Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանը Կրնայ Քաղաքացիութենէն Զրկել Իրեն Դէմ Քուէարկած Հայերը

June 29, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օրէ օր աւելի անհանդուրժող կը դառնայ իր ընդդիմախօսներուն նկատմամբ:

Յունիս 7-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընթացքին Փաշինեան ապօրինաբար հրաման տուաւ ձերբակալել ընդդիմութեան հարիւրաւոր անդամներ եւ պատգամաւորութեան քանի մը թեկնածուներ, չարտօնեց, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները դուրս ելլեն Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ սպառնաց բանտարկել զանոնք ու արգիլել անոնց կուսակցութիւններուն գործունէութիւնը:

Յաջորդ քայլով Փաշինեան կրնայ ընդհանրապէս չարտօնել, որ իրեն դէմ արտայայտուող հայերը քուէարկեն եւ նոյնիսկ զրկէ զանոնք քաղաքացիութենէ: Արդեօք ոեւէ մէկը տակաւին կը հաւատա՞յ, որ երկրին մէջ իշխանութիւնը կրնայ փոխուիլ ընտրութիւններու միջոցով:

Վերջին հարցը ծագեցաւ, երբ Փաշինեան տեղեկացաւ, որ Ռուսիա բնակող Հայաստանի մեծաթիւ քաղաքացիներ կը պատրաստուին մեկնելու Հայաստան` յունիս 7-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար: Սկիզբը ան կեղծեց ու յայտարարեց, որ մտահոգ չէ, որովհետեւ վստահ է` անոնք պիտի քուէարկեն իր կուսակցութեան ի նպաստ: Սակայն չհաւատալով իր իսկ խօսքերուն` ան յայտարարեց, որ Հայաստան մուտք գործած ատեն անոնք կասեցուին եւ հետեւին 25-օրեայ զինուորական վարժանքներու: Այս քայլով ան այդ հայերը կը զրկէ ոչ միայն քուէարկելու կարելիութենէն, այլ նաեւ կ՛արժեզրկէ զինուորական ծառայութեան հայրենասիրական գաղափարը` զայն ներկայացնելով իբրեւ պատժամիջոց:

Երբ հայրենակիցներս կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ սփիւռքահայերուն, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի չեն, թոյլ չեն տար մասնակցիլ Հայաստանի ընտրութիւններուն, ես կը պատասխանեմ, որ անոնք պէտք է շատ աւելի մտահոգ ըլլան այն իրողութեամբ, որ աւելի քան մէկ միլիոն Հայաստանի քաղաքացիներ, որոնք երկրի անկախութենէն ի վեր կ՛ապրին արտասահման, զրկուած են հայրենիքի մէջ քուէարկելու կարելիութենէն, եթէ ընտրութեան օրը անձամբ Հայաստան չգտնուին: Ոչ ոք իրաւունք ունի արտասահման բնակող Հայաստանի քաղաքացիները զրկելու ընտրելու իրենց հիմնական իրաւունքէն: Ահա թէ ինչո՛ւ աւելի քան 150 երկիրներ արտօնութիւն կու տան արտասահման բնակող իրենց քաղաքացիներուն մասնակցելու քուէարկութեան:

Խնդիրը աւելի լուրջ դարձաւ, երբ Փաշինեանի կառավարութիւնը որոշեց բնակութեան պայման սահմանել Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, որոնք կու գան Հայաստան` մասնակցելու ընտրութիւններուն: Որպէսզի ընդդիմադիրները այլեւս չկարենան վերջին վարկեանին հասնիլ Հայաստան եւ քուէարկել, Փաշինեանի խորհրդարանական դաշնակիցները նախորդ շաբաթ յայտարարեցին, որ կը պատրաստուին փոփոխութիւններ կատարելու օրէնքին մէջ` ամրագրելով, որ արտասահմանէն Հայաստան ժամանող քաղաքացիները կարենան քուէարկել միայն այն պարագային, եթէ ընտրութիւններէն առաջ առնուազն վեց ամիս բնակած են Հայաստան:

Ասիկա սխալ եւ խտրական մօտեցում է: Փաշինեան իրաւունք չունի արտասահման բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ վերաբերելու իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ: Ոչ ոք իրաւունք ունի Հայաստանի քաղաքացիները զրկելու ընտրելու իրենց իրաւունքէն:

