Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիլվա Կապուտիկեանի Մտերմութեան Մէջ

June 30, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

1996-ի ամրան արձակուրդին Երեւան կը գտնուիմ` իբրեւ ուսուցչուհի մասնակցելու համագումարի մը: Կը սիրէի ճամբորդել, այդ շրջանին նախասիրութիւնս կ՛երթար ընդհանրապէս Հայաստանին, հակառակ անոր որ քանի մը անգամ գացած էի արդէն: Այս անգամ գացի աւելի երկար ժամանակով, որովհետեւ դպրոցական ամառնային արձակուրդ ունէինք:

Բախտէս խառնակ օրեր էին հայրենիքին մէջ նախագահական ընտրութեան պատճառով: Մարդիկ ամէն օր նախագահական պալատին առջեւ եւ ամբողջ Բաղրամեան փողոցի երկայնքին հաւաքուած էին, ցուցարարները բաժնուած էին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Պարոյր Հայրիկեանի թեկնածութեան զօրակցողներու միջեւ:

Համագումարէն ետք ես ալ խանդավառուեցայ ներկայ ըլլալու ցոյցերուն: Ես ազգականի մը տունը իջեւանած էի, անոնք աւելի շատ հակում ունէին Տէր Պետրոսեանի նկատմամբ, իսկ ես, թէեւ ոչ մէկ իրաւունք ունէի կողմնորոշուելու, բայց, ինչ մեղքս պահեմ, ամբողջ հոգիով Հայրիկեանի կողմնակից էի եւ ամէն օր կ՛երթայի ցոյցի եւ նախագահական պալատին ճիշդ դիմացը տեղ մը կը գրաւէի:

Շատ կը սիրէի մարդոց ծանօթանալ եւ խօսիլ անոնց դիրքորոշումներուն մասին: Օր մըն ալ նկատեցի, որ քովս կանգնող կինը Սիլվա Կապուտիկեանն էր, անոր կ՛ընկերակցէր Մարօ Մարգարեանը: Ուրախութիւնս սահման չունէր: Համարձակութիւնը ունեցայ անոնց մօտենալու եւ ինքզինքս ներկայացնելու:

Կապուտիկեանը հարցուց. «Արտաշէսին հետ կապ ունի՞ս»:

«Քոյրն եմ», պատասխանեցի: Ըսաւ, որ ուրախ է ծանօթանալու եւ իր տունը հրաւիրեց թէյ խմելու:

Ցոյցերը մէկդի դրի եւ ընդառաջեցի այս անմոռանալի հանդիպումի հրաւէրին: Կարծէք այդ վայրկեանին ինձմէ երջանիկը չկար, որո՞ւ նման յատուկ առիթ մը կ՛ընծայուէր:

Երբ մտանք Սիլվա Կապուտիկեանին տունը, ուղղակի սքանչացայ, մաքուր, կոկիկ, պատերը զարդարուած թանկագին նկարներով եւ` աչքառու գրադարան մը: Իսկ ճաշասեղանը հրապուրիչ էր, ըստ հայրենիքի սովորութեան, միրգերով եւ քաղցրաւենիքով:

Սիլվա Կապուտիկեանը զիս եւ Մարօ Մարգարեանը հրաւիրեց սեղան, որուն շուրջ հաճելի զրոյց մը ծաւալեցաւ մեր միջեւ: Ան վանեցի էր, հայրը` ազգայնասէր եւ հայրենիքին նուիրուած մարդ մը: Ես ալ ըսի, որ իմ ծնողներս ալ մշեցի են, գրեթէ հայրենակից էինք: Երկար խօսեցանք գրական եւ ազգային հարցերու մասին: Ան սրտանց գնահատեց, որ ես հայերէնի եւ Հայոց պատմութեան դասատու եմ, եւ թելադրեց, որ ազգային ոգիով դաստիարակեմ սփիւռքահայ մանուկները:

Ս. Կապուտիկեանին պատմեցի նաեւ, թէ բախտը ունեցած էինք իր որդւոյն` Արա Շիրազին մասին ծանօթանալու 1990-ական թուականներուն, երբ աւետարանական համայնքը Սպիտակէն 30 որբեր բերած էր Լիբանան եւ տարբեր ընտանիքներու յարկին տակ տեղաւորած զանոնք, նաեւ պտոյտներով եւ զանազան հաւաքներով ուրախացուցած էր զիրենք:

Մենք ալ մեծ գոհունակութիւն ունեցանք, երբ քոյրս` Սօսի Պալեանը, առիթը ստեղծեց ամբողջ խումբը, որուն առաջնորդն էր Արա Շիրազը (Կապուտիկեանի որդին), ընթրիքի հրաւիրելու: Երեկոն անցաւ մեծ ուրախութեամբ, համադամ ուտելիքներու ճաշակելու կողքին, անոնք երգեցին ու պարեցին, մեծապէս հրճուեցան, անմոռանալի երեկոյ մըն էր բոլորիս համար:

Արա Շիրազը գոհունակ սրտով երախտագիտութիւն յայտնեց եւ ըսաւ. «Շատ տեղեր հրաւիրուեցանք, բայց այս ընտանեկան ջերմ տնային հիւրասիրութիւնը մեծապէս գնահատելի է եւ յատուկ իմաստ ունի բոլորիս համար»:

Հոս տեղին է յիշել, որ մենք նաեւ մեծ հպարտութեամբ վայելած էինք Արա Շիրազին քանդակներէն մէկը` զետեղուած Լիբանանի Ռաշանա գիւղին մէջ, այլ աշխարհահռչակ քանդակագործներու ստեղծագործութիւններու կարգին: Երեք քանդակագործ եղբայրներ` Միշէլ, Ալֆրետ եւ Եուսէֆ, Պասպուս ընտանիքէն, իրենց ծննդավայրին մէջ ստեղծած էին «Համաշխարհային գիւղը քանդակագործներու» բացօթեայ բնութեան մէջ: Արդարեւ, 1950-ականներէն սկսեալ անոնք գիւղի փողոցները, պարտէզներն ու բլուրները լեցուցին իրենց կերտած եւ այլ արուեստագէտներու հսկայական քանդակներով: Այսօր Ռաշանան կը նկատուի Լիբանանի մշակութային կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հռչակուած է իբրեւ արուեստի միջազգային գիւղ:

Վերադառնանք մեր այցելութեան: Մեր հետաքրքրական զրոյցով եւ գեղեցիկ մթնոլորտով տարուած` մոռցած էի, որ գրեթէ կէս գիշեր եղաւ, իսկ ես տակաւին հմայուած էի Սիլվա Կապուտիկեանով: Անմիջապէս հրաժեշտ տուի եւ մեկնեցայ: Հազիւ մայր պողոտայ ելայ, նկատեցի, թէ ոչ ոք կար փողոցը, սարսափելով քանի մը քայլ առնելէս ետք կանգ առի եւ մտածեցի, թէ ի՛նչ կրնամ ընել: Յանկարծ զրահապատ ինքնաշարժ մը մօտեցաւ, ձեռքով նշան ըրի, կեցաւ, եւ զինուոր մը իջաւ: Երբ բացատրեցի կացութիւնը, հարցուց. «Հիմա ո՞ւր ես ուզում գնալ»: Ըսի, թէ մօտիկ ազգական մը ունիմ եւ հարցուցի, թէ կրնա՞ն զիս հոն տանիլ: Զիս իրենց հետ ինքնաշարժ բարձրացուցին եւ հասցուցին տուեալ տունը, սպասեցին, որ շէնք մտնեմ, ապա մեկնեցան: Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ սքանչացայ հայրենի զինուորին հոգատարութեան եւ փափկանկատութեան վրայ:

Այս ազգականս տակաւին տեղեակ չէր Հայաստան գտնուելուս մասին, տան դուռը բախեցի ու տուի անունս, ան սարսափած ու անակնկալի եկած բացաւ դուռը, գիրկխառնուեցանք, բացատրեցի կացութիւնս: Ան կէս գիշերին շատ վախցած էր, որովհետեւ առանձին էր երկուորեակ աղջիկներուն, ամուսինն ալ գործով ճամբորդած էր: Երբ հանդարտեցաւ, նախ ուզեց, որ հեռաձայնենք այն ազգականիս, որուն քով իջեւանած էի, որպէսզի անոնք չմտահոգուէին եւ գիտնային, որ ապահով էի ազգականիս մօտ:

Երեք օր հոն մնալէս ետք, երբ երկրին կացութիւնը խաղաղեցաւ, ես վերադարձայ իջեւանած ազգականիս մօտ` խոստանալով, որ դարձեալ կ՛այցելեմ իրենց:

Այս արկածախնդրութենէս ետք առիթը ընծայուեցաւ ինծի` վայելելու հայրենիքի տեսարժան վայրերը, մշակութային գործունէութիւնները, դաստիարակչական հաստատութիւնները եւ ծանօթանալու անոնց աշխատանքներուն:

Հակառակ անոր որ կարգ մը անհաճոյ կացութիւններ արձանագրուեցան ցոյցերուն ընթացքին եւ իմ ուշացած տուն վերադառնալուս կապուած, սակայն անդին շատ մը բարիքներ վայելեցի, ինչպէս` Սիլվա Կապուտիկեանին մտերմութիւնը, մեր սրտբաց զրոյցը ազգային հարցերու մասին: Մեծապէս ուրախ եւ երախտապարտ եմ, որ նման առիթ ընծայուեցաւ ինծի: Անմոռանալի էր նաեւ իմ ազգականներուս սրտբաց ընդունելութիւնն ու անոնց կողմէ ի գործ դրուած ջանքը, որ ես առաւելագոյն չափով վայելեմ հայրենիքի բոլոր բարիքները:

Ես ալ, իմ կարգիս, երբ ազգականներս այցելեցին Լիբանան, ճիգ չխնայեցի, որ փոխադարձեմ անոնց իրենց հիւրընկալութիւնն ու ջերմութիւնը:

 

 

 

 

Նախորդը

Մոնտիալի Լիբանանեան Փորձառութիւնը

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Ճորճ Ռասըլ Շահեցաւ Աւստրիոյ Կրան Փրին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նորացուած Համայնավարութեան Կեղծիքը

October 16, 2026
Քառասուն Տարի. Ձայն Մը, Որ Երբեք Չլռեց
Անդրադարձ

Քառասուն Տարի. Ձայն Մը, Որ Երբեք Չլռեց

October 16, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.