածներու մեծ թիւի ստանձնման մէջ արձանագրած նահանջին»:

Նախորդը

«Ուժեղ Հայաստան»-ը Կը Սպասէ Սահմանադրական Դատարանի Որոշումին

Յաջորդը

Տանոն Ապահովութեան Խորհուրդին Կը Յայտնէ, Որ Հըզպալլան Եւ Իրանը Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Կը Սպառնան

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.