Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արիւնս Կը Խօսի Երկու Պատմութիւն

June 20, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի աշակերտ Անժելինա Աշգարեան 2025-ին, երբ մէկ տարուան համար Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր, հետեւեալ գրութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Բացայայտէ ընտանիքիդ պատմութիւնը» համահայկական շարադրական մրցումին, որուն համար ան արժանացաւ յատուկ մրցանակի: Ան այս մրցումին մասնակցեցաւ Տիթրոյթի ՀԲԸՄ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանին կողմէ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հետաքրքրական շարադրութիւնը` նուազագոյն միջամտութիւններով, աշակերտական ոճը պահելու համար: 

ԱՆԺԵԼԻՆԱ ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Արմատները գետնին տակ կրնան թաքնուած ըլլալ, բայց անոնք են ծառին զօրաւոր կանգնելուն պատճառը: Ամէն մէկս մեզի հետ կը տանինք ժառանգութիւն մը` պատմութիւններ, պայքարներ ու արժէքներ, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուած են: Երբ մեր արմատներուն հիմքը կը բացայայտենք, ոչ միայն մեր անցեալը, այլ նաեւ կը լուսաբանենք այն հզօր թեւերը, որոնք կը կազմեն մեր ինքնութիւնը: Այս է ճանապարհը իմանալու, թէ ո՛վ ենք մենք, ուրկէ՛ եւ ե՛րբ ունեցանք մեր ծագումը, եւ ինչպէ՛ս այդ արմատները կ՛ազդեն մեր ներկայի կեանքին ու մեր ինքնութեան վրայ: Արմատներս աւելի խոր են, քան աչքերս կրնան տեսնել կամ յիշողութիւններս կրնան յիշել: Անոնք թաղուած են սերունդներու պատմութիւններուն մէջ, հողին մէջ խնայած են երազներ ու տարած` գոյատեւութեան ծանրութիւնը: Ես ոչ միայն աղջիկ մըն եմ, այլ ծաղկած ճիւղ մը` ծառի մը վրայ, որ տոկացած է փոթորիկներու, քամիներու ու լռութեան մէջ: Իմ իւրաքանչիւր ճիւղս ձեւաւորուած է այն արմատներէն, որոնցմէ կու գան քնքուշ լեզուներ, օճախի բուրմունքներ, աւանդութիւններ, ժառանգութիւններ: Այս գրութիւնն է իմ ուղեւորութեանս դէպի իմ արմատներս:

Իմ ընտանիքիս պատմութիւնը սկսած է Արեւմտահայաստանի Մուսա Լերան մէջ, ուր արեւը ծագած է դաշտերու, լեռնաշղթաներու եւ հին քաղաքներու վրայ, որոնք տեսած են իմ նախնիներուս սէրը, պայքարը եւ գոյութիւնը: Իմ մեծ մօրս` Արմէնուհիին ծնողքը` Պետիկ եւ Մարիձա, ամուսնացած են Մուսա Լեռ ու անոր հայրը հոն կառուցած է տուն մը, որուն մէջ բնակեցան միայն մէկ տարի, որովհետեւ անոնք չուզեցին մնալ թուրքերու կառավարութեան տակ ու այդպիսով 1932թ. եկան Լիբանան ու հաստատուեցան Պէյրութ: Մեծ մայրս տակաւին չէր ծնած: Ան ծնաւ Լիբանանի մէջ: Անոնք չորս աղջիկ եւ չորս տղայ էին` մականունը Օհաննէսեան: Անոնց հայրը որմնադիր էր: Անոնք ապրեցան շատ դժուար պայմաններու տակ` աղքատութիւն, տառապանք ու յոգնութիւն: Մեծ հօրս` Պօղոսին պատմութիւնը, նման է մեծ մօրս ծնողքին պատմութեան: Անոր ծնողքը` Սարգիս եւ Եւա, բնակեր են Մուսա Լեռ,1939-ին եկած են Լիբանան` իբրեւ գաղթական: Հաստատուեր են Այնճար` վրաններու տակ: Մեծ հայրս չորս տարեկան էր, երբ եկան Մուսա Լեռէն. անոնք երեք աղջիկ ու հինգ տղայ էին: Անոնք նոյնպէս ապրեցան շատ դժուար պայմաններու տակ. կը զբաղէին հողագործութեամբ ու ագարակապանութեամբ: Երկու ընտանիքները հայ քրիստոնեայ էին: Մեծ մայրս փոխադրուեցաւ իր ընտանիքին հետ Այնճար: Ֆրանսացիները Այնճարի մէջ կառուցեցին ֆրանսական տուներ բնակիչներուն համար: Մեծ հայրս ու մեծ մայրս ծանօթացան Այնճարի մէջ, անոնք իրար սիրահարեցան ու ի վերջոյ ամուսնացան, եւ աշխարհ եկաւ հայրս` Վաչէն:

