Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Թովմաս Այնթապեանին Շնորհուեցաւ Ֆրանսայի «Ծովային Արժանեաց Կարգի Ասպետ» Շքանշանը
24 յունիս 2026-ին Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին Թովմաս Այնթապեանին շնորհուեցաւ Ֆրանսայի «Ծովային արժանեաց կարգի ասպետ» (Chevalier de l’Ordre du Mérite Maritime) պատուաւոր շքանշանը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ հայկական ծագումով անձ մը կ՛արժանանայ նման մեծարանքի, որ իսկապէս հպարտալի է:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիի կողմէ յանձնուած այս շքանշանը կը գնահատէ Այնթապեանի տասնամեակներու պատմական հետազօտութիւնը` նուիրուած փոխծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի յիշատակի անմահացման: 1915-ին, ծովակալի անձնական որոշումով ու հրամանատարութեամբ, ֆրանսական նաւատորմը Մուսա Լեռէն հերոսականօրէն փրկեց հազարաւոր հայեր:
Ֆրանսերէնով եւ հայերէնով արտասանուած խօսքերը ընդգծեցին Ֆրանսայի եւ մուսալեռցիներու միջեւ սերունդներէ սերունդ փոխանցուած անխախտ ուխտն ու համատեղ զինուորական պատմութիւնը` Մուսա Լերան հերոսամարտէն մինչեւ Արարայի ճակատամարտն ու Համաշխարհային Բ. պատերազմին դաշնակիցներու կողքին մուսալեռցի կամաւորներու սխրանքները:
«Եղիշէ Չարենցի Գրական-Քաղաքական Աղերսները» Գիրքի Շնորհահանդէս
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի միացեալ նախաձեռնութեամբ կայացաւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեանի «Եղիշէ Չարենցի գրական-քաղաքական աղերսները» գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը կը ներկայացնէ մեծ գրողին գրական-մշակութային, մարդկային, գաղափարական ու կուսակցական յարաբերութիւնները ժամանակի հեղինակութիւններուն հետ:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Դաւիթ Գասպարեանի այս նոր աշխատութիւնը մեծարժէք ներդրում է չարենցագիտութեան մէջ, որովհետեւ ան նորովի եւ անկողմնակալ հայեացքով կը լուսաբանէ հանճարեղ բանաստեղծին կեանքի ու գործունէութեան ամէնէն խրթին ու երբեմն քողարկուած էջերը: Ռ. Առաքելեան նշեց, որ գիրքին մէջ ընթերցողին առջեւ կը բացուին Չարենցի մարդկային յարաբերութիւնները` նոյնքան ազնիւ, որքան անոր գրականութիւնը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` գիրքին տպագրութեան աջակցելուն համար, եւ աւելցուց, որ միութեան առաքելութիւններէն կարեւորագոյնը ինքնին նման հիմնարար եւ ազգային արժէք ներկայացնող գործերուն կողքին կանգնիլն է:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Համօ Սուքիասեանը: Ան նշեց, որ ասիկա առաջին համագործակցութիւնը չէ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան հետ, եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա կ՛ըլլայ շարունակական: Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ կրնան ըլլալ տարբեր, երբեմն հակադիր կարծիքներ ու մօտեցումներ Չարենցի եւ անոր ժամանակաշրջանի բարդ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, այդուհանդերձ, այս գիրքը անկիւնադարձային է, քանի որ կ՛արծարծէ ու լուսարձակի տակ կը դնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն բեկումնային ու տրամաթիք ժամանակները:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան իր հերթին արժեւորեց հրատարակութիւնը` նշելով, որ Չարենց անհատի ու բանաստեղծի գաղափարական համոզումներուն, դեգերումներուն բարդ ուղին, անոր ներքին յափշտակութիւններն ու հիասթափութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան անբեկանելի հիմնասիւները լաւագոյնս ու խորութեամբ բացայայտուած են տուեալ գիրքին մէջ:
Իրենց մասնագիտական վերլուծութիւններով հանդէս եկան պատմական գիտութիւններու դոկտոր Կարէն Խաչատրեանը եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Կարապետեանը: Անոնք անդրադարձան գիրքի պատմավաւերագրական բացառիկ նշանակութեան` շեշտելով, որ Դաւիթ Գասպարեան յաջողած է արխիւային հարուստ նիւթերու հիման վրայ վերականգնել դարաշրջանի իրական պատկերը, ինչ որ թոյլ կու տայ Չարենց քաղաքացին, քաղաքական ու գրական գործիչը տեսնել իր ժամանակի իրադարձութիւններուն կիզակէտին մէջ:
Շնորհահանդէսին առանցքային ու յուզիչ պահերէն էր խօսքը մեծանուն յօրինող, մայեսթրօ Տիգրան Մանսուրեանին, որ բազմաթիւ անզուգական երաժշտական գործեր արարած է` ներշնչուած չարենցեան բանաստեղծութենէն: Վերջինս ըսաւ, որ Չարենցի բանաստեղծութիւնը իր մէջ կը կրէ ներքին հզօր մեղեդայնութիւն եւ տիեզերական խորութիւն, որ անդադար ոգեշնչման աղբիւր է արուեստագէտին համար: Մանսուրեան ընդգծեց, որ Դաւիթ Գասպարեանի այս աշխատութիւնը կ՛օգնէ աւելի խորութեամբ զգալ ու հասկնալ այն թաքնուած ապրումներն ու ցաւը, որոնցմէ ծնած է չարենցեան հանճարեղ խօսքը: Ան աւելցուց, որ գիրքը նաեւ լոյս կը սփռէ բանաստեղծին ներաշխարհին ու անոր կրած բարոյական տառապանքներուն վրայ:
Շնորհահանդէսի աւարտին ներկաներուն իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց հեղինակը` Դաւիթ Գասպարեանը: Ան պատմեց գիրքին ստեղծման ընթացքին, արխիւային նիւթերու բացայայտման եւ այն բացառիկ փաստերուն մասին, որոնք տեղ գտած են հրատարակութեան մէջ` յոյս յայտնելով, որ գիրքը իր արժանի տեղը կը գտնէ ինչպէս մասնագէտներուն, այնպէս ալ Չարենցի արուեստի երկրպագուներուն մօտ:
Մահացաւ Հայաստանի Ժողովրդական Արուեստագէտ Ռաիսա Մկրտչեանը
84 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ հայկական էսդրատային արուեստի երախտաւոր, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, «Մովսէս Խորենացի» մետալակիր եւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Ա. աստիճանի շքանշանակիր Ռաիսա Մկրտչեան:
Ծնած է 25 փետրուար 1942-ին, Սեւան քաղաքին մէջ: Ան աւարտած էր Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանի, ապա` Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դաշնամուրային բաժինը: 1968 թուականէն սկսեալ ան հանդիսացած է Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի էսդրատային-սիմֆոնիք նուագախումբի մեներգչուհի:
Իր երկարամեայ ստեղծագործական կեանքին ընթացքին ան ձայնագրած է աւելի քան 400 երգեր, որոնցմէ շատեր կը պահպանուին «Ռատիոյի եւ հեռատեսիլի ձայնադարան»-ի ոսկեայ ֆոնտին մէջ: Ան եղած է Առնօ Բաբաջանեանի, Կոնստանդին Օրբէլեանի, Ռոպերթ Ամիրխանեանի, Ալեքսանտր Աճեմեանի եւ հայկական երգարուեստի միւս մեծանուն յօրինողներու գործերուն առաջին ու անզուգական կատարողը:
Ռաիսա Մկրտչեան հայ երգը բարձրացուց նաեւ միջազգային հեղինակաւոր բեմեր` համերգներով հանդէս գալով Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն օփերա» ու «Քառնեկի հոլ» սրահներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Սիտնիի, Մոնրէալի, Պէյրութի եւ Պուէնոս Այրեսի մէջ: 2002 թուականէն ի վեր ան իր հարուստ փորձառութիւնը կը փոխանցէր երիտասարդ սերունդին` դասաւանդելով Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ:
Ռաիսա Մկրտիչեանի մեկնաբանութեամբ սփիւռքի մէջ ամէնէն շատ տարածուած եւ սիրուած գործերէն մէկը «Տուն իմ հայրենի» երգն է (Ռոպերթ Ամիրխանեանի յօրինումով):
Մահացաւ Նուիրեալ ՀՕՄ–ական Վեհանոյշ Մարգարեանը
