Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան Հնոցի Ազնիւ Եւ Քաջ Ղեկավարը (Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 40-Ամեակին Առիթով)

June 20, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան հերոսապատումին մէջ «Անձինք նուիրեալք» ըմբռնողութիւնը, իր խորիմաստ արտայայտութեամբ, միշտ ալ դարձած է նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան անփոխարինելի կռուան ու գաղափարական սնուցման յորդարար աղբիւր:

ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային գաղափարական ու յեղափոխական այլապէս հարուստ ժառանգութիւնը Մուսա Լերան շառաւիղ Այնճար հայաւանին մէջ հարստացած է անոր հողի երկունքով ժայթքած նոր դիւցազուններու կատարած գործով ու սխրագործութիւններով:

Այո՛, պատմութիւնը մեծագոյն վկան է, որ Այնճարի բարեբեր հողին տակ միայն նահատակներ ու նուիրեալներ չեն հանգչած, այլ այնտեղ թաքնուած կը մնան հայութեան իրաւունքներու հետապնդման, հայրենասիրութեան ու յեղափոխական աւանդներու պաշտպանութեան հարուստ սերմեր` Դաշնակցութեան ցանած սերմեր, որոնք հայութեան դիմագրաւած օրհասական ու ճակատագրական փուլերուն կը ծլարձակին ու կը դառնան «Ո՛վ որ քաջ է, ի՛նչ կը սպասէ» կանչին հզօր արձագանգողներ ու անոնց փոխանցած արձագանգը կը տարածուի ամբողջ հայաշխարհին մէջ:

Այսօ՛ր, Զաւէն Թաշճեանի նահատակութենէն 40 տարիներ ետք, ահաւասիկ նոր սերունդը, որ առիթը չէ ունեցած ապրելու անոր տիպարային ներկայութիւնը, կիսանդրիին տեղադրումով` անոր ոգեղէն ներկայութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան ակումբին մէջ կը դարձնէ տեսանելի` ապրող ու շնչող ներկայութեան: Զաւէն Թաշճեան կը դառնայ մնայուն ներկայ մը ակումբին մէջ եւ մասնակից` կուսակցական բոլոր հաւաքներուն, քննարկումներուն եւ տեսլականներու բիւրեղացման:

Մուշեղ Իշխան արդարօրէն կը վկայէ` «Նահատակ մեռելները մանաւանդ սերունդները ոգեւորող եւ ներշնչող գաղափարական հարստութեան մէջ` ամէնէն խոշոր եւ ամէնէն վսեմ բաժինը ունին»:

Եւ իրաւա՛մբ, «Նայիրեան դալար բարտի»-ի տեղադրումը Դաշնակցութեան կեդրոնին մէջ, անկախ անոր հանդէպ ցուցաբերուած խոր յարգանքէն, անհրաժեշտութիւն մըն է այսօր ապրողներուն` ներկայ սերունդին համար, որպէսզի անոր շուքին տակ կարելի ըլլայ մնալ երկիւղած, գաղափարական, քաջ, հայութեան հոգեմտաւոր արժէքներու նկատմամբ յանձնառու եւ հայաւանի մարտահրաւէրները դիմակալելու խոհուն մտածող ժողովական, գաղափարական մարտիկ եւ Դաշնակցութեան վեհ իտէալներու պաշտպանութեան անկեղծ զինուոր:

40 տարիներու հեռաւորութեամբ, երբ այսօր կը վերյիշեմ ընկեր Զաւէնի համեմատօրէն բարձրահասակ ներկայութիւնը, որ յարիր էր հարցերը վերէն դիտելու, շրջահայեաց մօտեցում ցուցաբերելու, համբերութեամբ ու լայնախոհութեամբ դժուարութիւնները շրջանցելու, վեհութեամբ ու բարձրաթռիչ ապրումներով տեսիլքներ հետապնդելու իր օրինակելի նկարագիրին, կ՛ապրիմ խառն զգացումներով ու բնազդաբար կ՛ըսեմ.

