. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Զինադադարը երաշխաւողող եւ լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան հեռացումը ծրագրաւորող փոխըմբռնումի հասնելու համար Լիբանանեան պաշտօնական հաղորդակցութիւնները տարբեր մակարդակներու վրայ կը շարունակուին»:
. ՔԱՂԱՂԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն հսկայական ճնշումներ կը բանեցնէ Թել Աւիւի վրայ` ստիպելու համար, որ վերջ տայ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններուն. ատոր զուգահեռ Հըզպալլայի վրայ կը բանեցուին տեղական ճնշումներ, որպէսզի դադրեցնէ իր յարձակումները»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Վերջին 48 ժամուան ընթացքին իսրայէլեան սոսկալի մագլցումին ետին բազմաթիւ պատճառներ գոյութիւն ունին. անոնց շարքին է քաղաքայիններէն վրէժ լուծելու եւ նոր ջարդեր գործելու փորձը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի կարծիքով, գնդակը այլեւս Հըզպալլայի դաշտին մէջ է` իր յարձակումները դադրեցնելու, իբրեւ ճակատումի ընդլայնումը արգիլելու եւ վերջին շրջանային փոխըմբռնումները կենդանի պահելու ջանքերու մաս»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 13-րդ կայան. «Զինուորներու ընտանիքները բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիրի տան առջեւ ցոյց կը կատարեն` բողոքելով հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու շարունակման դէմ»:
. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ուաշինկթընի մէջ յառաջիկայ բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան այսպէս կոչուած «փորձառական գօտիներու» ստեղծման վրայ, եւ անոնք շրջաններ են, զորս կը սպասուի, որ նախնական բնորդ ըլլան ապահովական ու վարչական դասաւորումներուն, որոնք կը քննարկուին աւելի ընդարձակ փոխըմբռնումներու շրջագիծին մէջ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԻ պետական պատկերասփիւռի կայան. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի յառաջիկայ բանակցութիւնները պիտի ճշդեն փորձառական գօտիները, զորս լիբանանեան բանակը պիտի ստանձնէ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ամերիկացիները իսրայէլացիներուն եւ Լիբանանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցաբար պատրաստեցին դասաւորումներու փաստաթուղթ մը, որ պիտի աւելնայ Ուաշինկթընի յայտարարութեան վրայ եւ ըլլայ «ապահովական յաւելուած»-ի մը նման, որ պիտի օգտագործուի զինադադարի ամրապնդման եւ իսրայէլեան հեռացման թղթածրարին մէջ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դիրքորոշումը նեղութիւն կը պատճառէ բանակցութեան խումբին ու անոր աջակցողներուն, որոնց կարծիքով, անոր ըրածը կ՛ուժեղացնէ Դիմադրութիւնը եւ Ամալ-Հըզպալլա դաշինքը` Պըրրիի կողմէ «խառնածին բանակցութիւններ» կոչուած շտապողականներու հաշուոյն»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ամերիկեան վարչակազմին մէջ լիբանանեան թղթածրարին շուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: Ռուպիօ մեծագոյն աջակիցներէն է ուղղակի բանակցութիւններու հոլովոյթին, ոչ միայն հարաւային սահմաններուն վրայ յառաջընթաց արձանագրելու, այլ նաեւ Իրանի հետ փոխըմբռնումէն անկախ քաղաքական հոլովոյթ մը ամրագրելու համար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Ռուպիօ-Աուն հաղորդակցութիւնը պիտի ամրապնդէ այն պնդումը, թէ Ամերիկան կ՛ուզէ վերջ տալ պատերազմին, որովհետեւ այս հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ սրման եւ բանակցութիւններուն վրայ անոր ազդեցութեան նկատմամբ ամերիկեան մտավախութեան հետեւանքով»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ամերիկացի պաշտօնատարներուն եւ Պաապտայի պալատին միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւններուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Ռուպիոն հիմնականին մէջ կեդրոնացած էր Հըզպալլայի ապազինման վրայ, թէեւ նախկին հաղորդակցութիւններուն ընթացքին այս նիւթին վրայ կեդրոնացումը անհրաժեշտութեան այս մակարդակի վրայ չէր»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ասաս»-ին. «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները 22 յունիսէն 23 յունիս յետաձգումը իսրայէլեան դիտաւորեալ պատգամ մըն է, որ կապ չունի պատուիրակութեան