Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ «Վլում» ելեկտրոնային գրադարանի տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 16 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ «Զում»-ով հանդիպում մը «Վլում»-ի ծրագիրը լիբանանահայ վարժարաններուն ներկայացնելու համար: Յայտնենք, որ «Վլում»-ը այսօր հայաշխարհի ամէնէն ընդարձակ ելեկտրոնային գրադարանն է, եւ անոր ծրագիրը կը ներառէ տարիքային տարբեր շերտեր:
Հանդիպումը կը նպատակադրէր լիբանանահայ վարժարաններուն հետ համագործակցութիւն ստեղծել: Առաջին առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ «Վլում»-ի համագործակցութեան ու անցած ուղիին եւ ողջունեց լիբանանահայ բոլոր վարժարաններուն մասնակցութիւնը այս հանդիպումին: Յայտնենք, որ լիբանանահայ բոլոր վարժարաններէն 40 տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ IT պատասխանատուներ մասնակցեցան 1,5 ժամ տեւած այս հանդիպումին:
«Վլում»-ի պատասխանատու խումբի անդամ Մարտիկ Չոլաքեան, իր կարգին, կարեւոր նկատեց այս հանդիպումը` մատնանշելով, որ անցեալին «Վլում»-ը համագործակցութեան առանձնակի փորձառութիւն ունեցած է կարգ մը վարժարաններու հետ, բայց այսօր ահաւասիկ առիթ կ՛ընձեռուի Համազգայինի հրատարակչատան ճամբով գործակցութիւնը դնելու աւելի համապարփակ ու հետեւողական դրութեան մը մէջ: Ան աւելցուց, որ Համազգայինի հրատարակութիւնները արդէն կը շարունակուին տեղադրուիլ այս գրադարանին մէջ: Ան յայտնեց, որ «Վլում»-ը միշտ ալ վերաթարմացման ու հնարաւորութիւններու յաւելման ծրագիրներ կը մշակէ, եւ այսօր «Վլում»-ի մանկապատանեկան շարքը արդէն օժտուած է ձայնային, նկարչական, ինչպէս նաեւ բառարանային յատուկ կարելիութիւններով եւ հնարաւորութիւններով, ինչ որ առիթ կ՛ընձեռէ նորահաս սերունդին` աւելի հետաքրքրութեամբ ընկալելու ընթերցանութիւնը եւ պահելու ու զարգացնելու հայոց լեզուն: Մարտիկ Չոլաքեան նաեւ անդրադարձաւ համագործակցութեան կարեւոր նշանակութեան` հաստատելով, որ այս համագործակցութեան ծիրին մէջ նաեւ կարելի կ՛ըլլայ ուսուցիչներու ներդրումը ունենալ, եւ կարեւորեց անոնց տեսակէտները լսելը եւ յայտնեց, որ ուսուցիչները նաեւ «Վլում»-ի կարգ մը աշխատանքներուն մէջ կրնան իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերել:
«Վլում»-ի հրատարակութիւններու պատասխանատու Մարի Կիւլիւմեան ամբողջական մանրամասնութիւններ տուաւ «Վլում»-ի գիրքերու ու մատենաշարներու հաւաքածոներուն եւ գործածութեան ոլորտներուն մասին` շեշտը դնելով նաեւ այն հնարաւորութիւններուն վրայ, որոնց ճամբով ուսուցիչները առիթը ունին նաեւ վերահսկելու աշակերտներու կողմէ ընթերցանութեան տարողութեան: Ան անդրադարձաւ նաեւ «Վլում»-ի որդեգրած մանկավարժական մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ` ընթերցանութիւնը գործնական ու քաշողական դարձնելու իրենց ընդհանուր գործելաոճին:
Արեւմտեան Ամերիկայի ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի վարիչ- տնօրէն Թամար Թիւֆենքեան ներկայացուց Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական վարժարաններու եւ «Վլում»-ի համագործակցութեան իրենց արժեւորումները` հաստատելով, որ «Վլում»-ի ճամբով ուսուցիչները կը յաջողին ընթերցանութիւնը աւելի դիւրամատչելի դարձնել աշակերտութեան: Ան աւելցուց, որ այսօրուան դրութեամբ արդէն աշակերտներուն համար «Վլում»-ը խաղի նմանողութեամբ փնտռուած զբաղում մըն է, եւ անոնք մեծ խանդավառութեամբ կը գործածեն այս գրադարանը:
Աւարտին առիթ տրուեցաւ տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն` լուսաբանական հարցումներու: Մասնակիցները գնահատեցին «Վլում»-ի աշխատանքները եւ ընձեռուած այս առիթը` շեշտելով իրենց պատրաստակամութիւնը` յառաջիկայ տարեշրջանին համագործակցութիւնը գործնականացման ընթացքի մէջ դնելու: Որոշուեցաւ հանդիպումները շարունակել հաւաքաբար եւ առանձնաբար, որպէսզի անհրաժեշտ դասաւորումները կատարուին եւ վարժարանները օգտուին այս ծրագիրէն:


