Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Համալսարանի (IU) Պաշտօնական Բացման Ակադեմական Ձեռնարկը` Պէյրութի Սալումի Շրջանին Մէջ

June 25, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 18 յունիս 2026-ին Պէյրութի Սալումի շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Միջազգային համալսարանի (IU) գլխաւոր մասնաշէնքին` պաշտօնական ակադեմական ձեռնարկով մը` նուիրուած համալսարանի բացման:

Ձեռնարկին ներկայ էին` համալսարանի տնօրէնութիւնը, երեսփոխաններ, զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դպրոցներու տնօրէններ:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով, ապա բարի գալուստի խօսքէն ետք համալսարանի փոխնախագահ, փրոֆ. Կեպի Խուրի արտասանեց իր խօսքը:

Ան յայտնեց, որ նոր շէնքի բացման այս արարողութիւնը կը խորհրդանշէ 25 տարի առաջ ընթացք առած առաքելութեան շարունակականութիւնը, նաեւ պարտ կը դնէ պատասխանատուներուն ուսերուն գոյատեւելու եւ երթը չկասեցնելու:

Կ. Խուրի ըսաւ, որ համալսարանի հիմնական առաքելութիւններն են` ուսում ու գիտութիւն ջամբել, մասնագիտական հետազօտութիւններ կատարել եւ ծառայել ընկերութեան: Ան շեշտեց, որ արագօրէն փոխուող արհեստագիտութիւնն ու Արհեստական բանականութեան մնայուն զարգացումը մարտահրաւէր են նաեւ կրթական մարզին` կրթական ծրագիրը մշակելու հաւասարակշռուած եւ հինն ու նորը համադրուած ձեւով:

Իր խօսքի աւարտին ան դիտել տուաւ, որ նոր մասնաշէնքի բացումը յաւելեալ յանձնառութիւն է տարբերելու, ստեղծագործելու, ընկերութեան ծառայելու եւ պատրաստելու այնպիսի մարդուժ, որ իր ներդրումը պիտի ունենայ Լիբանանի վերազարթօնքին մէջ:

Համալսարանին մասին կարճ վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք բանախօս, բանաստեղծ Նիզար Ֆրենսիս արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ քառորդ դար առաջ համալսարանը լուսաւորեց լիբանանեան իրականութիւնը, գիտութեան ջահ դարձաւ, եւ անոր կամարներուն տակէն անցան Լիբանանի գիտական սիւները հանդիսացող սերունդներ: Ան ողջունեց հիմնադիրներն ու առաքելութիւնը շարունակողները:

Աւարտին երեսփոխան Հասան Մրատ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ մարդուժի պատրաստութեան համար կատարուած ներդրումը կը մնայ ամէնէն արդիւնաւէտ եւ ամէնէն կայուն ներդրումը, որքան ալ փոխուին պայմանները կամ տարբեր մարտահրաւէրներ ծագին, նշելով, որ այդ ներդրումը խորքին մէջ նիւթական չէ, այլ պետութեան կառուցելու կը ծառայէ:

Ան շեշտեց, որ մարդակերտումը կը զօրացնէ հասարակութիւնը եւ կը հանդիսանայ զարգացման ու կայունութեան հիմքը: Իւրաքանչիւր համալսարան ապագային ուղղուած ներդրում մըն է, իսկ իւրաքանչիւր ուսանող` ամբողջ հայրենիքի մը յաջողութեան ծրագիր, ըսաւ Մրատ` դիտել տալով, որ այն ազգերը, որոնք առաջնահերթութիւն տուած են մարդուն, յառաջացած ու բարգաւաճած են:

Իր խօսքին մէջ երեսփոխանը ներկայացուց նաեւ կրթական տեսլականի հիմնական սկզբունքները, յատկապէս` հմտութիւններու եւ քննադատական մտածողութեան վրայ հիմնուած ուսուցում, զայն կապելով աշխատաշուկայի եւ գիտական հետազօտութեան հետ, ինչպէս նաեւ` կրթական արդարութեան ամրապնդում եւ քաղաքացիի դաստիարակութիւն: Մրատ հիմնական նկատեց նաեւ արհեստագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան զարգացումներուն հետեւիլը` համաշխարհային փոփոխութիւններուն լոյսին տակ:

Ան նշեց, որ իրենք պիտի հովանաւորեն համալսարանը այնպէս, ինչպէս կը հովանաւորեն «Աւելի լաւ ապագայ» (Ալ ղատ ալ աֆտալ) հաստատութիւնները` նկատել տալով, որ անիկա մարդակերտման եւ ապագայի կառուցման ծրագիրի շարունակութիւնն է: Երեսփոխանը նաեւ շեշտեց, որ շէնքեր կառուցելէն աւելի կարեւոր է մարդը կառուցելը, իսկ արտագաղթի եւ մարտահրաւէրներու պատասխանը կը գտնուի գիտութեան եւ գիտելիքի մէջ ներդրում կատարելով:

Ան անդրադարձաւ նաեւ «Աւելի լաւ ապագայ» հաստատութիւններու կրթական դերին` նշելով, որ անոնք ծնած են իր հօր` նախագահ Ապտել Ռահիմ Մրատի խոր համոզումէն, թէ կրթութիւնը պետութիւն եւ հասարակութիւն կառուցելու հիմնական դարպասն է: Հասան Մրատ շեշտեց նաեւ կրթական, առողջապահական եւ ընկերային բնագաւառներու տարածման շարունակականութիւնը` ընդգրկելով Լիբանանի տարբեր շրջանները:

Լիբանանի մասին իր տեսլականին անդրադառնալով` ան կոչ ուղղեց կառուցելու պետութիւն մը, որ հիմնուած է հաստատութիւններու եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ, մերժելով աղանդաւորական ու կրօնական բաժանումները եւ կերտելով գիտութեան, աշխատանքի եւ կարելիութիւններու Լիբանան մը` միաժամանակ խթանելով հաւասարակշռուած զարգացում ամբողջ երկրին մէջ:

Երեսփոխան Հասան Մրատ աւարտեց իր խօսքը` շեշտելով, որ Լիբանանը կրնայ յաղթահարել բոլոր ճգնաժամերը իր երիտասարդութեան, մարդկային ուժերուն եւ գիտական ներուժին շնորհիւ, եւ որ` կրթութիւնն ու մարդը երկրի իսկական հարստութիւններն են:

Իսկ ուղղելով խօսքը ուսանողներուն` ան ըսաւ. «Դո՛ւք էք այս համալսարանին գոյութեան պատճառը եւ անոր իսկական առաքելութիւնը. կառչեցէք գիտութեան, բարոյականութեան եւ հայրենիքին, որովհետեւ ան արժանի է իւրաքանչիւր ճիգի եւ նուիրումի»:

Ձեռնարկի աւարտէն ետք ներկաները հիւրընկալուեցան համալսարանի մուտքին, ուր երեսփոխանները կտրեցին ժապաւէնը, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Ֆրանսացի Նախարարն Ու Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն Եւ Բարձր Գնահատեցին Մատուցուող Ծառայողական Աշխատանքը

Յաջորդը

Հայկական Ֆութպոլ. «Սիւնիք» Պիտի Մասնակցի Բարձրագոյն Դասակարգին

RelatedPosts

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

September 25, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

September 25, 2026
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.