Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Եւրոպական Միութիւնը Հրատապ Կերպով Հայաստանի Հետ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Բարելաւման Քայլերու Թղթածրար Կը Մշակէ

June 20, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովը հրատապ կարգով կը պատրաստէ Հայաստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները բարելաւելու քայլերու ծրար` Ռուսիոյ կողմէ տնտեսական սահմանափակումներու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով չորս աղբիւրներու:

Բրիտանական օրաթերթին տուեալներով` Պրիւքսելի մէջ կը մշակեն այսպէս կոչուած ինքնավար առեւտրական քայլեր, որոնք պիտի նուազեցնեն հայկական պարենային եւ գիւղատնտեսական արտածման մաքսատուրքերը:

Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Օլոֆ Կիլ օրաթերթին յայտնած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը պիտի առաջարկէ ինքնավար առեւտրական քայլեր` աւելի շատ հայկական ձեռնարկութիւններու օգնելու համար մուտք գործել Եւրոպական Միութեան մէջ` շուկայական նոր կարելիութիւններ գտնելու եւ աջակցելու երկրի տնտեսութեան այնտեղ, ուր անիկա ամէնէն շատ տուժած է:

«Հիմա աշխուժանալու եւ անոնց աջակցելու ժամանակն է, ցոյց տալու, որ մենք կրնանք վստահելի գործընկեր ըլլալ», ըսած է «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի աղբիւրներէն մէկը:

Կը նշուի, թէ քայլերը, որոնք կը պահանջեն Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու մեծամասնութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի հաւանութիւնը, պիտի ընդգրկեն շուրջ 20 դասակարգի ապրանքներու մեծ մասը, որուն արժէքը կը կազմէ տարեկան շուրջ 420 միլիոն եւրօ:

Բայց եւ այնպէս, աղբիւրներուն վկայութեամբ, Հայաստանէն արտածուող շարք մը ապրանքներ խնդիրներ կը յառաջացնեն համայնքի պաշտօնեաներուն համար: Ասիկա կը վերաբերի նախ եւ առաջ քոնիաքին` հայկական հիմնական արտածուող ապրանքներէն մէկուն, հաշուի առնելով Ֆրանսայի համար քոնիաքի արտադրութեան կարեւորութիւնը: Խօսքը նաեւ ծովային ելք չունեցող երկրէն Թուրքիոյ կամ Վրաստանի տարածքով շուտ փճացող ապրանքներու տեղափոխման բարդութեան մասին է:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս նախապէս Լիւքսամպուրկի մէջ համայնքի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ անոնց բանակցութիւններուն հիմամբ, յայտնած էր, թէ Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ կողմէ տնտեսական սահմանափակումներուն ի պատասխան պիտի պատրաստէ Հայաստանին աջակցութեան ծրագիր, ինչպէս նաեւ խորհրդականներու առաքելութիւն պիտի ուղարկէ Երեւան այցելելու համար:

Նախապէս ռուսական կողմը, բացայայտուած խախտումներու պատճառով, սահմանափակած էր հայկական արտադրանքի ամբողջ շարքի մը Ռուսիա ներածումը` հանքային ջուրերէն եւ ոգելից խմիչքներէն մինչեւ բանջարեղէն եւ միրգեր:

Ռուսիոյ «Ռոսսելխոզնատզոր»-ի ղեկավար Սերկէյ Տանքվերթ «Ռոսիյքայա Կազեթա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իր գերատեսչութեան կողմէ Հայաստանէն որոշ պարենային ապրանքներու մատակարարման սահմանափակումները պայմանաւորուած չեն քաղաքականութեամբ, այլ յայտնաբերուած խախտումներով:

Անոր համաձայն, Հայաստանի խնդիրը արտադրութեան կազմակերպումն ու վերահսկումն է:

«Կանաչեղէնի հազարաւոր փունջերը կը հաւաքուին մէկ մեքենայի մէջ, որմէ ետք կարգաւորող մարմինները պէտք է ստուգեն արտադրութեան հսկայական ծաւալները: Անիկա ֆիզիքապէս անկարելի է», բացառած է «Ռոսսելխոզնատզոր»-ի ղեկավարը:

 

 

Նախորդը

2026-ի Մոնտիալ. Մեքսիքա Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան. Քանատա Իր Առաջին Յաղթանակը Արձանագրեց

Յաջորդը

Մոսկուա Կը Շեշտէ, Թէ ՕԹԱՆ-ի Քաղաքականութիւնը Հայաստանը Ռուսիայէն Հեռացնելն Է

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Հայաստանը Եւ Իրանը Քննարկեցին Բեռնափոխադրութեան Ոլորտին Մէջ Առկայ Հարցերը
Հայկական

Հայաստանը Եւ Իրանը Քննարկեցին Բեռնափոխադրութեան Ոլորտին Մէջ Առկայ Հարցերը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.