Փոխանակ գիտակցելու, որ սփիւռքը արժէքաւոր ներուժ է, Փաշինեան կը փորձէ մարդիկը հեռու պահել հայրենիքի կեանքին որեւէ ներգրաւուածութենէ: Սփիւռքը շատ աւելին է, քան` պարզապէս «կաթնտու կով»: Սփիւռքահայերը կրնան նպաստել Հայաստանի բարգաւաճման` իրենց ներդրումներուն եւ փորձառութեան միջոցով: Փոքր ազգը, որ դարեր շարունակ վերապրած է հալածանքներ, ջարդեր եւ նոյնիսկ ցեղասպանութիւն, պէտք չէ պառակտուի: Փաշինեան արդէն իսկ բաժնած է հասարակութիւնը` նախկիններու եւ ներկաներու, հայաստանցիներու եւ արցախցիներու, հայաստանցիներու եւ սփիւռքահայերու, իսկ այժմ` «ներքին» եւ «արտաքին» քաղաքացիներու: Ան պէտք է հետեւի ականաւոր բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի հանրայայտ պատգամին. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Երբ 2018 թուականին Փաշինեան առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան, ան լուծարեց սփիւռքի նախարարութիւնը` Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ եղած միակ կապը: Անոր փոխարէն` ստեղծեց «Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը»` Զարեհ Սինանեանի գլխաւորութեամբ, որ սկսաւ քանդել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ եղած բոլոր կամուրջները: Փաշինեան ինք արտասահմանեան այցելութիւններու ընթացքին սփիւռքահայերու հետ հանդիպումներու ժամանակ նուաստացուցիչ արտայայտութիւններ կատարեց անոնց հասցէին:

Հեգնականօրէն Հայաստանի թշնամիները` Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, աւելի շատ կը գիտակցին սփիւռքի կարեւորութեան: Տարիներու ընթացքին թէ՛ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, թէ՛ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը բազմիցս նշած են, որ գերազանց յարաբերութիւններ ունին Հայաստանի կառավարութեան հետ, սակայն մտահոգ են, որ «հզօր» սփիւռքը կը խոչընդոտէ Հայաստանէն առաւելագոյն զիջումներ կորզելու իրենց ծրագիրները:

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները յստակ հրահանգներ տուած են իրենց դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսութիւններուն` աչալուրջ կերպով հետեւելու տեղական հայկական համայնքներու գործունէութեան ու յայտարարութիւններուն: Անոնք մնայուն կերպով կը հետեւին հայկական լրատուամիջոցներուն` իրազեկ ըլլալու վերջիններուս տարածած հաղորդագրութիւններուն եւ նախատեսուող ձեռնարկներուն մասին: Հաւաքուած ամբողջ տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն:

Ասոր թարմ օրինակներէն է 11-12 ապրիլ 2026-ին Փարիզի մէջ կայացած «Սփիւռքի զօրաշարժի համաժողովը», որուն կը մասնակցէին 26 երկիրներէ 170 հայ գործիչներ, որոնց կարգին` Հայաստանի երեք նախկին վարչապետներ եւ Արցախի կառավարութեան ներկայացուցիչներ:

Անգարայի Եւրասիական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (AVIM) վերլուծաբան Իլահա Խանտամիրովան Փարիզի համաժողովի վերաբերեալ երկու մասէ բաղկացած ծաւալուն վերլուծութիւն հրատարակած է: Ահա բաժիններ` անոր զեկոյցէն. «Փաշինեան կը հանդիսանայ անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին քաղաքական առաջնորդը, որ բացայայտ հակադրութեան մէջ մտած է թէ՛ Հայ եկեղեցւոյ, թէ՛ սփիւռքի հետ: Մասնաւորապէս վերջին տարիներուն արցախեան հիմնախնդրի շուրջ անոր հռետորաբանութեան փոփոխութիւնը խոր պառակտումներ յառաջացուցած է սփիւռքի շրջանակներուն մէջ: Փաշինեանի կողմէ Արցախը իբրեւ Ազրպէյճանի տարածք բացայայտ ճանաչումը… լուրջ շեղում է հայկական աւանդական ազգայնական  խօսոյթէն»:

Խանտամիրովան անդրադարձած է նաեւ Փարիզի համաժողովին ընթացքին իմ ունեցած ելոյթիս` նշելով. «Գրող Յարութ Սասունեանի` «Սփիւռքի խորհրդարան» ստեղծելու առաջարկը ուշագրաւ է այնքանով, որքանով կը փաստէ (Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ) ներկայիս յառաջացած լարուածութեան տարողութիւնը»:

Արդեօք զարմանալի չէ՞, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն սփիւռքի յայտարարութիւններուն եւ գործունէութեան, քան` Հայաստանի վարչապետը:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Կիլիկեան Ուխտի Միաբանական Շարքերուն Միացան Երկու Կուսակրօն Քահանաներ

Յաջորդը

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 180-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսաւոր Պաշտամունք

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.