– ԸՆԿԵՐ ԶԱՒԷ՛Ն, ԱՅՍՕ՛Ր, ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷ ԱՒԵԼԻ, ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԴ ԶԳԱԼԻ Է ՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԴ ԽԻՍՏ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ:

ՀՅ Դաշնակցութեան անփոխարինելի հնոցը` Այնճարը, շատ բան կը պարտի այս մեծանուն հայուն, հայ մշակոյթի երկրպագուին ու դաշնակցական հաւատաւոր ու նուիրեալ գործիչին: Բայց աւելի՛ն. ՀՅ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ այս լռակեաց անհատականութիւնը դրած է իր անփոխարինելի դրոշմը: «Նիւթեր Հ. Յ. դաշնակցութեան պատմութեան համար» յառաջիկայ հատորի մը մէջ վաղուան սերունդները վստահաբար պիտի հանդիպին անոր անունին ու իրազեկ դառնան անոր ամբողջական վաստակին ու ձգած մեծ ժառանգութեան:

Հակահայ ու հակադաշնակցական փայտոջիլներու մօտ ահ ու սարսափ ստեղծած այս թաքուն ու համեստ սպարապետը հաւատարմութամբ, անկեղծութեամբ ու քաջութեաբ կատարեց իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները` շատ յաճախ մնալով նաեւ անհասկնալի իր անմիջական միջավայրին մէջ, որովհետեւ Դաշնակցութեան գործը այդ կը պահանջէր: Հակառակ բեմական իր աստուածատուր տաղանդին` նախընտրեց իր պատգամները փոխանցել միայն հայ մշակոյթի արտայայտութիւններով` թատրոն եւ ասմունք, հեռու մնալով բանախօսական ամպիոններէ ու բարձրախօսերէ եւ իր խորհրդաւոր ներկայութեամբ ու սակաւախօսութեամբ տուաւ հատու պատգամներ` բարեկամին եւ թշնամիին: Նոյն այդ թշնամին այնքա՛ն սարսափած էր անոր վիթխարի ներկայութենէն, որ յաջողեցաւ միայն հարուածը նենգօրէն կռնակին ուղղել, որովհետեւ եթէ նայէր անոր աչքերուն, վստահաբար պիտի չկարենար դաւադրական բլթակը սեղմել:

Հպարտ ու երախտապարտ եմ, որ Դաշնակցութեան երիտասարդական միաւոր հազիւ մուտք գործած, մեր սերունդը շատ կարճ ժամկէտով, բայց լիիրաւ կրցաւ ըմբոշխնել այս իւրայատուկ տիտանային անձնաւորութեան ներկայութիւնն ու մեր դաշնակցականի կազմաւորման մէջ ունեցած անոր համակող դերակատարութիւնը եւ ազդեցութիւնը:

40 տարիներու կտրուածքով կը յիշեմ, երբ անոր մարմինը այլեւս պիտի յանձնուէր ցուրտ հողին, յանկարծ լերան ստորոտէն արձագանգեց անոր բարձրաթռիչ հզօր ձայնը` սեւակեան «Դարակէսի հիմնով»`

«Ու գալու է մի ժամանակ,
Երբ որ պիտի մարդիկ նաեւ մերպէսների՛ն
Երկրպագեն`
Ոչ կուռքի՛ պէս, ո՛չ էլ աստծու,
Այլ հերոսի՜»:

Ձայնը տակաւին կ՛արձագանգէ ամէնուրեք: Հնոցը այսօ՛ր կը գտնուի իր արթուն պահակին պատգամը վերանորոգ գաղափարական յանձնառութեամբ կենսաւորելու պարտաւորութեան դիմաց:

Կիսանդրին կանգնեցաւ:

Ներկայ է ընկեր Զաւէն իւրաքանչիւր օր Դաշնակցութեան տան մէջ:

Իւրաքանչիւր օր պիտի հանդիպինք իրեն, յիշենք հնոցը անվտանգ պահելու, Դաշնակցութեան վեհ քաջերու գործը շարունակելու իր անժամանցելի պատգամը:

Ան յուշարարն է մեր երթին: Փորձենք մնալ արժանի` բարձրաճակատ նայելու անոր դէմքին:

Յարգա՛նք իր վաստակին:

 

 

Նախորդը

Արիւնս Կը Խօսի Երկու Պատմութիւն

Յաջորդը

Արմէն Նիկողոսեան Հրաժարեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնէն

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.