Ուաշինկթըն հասնելուն հետ, այլ` հարաւային Լիբանանի մէջ մարտական զարգացումներուն առնչուած ծրագիրի մը հետ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Իսրայէլ մինչեւ «Դեղին գիծ» փուլային հեռացում կ՛առաջարկէ, մինչ կ՛ուզէ յաջորդ փուլերը յետաձգել հետագայ ապահովական փոխըմբռնումներու, ինչ որ այն մտավախութիւնը կը ստեղծէ, որ հեռացումը վերածուի բաց գործողութեան մը, որ զայն ճնշումի համար կ՛օգտագործէ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տուեալներուն համաձայն, «նախագիծը կը վերաբերի այն տարածքներուն ուրկէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հետագայ տեղակայման մեքանիզմին եւ հսկողութեան ուժերու դերին: Անիկա նաեւ կը ներառէ քննարկում Պըրրիի կողմէ առաջարկուած գաղափարի մը, որ կը նախատեսէ ամբողջ շրջանէն հեռացում եւ ոչ միայն որոշակի կէտերէ»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանանեան պատուիրակութեան իրերայաջորդ ցուցմունքներ տրուեցան զինադադարի պահանջը նկատելու օրակարգի գլխաւոր նիւթ` միեւնոյն ժամանակ պատուիրակութեան որոշակի խուսանաւումի կարելիութիւն տալով զինուորական գործողութիւններու դադրեցման եւ իսրայէլեան հեռացման ծրագիրի վերաբերեալ հետագայ փուլերուն զուգահեռ անվտանգութեան քայլերու քննարկման մէջ»:
. «ԱՍԱՍ». «Իսրայէլեան պատրուակը, թէ Հըզպալլան փոխըմռնումի յուշագիրին համաձայն զինադադարին իր յանձնառութիւնը չյայտարարեց, քաթարեան կողմը մղեց հանրապետութեան նախագահի եւ խորհրդարանի նախագահին հետ համակարգումով միջամտելու` մագլցումը թուլացնելու համար»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ շրջանակները «Մուտուն»-ին. «Պատերազմի սկիզբին Իրանի տապալման կամ Հըզպալլայի զինուորական կարողութիւններու քայքայման վրայ դրուած գրաւները չիրականացան, եւ մարտական զարգացումները պարտադրեցին նոր հաւասարակշռութիւններ, որոնք Իսրայէլը մղեցին իր նպատակներու նշաձողը նուազեցնելու»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Սուրիոյ նախագահ Շարհ, որ կ՛ուզէ Սուրիան համայնքայնութեան ոլորապտոյտէն դուրս բերել, չ՛ուզեր Լիբնանի համայնքայնութեան մէջ ներքաշուիլ»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Սուրիոյ նախագահ Շարհ լաւապէս գիտէ, թէ Լիբանանի մէջ սուրիական միջամտութիւն մը պիտի ունենայ հետեւանքներ, որոնք Լիբանանէն անդին պիտի անցնին, որովհետեւ Իրաքը կայ, եւ շրջաններուն մէջ շիի բնակավայրերը կան, ինչպէս նաեւ սիւննի-շիի սադրանքի վտանգը կայ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ասաս»-ին. «Անգարան վարչապետ Սալամի նախարարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Թուրքիա մօտալուտ այցելութեան կը սպասէ` ստորագրելու համար երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համաձայնութիւններ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «օրէնսդրական նիստի թուականը պիտի ճշդուի Աշուրայէն ետք: Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի անցեալ 20 մայիսին որոշուած նիստը յետաձգած էր այլ թուականի, որուն նշանաբանը համաձայնութիւնն է»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «հաղորդակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին` չյաղթահարելով բացը, եւ եթէ որոշուի նստաշրջանի օր նշանակել, ապա ատոր անխուսափելիօրէն պիտի նախորդէ խորհրդարանական խորհրդակցութիւններու աշխուժացումը` հաշուի առնելով, որ համաներման մասին օրէնքի առաջարկը պիտի մնայ օրակարգի էական կէտ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Դիւանագիտական կողմերը կը հետեւին Հըզպալլայի ղեկավարի մը վերադարձին, որ նախապէս հեռացուած էր իր պաշտօնէն, եւ անոնք անոր վերադարձը կը նկատեն կուսակցութեան մէջ «խմբակային պայքարի» վերադարձ»:
-. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան»-ին. «Հինգշաբթի-ուրբաթ գիշերուան ճակատամարտը նախկինէն այլ բնոյթ ստացաւ, որովհետեւ Ալի Թահեր բլուրը արտակարգ խորհրդանշական իմաստ ունի Հըզպալլայի համար, որ այդտեղ ունի մեծ փապուղի մը եւ հրամանատարական մեծ կեդրոններ, որոնք կրնան Լիթանիի հիւսիսին մէջ մեծագոյնը ըլլալ: Բլուրը նաեւ ռազմավարական եւ աշխարհագրական կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ իսրայէլացիները 2000 թուականին իրենց հեռանալէն առաջ այդտեղ տեղակայուած էին»:


