Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 24, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՌՈՅԹԸՐԶ». «Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւնը ամրապնդեց Հըզպալլայի դիրքորոշումը եւ հարուած հասցուց լիբանանեան պետութեան, որուն ղեկավարները, ներառեալ նախագահ Ժոզեֆ Աունը քանիցս զգուշացուցած են, թէ Թեհրան չի կրնար Լիբանանի տեղ բանակցիլ»:

. ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ պաշտօնատար մը եւ Լիբանանի հարցերուն առնչուած երկու օտար պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ»-ին. «Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւնը ականահարեց լիբանանեան պետութեան դիրքը` զայն ձգելով մինչեւ հիմա իր ամէնէն տկար դիրքին վրայ, եւ այս շաբաթ Իսրայէլի հետ անոր բանակցութիւններուն նպատակայարմարութեան շուրջ հարցականներ ստեղծեց»:

. ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժիի Ամմանի մէջ արաբական լիկայի խորհուրդի նախարարներու մակարդակով 165-րդ նիստի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի հետ: Ան հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Կառչած կը մնանք լիբանանեան հոլովոյթի Իրան-Միացեալ Նահանգներ հոլովոյթէն անջատման, եւ Լիբանանին վերաբերող որեւէ որոշում միայն պետութիւնը կու տայ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական պատկերասփիւռի կայան. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան, լիբանանեան բանակի փորձառական ծրագիրի գործադրութեան շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հարաւէն իսրայէլեան հեռացման վրայ»:

. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի բանակցութիւնները պիտի շարունակեն դէպի համապարփակ խաղաղութիւն եւ երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական համաձայնութիւն մղում կատարել»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին երէկուան բանակցութիւններուն պատրաստութեան ծանօթ աղբիւրէ մը ստացած դիւանագիտական տեղեկութիւններուն համաձայն, «վերջին ժամերու ընթացքին տեղի ունեցած է քաղաքական եւ ապահովական ոլորտին մէջ մեծ աշխատանք, որ հակամարտութեան կառավարումէն աւելի կայուն դաշտային համաձայնութիւններու անցնելու Ուաշինկթընի ցանկութիւնը կ՛արտացոլէ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւններու արդիւնքը հաւանութիւնն էր Քաթարի կողմէ առաջարկուած նոր նախաձեռնութեան, որուն համաձայն Տոհան, կայուն ու երկարաժամկէտ զինադադարի հասնելու նպատակով պիտի կառավարէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները` առանց անտեսելու լիբանանեան պաշտօնական կողմը»:

Ըստ օրաթերթին, Քաթար իր միջնորդութեան համար ամերիկեան հաւանութիւն ստացած է, պայմանով, որ անոր Ֆրանսայի կամ ՄԱԿ-ի պէս այլ կողմեր չմասնակցին: Կը նախատեսուի, որ այս միջնորդութիւնը հետագային Իսրայէլի հետ պատերազմի թղթածրարը կառավարելէն զարգանալով լիբանանեան ներքին տագնապներու լուծման դեր կատարէ. այս ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ քաղաքական իշխանութեան վերակազմակերպման իբրեւ շրջագիծ «Տոհա-2» խորհրդաժողովի մը պատրաստութեան նախատեսութիւններ գոյութիւն ունին:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Այն ինչ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցածը դէպքերու մեծ շրջադարձ կը նկատուի, որովհետեւ հաստատ դարձաւ, թէ ամերիկացիներն ու իրանցիները վճռած են բանակցային հոլովոյթը յաջողցնելու` 60 օրերու աւարտին հասնելու համար վերանորոգելի համաձայնութեան մը»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամէնէն իրատեսական այլընտրանքը Ուաշինկթընի ղեկավարած բանակցային հոլովոյթը շարունակելն է, պայմանով որ չսահմանափակուի մագլցումի կառավարումով կամ զինադադարի ամրապնդումով, այլ այս անգամ մէջտեղ բերէ նախապէս համաձայնեցուած օրակարգի գործադրութեան յստակ եւ որոշակի ժամանակացոյցով մեքանիզմ մը»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բանակցութիւններուն զուգահեռ ընթացող միջազգային քննարկումները զինադադարով կամ իսրայէլեան հեռացումով չեն սահմանափակուիր, այլ կը հասնին այս տարուան աւարտին ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայ ձեւաչափով առաքելութեան աւարտէն ետք հարաւային Լիբանանի պատկերի ուրուագծման»:

. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Եւրոպան չ՛ուզեր Լիբանանն ու բանակը ձգել առանց աջակցութեան, որովհետեւ բանակը տակաւին շատ օգնութեան կարիք ունի, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանէն միջազգային ուժերու հեռացման ստեղծելիք բացը ո՛չ ի շահ Լիբանանի, ո՛չ ալ ի շահ շրջանին պիտի ըլլայ»:

. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Եւրոպական Միութեան զինուորական խորհուրդը Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քալլասին ներկայացուց յանձնարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց Լիբանանի մէջ եւրոպական զինուորական ներկայութեան շարունակման ռազմավարական կարեւորութիւնը»:

. ՄԱԿ-ԷՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Միջազգային կազմակերպութիւնը թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հետեւելու, Կապոյտ գիծին հսկող եւ փոխադարձ խախտումները դիտարկող միջազգային դէտերու խումբի հրատապ կարիքի լոյսին տակ, կը ջանայ լիբանանեան տագնապին լուծում մը գտնել»:

. ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ նշեց. «Դիմադրութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան աջակցութեամբ պարտադրեց նոր հաւասարակշռութիւններ, որոնց մեծ ուժերն ու ոճրագործ սիոնական գոյացութիւնը ենթարկուեցան»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները 21000 լ.ո.-ով նուազելով հասան 2.291.000 լ.ո.-ի եւ 2.309.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 26000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.938.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 62000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.162.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Լեւիթ. «Թրամփ Պիտի Չստորագրէ Որեւէ Համաձայնութիւն, Որ Երկրին Ու Անոր Ազգային Անվտանգութեան Չի Ծառայեր»

Յաջորդը

Թեհրան. «Լիբանանի Վրայ Յարձակումներու Դադրեցումը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի Մասն Է, Եւ Այս Առնչութեամբ Ամերիկայի Յանձնառութիւնը Յստակ Է»

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.