Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օդակայաններէն Առաջ, Ո՞վ Պիտի Փրկէ Տահր Էլ Պայտարը

June 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՄ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Երկար սպասումէ եւ քաղաքական ու վարչական զօրահաւաքէ մը ետք տրուեցաւ վճիռը` բանալու նախկին նախագահ Ռընէ Մուաուատի անուան օդակայանը, եւ սկսան անհրաժեշտ գումակային (լոճիսթիք) աշխատանքները` զայն ծառայութեան մէջ դնելու համար: Սակայն, երբ այդ վճիռը տրուեցաւ, մէջտեղ եկաւ Լիբանանի մէջ ծանօթ իրականութիւն մը. մրցակցութիւն մը սկսաւ Պեքայի որոշ քաղաքական ուժերու միջեւ` պահանջելու համար Ռայաքի օդակայանին բացումը: Ատիկա սկզբունքով արդար պահանջ մըն է, սակայն անոր ժամանակը եւ ենթահողը հարցումներ կը յառաջացնեն այն մասին, թէ արդեօք պահանջներուն հիմքը համընդհանուր բարգաւաճման տեսլակա՞ն մըն է, թէ՞ սոսկ ընտրական նպատակներով ժողովրդականութիւն շահելու կեցուածքներ են աւանդական քաղաքական գործունէութեան ոճով:

Օդակայաններու մասին խօսակցութիւնները կարելի չէ բաժնել Լիբանանի տնտեսական եւ աշխարհագրական իրականութենէն: Սահմանափակ տարածութիւն ունեցող երկիր մը, որուն տնտեսութիւնը կը տառապի կուտակուած կառուցուածքային տագնապներէ, գաղթականներու մեծ տոկոսէ եւ ներդրումներու անկումէ, պէտք ունի վերադասաւորելու իր առաջնահերթութիւնները` տնտեսական օգտակարութեան տրամաբանութեան համաձայն, եւ ոչ թէ ընտրական շրջաններու միջեւ մրցակցութեան տրամաբանութեամբ: Ուստի հարցը այն չէ, թէ քանի՛ օդակայան կարելի է բանալ, այլ` թէ ո՛ր ծրագիրները ամէնէն անհրաժեշտն են ներկայիս` տնտեսութիւնը վերաշխուժացնելու եւ քաղաքացիին կեանքի պայմանները բարելաւելու համար:

Այս իմաստով, արդեօք Ռայաքի օդակայանը բանալը աւելի շտա՞պ առաջնահերթութիւն է, թէ Տահր Էլ Պայտարի ճամբուն տագնապը լուծելը: Ճամբայ մը, որ տարիներու ընթացքին վերածուած է «մահուան ճամբու»` հակառակ Պեքայի երեսփոխաններուն եւ յաջորդական կառավարութիւններու կրկնուող խոստումներուն: Եւ արդեօք նոր օդակայանի մը պահանջը աւելի՞ անհրաժեշտ է, թէ՞ Պեքան ծովեզերքին կապող փապուղիի ծրագիրը, որ Ժտիթայէն Անթիլիաս հասնելու ժամանակը 75 վայրկեանէն կը նուազեցնէ 20 վայրկեանի: Ատիկա որակային փոփոխութիւն պիտի բերէ մարդոց փոխադրութեան եւ ապրանքափոխադրութեան մէջ` զարկ տալով շրջաններու միջեւ տնտեսական համարկման:

Իսկական բարգաւաճումը չի չափուիր քաղաքական ճառերու ընթացքին յայտարարուած ծրագիրներու թիւով, այլ` գիտական եւ ճարտարագիտական առումով սերտուած ռազմավարական ենթակառոյցային նախագիծներ իրագործելու պետութեան կարողութեամբ: Այդ պատճառով գլխաւոր հարցումը, որ կը ծագի, այն է, թէ ո՞ւր են տնտեսական եւ ճարտարագիտական ուսումնասիրութիւնները, որոնք կը ճշդեն երկրին առաջնահերթութիւնները: Եւ ո՞ւր է այն ընդհանուր տեսլականը, որ կը կապէ պետական ներդրումները հանրութեան կարիքին, ինչպէս նաեւ կայուն տնտեսական աճի հետ:

Քաղաքական առումով, այդ բանավէճերը մէջտեղ կը հանեն աւելի խորունկ տագնապ մը, որ կապ ունի ինքնին պետութեան հասկացողութեան հետ: Երբ բարգաւաճման պահանջները կը վերածուին շրջաններու միջեւ հաւասար բաժին ստանալու եւ խորհրդանշական շահերու մրցակցութեան, մենք մեզ դէմ յանդիման կրնանք գտնել այն վտանգին առջեւ, որ վարչական ապակեդրոնացումը փոխանակ կառավարման եւ բարգաւաճման գործիք մը ըլլալու` դառնայ շրջանային եւ ընկերային բաժանումներու միջոց մը: Յաջող ապակեդրոնացում` կը նշանակէ առիթներու եւ ծառայութիւններու արդար բաշխում` մէկ եւ միացեալ պետութեան մը ծիրէն ներս, եւ ոչ թէ` տնտեսական կամ քաղաքական խմբաւորումներու բաժանում, որոնք իրարու հետ կը մրցին աղբիւրներու եւ առանձնաշնորհումներու համար:

Այսօր պահանջուածը օդակայաններ բանալու շուրջ մրցակցութիւն մը չէ, այլ լուրջ ազգային քննարկում մը` երկիրը փրկելու եւ բարգաւաճման տանելու առաջնահերթութիւններուն շուրջ: Օրինակներ տալու համար արձանագրենք. պէտք է քննարկուին արդիական ճանապարհաշինութեան, փոխադրութեան արդիւնաւէտ ցանցերու շինութեան, արդիական ենթակառոյցի եւ շրջաններուն միջեւ տնտեսական կապերուն զարկ տուող ռազմավարական ծրագիրներու նիւթերը: Պետութիւնը կը կառուցուի հանրութեան շահին ծառայող ծրագիրներով, որոնք կը ստեղծեն տնտեսական եւ ընկերային մնայուն արժէք, եւ ոչ թէ` լոզունգներով, որոնք կը գործածուին ընտրական ժամանակաշրջաններուն եւ կը մոռցուին, երբ պարտականութիւնները կ՛աւարտին:

Եզրափակելու համար, մինչեւ ե՞րբ, ո՜վ պետութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Կրօնէն Ետք Ի՛նչ Գոյութիւն

Յաջորդը

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան. Լիբանանահայ Վարժարաններու «Վլում» Ելեկտրոնային Գրադարանի Ծրագիրներու Ներկայացում

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Նամականի

October 1, 2026
ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.