Իմ մայրս` Մէյը, լիբանանցի է: Մեծ հօրս` Պահիժին ծնողքը` Կապի եւ Մերի, լիբանանցի են. անոնք նոյն գիւղէն են` Ճիպէյլ (Աքուրա): Անոնք միջին դասակարգէն են, զբաղած են հողագործութեամբ եւ ունէին բազմաթիւ հողեր: Մեծ հայրս ունի երեք եղբայր եւ երկու քոյր: Անոնց մականունը Իմատ է: Այս ընտանիքը գիտցուած է իր քաջագործութիւններով: Մեծ հայրս ցանկապատներ կը կառուցէր շատ իւրայատուկ եւ շքեղ կերպով: Մեծ մօրս` Հնտին ծնողքը` Էտմոն եւ Մէյ, նոյնպէս լիբանանցի էին, սակայն նոյն շրջանէն չէին.անոր հայրը Աքուրայէն է, իսկ մայրը` Թաննուրին գիւղէն: Անոր հայրը բարձր դասակարգէն էր: Ունէր բազմաթիւ հողեր ու գործաւորներ: Մեծ մայրս ունի եօթը քոյր եւ մէկ եղբայր: Անոնց մականունը Ալ Հաշմ է: Հաշմ կը նշանակէ փշրել եւ կտրել: Այս ընտանիքը հռչակաւոր ընտանիք էր Լիբանանի մէջ` բոլորին կողմէ ճանչցուած: Երկու ընտանիքները քրիստոնեայ էին: Մեծ հայրս ու մեծ մայրս նոյն գիւղին մէջ բնակեր են: Անոնք ի վերջոյ իրարու սիրահարեցան ու ամուսնացան` կազմելով սիրուն ընտանիք մը, ու այսպիսով մայրս` Մէյը, աշխարհ եկաւ: Հայրս ու մայրս պատահաբար ծանօթացան եւ այդ պատահականութիւնը դարձաւ անոնց սիրոյ սկիզբը: 1 մայիս 2006-ին մայրս եկաւ Ճիպէյլէն Այնճար: Հայրս` Այնճարի զաւակ, որ բնաւ չէր սպասած, որ սէրը բանար իր սրտին դուռը: Սէրը ծաղկեցաւ` առանց խօսքերու, իսկ կրակը, որ յառաջացաւ, երբեք չմարեցաւ: Այդ օրուան պատահականութիւնը դարձաւ մեր արմատներուն ամենագեղեցիկ ճիւղը: Ես եմ ծաղիկը, որ կեանք առաւ այս սէրէն` Անժելինա Աշգարեան:

Իմ նախնիներուս մականունը շիկահեր եղած է, որովհետեւ շէկ մազ ունէին, սակայն երբ Լիբանան փոխադրուեցան, այդ մականունը արաբերէնի թարգմանուեցաւ եղաւ Աշգարեան (աշքար): Երկու կողմերէն ալ ժառանգած եմ ոչ միայն արիւն, այլ նաեւ` տոկունութիւն: Լսած եմ պատմութիւններ` դէպքերու, դժբախտութիւններու, դաժան օրերու ու նախնիներուս նուիրումներուն մասին: Անոնց նուիրումը միայն անցեալի նուիրում չէր, այլ իմ ապրումս է: Արմատներս կը կրեն անցեալի ծանրութիւնը, սակայն այդ ծանրութիւնը յառաջ մղող ուժս է: Ես հպարտութեամբ կը կրեմ անոնց լեզուն, կը կրեմ անոնց անցեալը, աւանդութիւնները, յաղթանակները ու տառապանքները: Հայկական ուտեստեղէններու անուշ բոյրը ամբողջ տունը կը լեցնէ աննման հայկական մշակոյթով: Այդ բոյրով իմացեր եմ, թէ մշակոյթը միայն անցեալ կամ գիրքերու մէջ գրութիւններ չէ. ան կ՛ապրի խոհանոցին մէջ, ուրախ ծիծաղներու մէջ եւ սէրով լեցուն սիրտերու մէջ: Հայկական երաժշտութիւնը եւ պարերը բաբախող մասնիկն են ժառանգութեանս: Երբ կը պարեմ հայկական պար, խորապէս կը զգամ իմ արմատներուս ու մշակոյթիս գեղեցկութիւնն ու ուժը եւ իմ ու ազգիս միջեւ գտնուող զօրաւոր կապը:

Ես կու գամ պատմողներէ, գոյատեւողներէ եւ ստեղծողներէ: Իմ նախնիները դիմադրեցին պատերազմներու, դիմացան աղքատութեան եւ ճնշումներու` ոչ միայն տոկալով, այլ ժպիտով: Որքան կը սիրեմ իմ անցեալս, այնքան աւելի կ՛իմանամ իմ ինքնութեանս նպատակը: Իմ արմատներս ուղղութիւն եւ ուժ կու տան դէպի տոկուն ապագայ: Ես կ՛աճիմ ու կ՛երկարիմ դէպի ապագայ, սակայն երբեք չեմ մոռնար իմ նախնիներս, արմատներս ու հողս, որոնց շնորհիւ ես կամ: Հայ ըլլալը միայն ծնունդով չէ, այլ ապրելու ձեւ է, մտածելու ձեւ, զգալու ու խորապէս սիրելու ձեւ: Յաճախ լսած եմ, թէ հայ ազգը երբեք չի կորսուիր, եւ հիմա հասկցայ, թէ մենք չենք կորսուիր, որովհետեւ չենք մոռնար մեր արմատները, մեր նախնիներուն պատմութիւնները, մեր նախնիներուն ժպիտը եւ արցունքները: Հայ ըլլալը նախ ցաւ է, ցաւ` մեր պատմութեան, մեր կորուստներուն եւ տառապանքներուն, սակայն այդ ցաւով մենք կը գոյատեւենք: Հայ ըլլալը նաեւ սէր է, սէր` դէպի ընտանիք, դէպի ժողովուրդ, դէպի արժէքներ եւ կրօն:

Կը կրեմ իմ կուրծքիս մէջ երկու օճախ` մէկը վառուած Հայկական Լեռնաշխարհի քարքարոտ բարձունքին, միւսը` լիբանանեան արեւահամ ափին վրայ: Այդ երկուքին ջերմութենէն իմացայ, թէ ինքնութիւնը սովորական բան մը չէ, այլ` ապրող ու շնչող պատմութիւն մը, որ կ՛անցնի սերունդներէ` կրելով իմ նախնիներուս ձայնը եւ իմ ապագայիս երազները: Ինքնութիւնս անսասան ժառանգութիւն մըն է` իմ էութեանս խորքէն ծնած,արիւնով պահպանուած, եւ` հաւատքով վերածնած: Իմ ինքնութիւնս Լիբանանի մայրիին նման է` արմատները խոր, ամուր ու կանգուն` դիմադրելով կեանքի բոլոր փոթորիկներուն: Ան նաեւ նման է Հայաստանի Արարատ լերան` բարձր ու անսասան` լուռ կրելով հազարաւոր պատմութիւններ, որոնց միջոցով ես կամ: Ինքնութիւնս ծառ մըն է, որուն մէկ ճիւղը ծաղկած է Լիբանանի աննահանջ հողին վրայ, իսկ միւսը` Հայաստանի արիւնով սնած հողին վրայ: Հաստատ քայլեր կ՛առնեմ դէպի ապագայ` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր քայլին մէջ կը հնչեն Արարատի արշալոյսի շունչն ու Պէյրութի մայրամուտի փայլքը:

Իմ երակներուս մէջ կը վառի հին ու անխախտ կրակ մը` երկու աշխարհներու կրակը, որ երբեք պիտի չմարի: Երկու հոգիներու զաւակն եմ ժամանակով, պատմութիւններով ու յիշատակներով հիւսուած: Արեանս մէջ կը հոսին Հայաստանի արցունքները եւ Լիբանանի ջերմութիւնը: Երկու մեղեդի, մէկ սիրտ: Հայ ըլլալը ժողովուրդի ցաւը կրել է, ժողովուրդ մը, որ տակաւին կը գոյատեւէ ու կը պայքարի, իսկ լիբանանցի ըլլալը մոխիրէ ծաղկիլ է, աւերակներու վրայ երգել ու սիրել:

Իմ արմատներս զիրար կ՛ամբողջացնեն ու կը կազմեն ինքնութիւնս: Իմ գոյութիւնս գոյատեւումի, գեղեցկութեան եւ հպարտութեան հիանալի բանաստեղծութիւն է:  Ինքնութիւնս հիւսուած է` ցաւով, վիշտով, սէրով, ժպիտով, յիշատակներով եւ անմոռանալի անցեալով: Արմատները մեզ կը պահեն մեր նախնիներուն հողին` արտասանելով գոյատեւման, սիրոյ եւ վերածնութեան պատմութիւն մը: Մեր արմատները կը ձեւաւորեն մեր գոյութիւնը` անցեալով հիւսելով ապագայ: Մեր արմատները մեր սիրտին խարիսխն են, ուր կը սկսի մեր գոյութիւնը: Մեր ինքնութիւնը միացումն է անցեալի եւ ապագայի, վիշտի եւ ուրախութեան, փափաքներու եւ երազներու: Իմ ինքնութիւնս կառուցուած է իմ նախահայրերուս քաջութեամբ, իմ ժառանգութեանս արմատներով եւ իմ հաւատքիս ճշմարտութեամբ: Ես այն սերունդներուն ձայնն եմ, որոնք երազեցին, պայքարեցան, հաւատացին ու գոյատեւեցին: Անոնց պատմութիւնները իմ մէջս կ՛ապրին, իմ արեանս, աղօթքներուս եւ քայլերուս մէջ: Իմ էութիւնս ծառի մը նման է` արմատաւորուած անցեալով ու ծաղկած ապագայով: Իմ նախահայրերուս սէրը, ցաւը եւ հաւատքը դարձան իմ գոյութեան սիւները: Քրիստոնէութիւնը եղաւ լոյսի ճրագը մութին մէջ, իսկ ժառագութիւնս դարձաւ իմ ուժս ու հպարտութիւնս: Թուրքերը փորձեցին ոչնչացնել մեզ, սակայն մոռցան, թէ երբ երկու հայեր կը միանան, կը կազմեն նոր Հայաստան: Շատեր փորձեցին գրաւել Լիբանանը ու գողնալ մեր ժպիտը, սակայն մոռցան, թէ մենք կը ծաղկինք մոխիրի ու աւերակներու տակէն: Ես կամ ու պիտի գոյատեւեմ` երբեք չմոռնալով իմ ինքնութիւնս ու արմատներս, կրելով իմ նախնիներուս արիւնը  խոր արժանապատուութեամբ եւ անոնց պատմութիւնը` հպարտութեամբ:

 

Նախորդը

Մոնտիալի Լուրերէն

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Հնոցի Ազնիւ Եւ Քաջ Ղեկավարը (Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 40-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.