21 յունիս 2026-ին Հայաստանի մէջ մահացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի կինը` նուիրեալ ՀՕՄ-ական Վեհանոյշ Մարգարեանը: Անոր մահուան առիթով ցաւակցագիրով մը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմը խոր ցաւով գուժեցին, նուիրեալ ՀՕՄ-ականին մահը եւ անդրադարձան, Հայաստանի մէջ Հայ օգնութեան միութեան կազմակերպական կառոյցին ստեղծման մէջ ունեցած անոր կարեւոր ներդրումին` իբրեւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամ, ՀՕՄ-ի Հայաստանի գրասենեակի նախկին տնօրէն:
Այս առիթով դամբանական հրապարակեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը` նշելով, որ Վ. Մարգարեան ամբողջ կեանքը հաւասարապէս նուիրած էր իր ընտանիքին, իր պաշտելի կուսակցութեան` ՀՅԴ-ին եւ մանաւանդ իր այնքան սիրելի կազմակերպութեան` Հայ օգնութեան միութեան:
Անոր մասին նշուեցաւ, որ լուռ էր, սակայն ձայնը լսելի էր, համբերատար էր, սակայն ներկայութիւնը զգալի էր, հանդարտ լսող էր, հարցերը լայնասրտութեամբ կ՛ունկնդրէր եւ արդար լուծման կը յանգէր, միշտ պատրաստակամ էր օգնելու եւ ստանձնած պարտականութիւնները լաւապէս եւ պատասխանատուութեամբ կը կատարէր:
«Ան սրտցաւութեամբ, խղճով եւ մանաւանդ լռակեաց կը կատարէր միութենական իր բոլոր աշխատանքները: Միշտ ներկայութիւն էր յատկապէս բռնագաղթուած արցախահայութան օգնութեան, օժանդակութեան, բարեսիրական բոլոր աշխատանքներուն:
«Վեհանոյշ Մարգարեան համեստութեան մարմնացում էր: 1991-ին ան մեծ դեր ունեցաւ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան մեծ գործին, սակայն ոչ մէկ ձեւով չյոխորտաց ազգանուէր այդ աշխատանքին համար: Երկար տարիներ ստանձնեց եւ լաւապէս կատարեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէնի դժուարին պարտականութիւնը, այնպիսի օրերու, երբ հայրենիքը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր: Ան անդամ էր ՀՕՄ-ի «Ակնունի» մասնաճիւղին, որուն արթուն պահակը մնաց մինչեւ իր կեանքի վերջը»:
Նշուեցաւ, որ Վ. Մարգարեան մեծ աշխատանք ու լաւ յիշողութիւններ ձգեց իր ետին եւ անոնցմով ան միշտ կենդանի պիտի մնայ ՀՕՄ-ականներուն յիշողութեան մէջ, որոնք պիտի գործեն անոր օրինակով եւ տեսլականով:
Հանդիպում` ՀՕՄ–ի Հովանաւորներուն Հետ
Շաբաթ, 13 յունիս 2026-ին եռուզեռի մէջ էր ՀՕՄ-ի Հայաստանի կեդրոնը, ուր Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն ժամանած էին ՀՕՄ-ի Որբախնամ ծրագիրի խումբ մը հովանաւորներ եւ Հայաստանի զանազան մարզերէն ժամանած նահատակ հերոսներու երեխաներ` իրենց մայրերուն հետ:
Ներկաները ողջունեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեանը, որ ներկայացնելով հիւրերը` շնորհակալութիւն յայտնենց անոնց իրենց մարդասիրութեան համար: Հովանաւորներու անունով սրտի խօսք արտասանեց Ժան Մանկասարեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ խրախուսեց զանոնք ժպտելու ու հայրենասէր քաղաքացիներ դառնալու: Հովանաւորներու հիւրասիրած ճաշէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր, որուն առաջին բաժնով ներկաները ուրախացուց քանոնահար Ելենան` իր հրամցուցած գեղեցիկ նուագներով: Ապա ինքնակամ իրենց ձիրքերը բացայայտեցին ներկայ երեխաները` մեներգով, պարելով ու արտասանելով: Այնուհետեւ հիւրերը մտերմիկ զրոյցներ ունեցան իրենց հովանաւորած որբերուն հետ` իւրաքանչիւրին յանձնելով նուէրներ:
Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Այցելեց ՀՕՄ–Ի Գրասենեակ
Հինգշաբթի, 4 յունիս 2026-ի յետմիջօրէին ՀՕՄ-ի Հայաստանի գրասենեակ այցելեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Տիմա Հատտատը եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ զինք դիմաւորող ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան, Երեւանի եւ մօտակայ մասնաճիւղերու ատենապետներուն ու լիբանանցի ՀՕՄ-ականներու հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը: Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց ՀՕՄ-ի պատմականը՜ կեդրոնանալով անոր առաքելութեան, մարդասիրական ծառայութեանց, Լիբանանի օգնութեան խաչի գործունէութեան վրայ, ան յատուկ կերպով խօսեցաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի աշխատանքներուն եւ բռնագաղթուած արցախահայութեան հիւրընկալման եւ մատուցուած օգնութիւններուն մասին:
Դեսպանը` քաջատեղեակ ըլլալով ՀՕՄ-ի աշխարհատարած գործունէութեան, բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի եւ առհասարակ հայութեան աշխատասիրութիւնը, ստեղծագործ եւ վստահութիւն ներշնչող ոգին, որ մեծապէս գնահատելի է յատկապէս Լիբանանի մէջ: Ապա մէկ առ մէկ ծանօթացաւ ներկաներուն հետ~ հետաքրքրուելով անոնց պաշտօններուն եւ կատարած աշխատանքներուն մասին:
Աւարտին ՀՕՄ-ի Արուեստի կեդրոնէն գեղեցիկ յուշանուէր մը եւ ՀՕՄ-ի կրծքասեղը նուիրեցաւ եւ «ՀՕՄ-ի Պատուոյ անդամ» հռչակուեցաւ դեսպանԸ, որ մեծ ուրախութեամբ ընդունեց զայն:
Հայաստանի Ոչ Նիւթական Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին Աւելցած Են Նոր Արժէքներ
Հայաստանի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ հանրահռչակման ուղղութեամբ իրականացող աշխատանքներուն վերաբերող կարեւոր քայլ մը առնուած է: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս մասին յայտնած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը` նշելով, որ Հայաստանի ոչ նիւcթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով աւելցած են նոր տարրեր` ընդգծելով ազգային մշակոյթի բազմազանութիւնն ու կենսունակութիւնը:
Ներկայ որոշումով ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկին աւելցած են 12 նոր արժէքներ, եւ այսպիսով ընդհանուր թիւը հասած է 80-ի:
Նոր աւելցած տարրերն են.
– «Լուսատուներու հետ կապուած եղանակի կանխատեսման ժողովրդական գիտելիքներ»,
– «Օրօրոցային երգերը Հայաստանի Հանրապետութեան Շիրակի մարզի համայնքներուն մէջ»,
– «Գաթանախշի պատրաստութեան եւ կիրառման աւանդոյթը»,
– «Խաբ ու խազ (կաթփոխ)»,
– «Թմբուկի (դհոլ, հոս` մեծ թմբուկ) պատրաստութեան եւ կիրառման աւանդոյթը»,
– «Որսորդներ ու բադեր» գնդակախաղ,
– «Թաք ծաղկեցաւ» երգ,
– «Համայնքային փոխօգնութեան ձեւերը Գաւառի թաղման ծէսին»,
– «Կանեփով քուֆթայի պատրաստութիւնը եւ կիրառումը Մարտունի համայնքին մէջ»,
– «Ձուկով լիցքի պատրաստութիւնը Սեւան համայնքին մէջ»,
– «Չորթնէ լիցքի պատրաստութիւնը Վարդենիսի համայնքներուն մէջ»,
– «Չիլինկի փետ» աւանդական խաղը Ճամբարակ համայնքին մէջ:
Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած արժէքները հայ ժողովուրդի մշակութային ինքնութեան, պատմական յիշողութեան եւ ազգային ինքնութեան կարեւոր արտայայտութիւններն են: Անոնց պահպանումը, փոխանցումն ու հանրահռչակումը կարեւոր դեր ունին սերունդներու միջեւ մշակութային շարունակականութեան ապահովման եւ միջազգային մշակութային հարթակներուն վրայ Հայաստանի ճանաչելիութեան բարձրացումին աշխատանքին մէջ:
Այս գործընթացին իրականացման հիմքը կը հանդիսանայ «Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ նիւթական մշակութային արժէքներու ցանկերու կազմուելու չափորոշիչները եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկը հաստատելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2010 թուականի մարտ 11-ի որոշումը: Նախաձեռնութիւնը կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2023 թուականի նոյեմբեր 9-ի որոշումով հաստատուած Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի պահպանութեան, զարգացման եւ հանրահռչակման 2023-2027 թուականներու ռազմավարութենէն, ծիրին մէջ կ՛իրականանայ Հայաստանի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ցուցակագրութիւնը:


