Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կայացան յունիս 7-ին` լայնածաւալ, համակարգային եւ փաստաթուղթերով հաստատուած կեղծիքներով:
Այս ընտրութիւններուն նպատակը պարզապէս ժողովուրդի ներկայացուցիչները կամ երկրին ապագայ կողմնորոշումը ճշդելը չէր: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան լիովին կը գիտակցէր, որ որոշուած արդիւնքէն կախեալ է` ինք պիտի շարունակէ՞ յաւելեալ հինգ տարիներ միանձնեայ երկիրը ղեկավարել, թէ՞ պիտի ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան` սահմանադրութիւնն ու հարիւրաւոր օրէնքներ խախտելուն համար:
Գիտակցելով, որ ասիկա պայքար է սեփական գոյատեւման համար, Փաշինեան օգտագործեց իր տրամադրութեան տակ եղած օրինական եւ անօրէն բոլոր միջոցները` վերընտրուելու եւ բանտարկութենէ խուսափելու համար:
Ընտրակեղծիքները սկսած էին քուէարկութեան օրէն շատ առաջ իսկ: Ընտրութիւններուն նախորդող ամիսներուն կիրարկուած շարք մը տրակոնեան միջոցներու ծիրին մէջ` Փաշինեան հրամայեց ձերբակալել ընդդիմութեան հարիւրաւոր կողմնակիցներ` զանոնք մեղադրելով ընտրակաշառք բաժնելու մէջ:
Այդուհանդերձ, ձերբակալուածներէն ոչ մէկը մինչեւ հիմա դատուած է կամ` մեղաւոր ճանչցուած: Աւելի՛ն. առանց որեւէ իրաւական հիմքի` ան հրամայեց ձերբակալել ընդդիմութեան քանի մը պատգամաւորութեան թեկնածուներ` նպատակ ունենալով տապալել անոնց նախընտրական քարոզարշաւը եւ վախցնել անոնց կողմնակիցները: Փաշինեան նաեւ խախտեց օրէնսդրական պահանջը, որուն համաձայն, խորհրդարանի պատգամաւորութեան թեկնածուն ձերբակալելու համար անհրաժեշտ էր նախապէս ստանալ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին համաձայնութիւնը: Բացի ատկէ` ան արգիլեց ընդդիմադիր առաջնորդներ Գագիկ Ծառուկեանին, Ռոպերթ Քոչարեանին ու Նարեկ Կարապետեանին կարճատեւ ճամբորդութիւններով լքել երկիրը` դարձեալ առանց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անհրաժեշտ համաձայնութեան:
Փաշինեան հրամայեց ձերբակալել ճանչցուած գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը ճիշդ այն օրը, երբ վերջինս յայտնեց իր աջակցութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Ամիսներ շարունակ նախնական կալանքի վայրին մէջ ծանր պայմաններու տակ գտնուելէ ետք, Կարապետեանի փոխադրուեցաւ տնային կալանքի: Այս քայլով Փաշինեան փաստօրէն զրկեց քաղաքական մեծ ընդդիմախօսը ընտրութիւններէն առաջ իր կուսակցութեան ի նպաստ քարոզարշաւ ընելու կարելիութենէն:
Ընտրութիւններուն նախորդող շաբաթներուն Փաշինեան շրջագայեցաւ ամբողջ երկրով մէկ` իր քաղաքական քարոզարշաւին համար անօրինաբար օգտագործելով պետական հսկայական կարողականութիւնը: Իրեն կ՛ընկերակցէին նախարարներ եւ խորհրդարանի ղեկավարներ, որոնք կը չարաշահէին իրենց պաշտօնական դիրքերը` առանց արձակուրդ երթալու:
Հակառակ ընտրական օրէնսդրութեան` կառավարութիւնը հարիւրաւոր աշակերտներ եւ ուսուցիչներ ստիպեց դպրոցական ժամերուն մասնակցիլ Փաշինեանի քարոզարշաւի հաւաքներուն` զանգուածային հանրային աջակցութեան պատրանք ստեղծելու նպատակով: Նման պարտադիր ներկայութեան ենթարկուեցան նաեւ պետական պաշտօնեաները:
Ընտրողներու ցանկերուն վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարած էր 2,5 միլիոն արձանագրուած ընտրողներու մասին` առաւելագոյնը երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մէջ: Այս ցանկերուն մէջ ներառուած էին մեծ թիւով 18 տարեկանէն փոքր մանուկներ ու պատանիներ եւ հարիւր հազարաւոր հայեր, որոնք տարիներ առաջ արտագաղթած էին, սակայն անոնց անունները կը շարունակէին մնալ ընտրացանկերուն մէջ: Այս անհամապատասխանութիւնը լայն կարելիութիւն կը ստեղծէր ընտրակեղծիքներու, որովհետեւ կառավարութիւնը կրնար քուէարկել բացակայ քաղաքացիներուն փոխարէն: Արդարեւ, շարք մը ընտրողներ, հասնելով ընտրատեղամասեր, պարզած էին, որ իրենց փոխարէն մէկը արդէն քուէարկած է:
Յաւելեալ ընտրակեղծիքներ տեղի ունեցան, երբ իշխանութիւնները մեծ թիւով զինուորներ բերին ընտրատեղամասեր եւ հրահանգեցին անոնց քուէարկել վարչապետին կուսակցութեան ի նպաստ: Այս զինուորները բազմակի քուէարկութիւն կատարեցին` տեղափոխուելով քանի մը ընտրատեղամասեր, մարտավարութիւն մը, որ ծանօթ է իբրեւ «կարուսելային քուէարկութիւն»:
Իշխանութիւնները խոչընդոտներ ստեղծեցին նաեւ Հայաստանի այն քաղաքացիներուն համար, որոնք արտերկրէն յատուկ եկած էին քուէարկութեան մասնակցելու նպատակով: Հազիւ ժամանած` անոնցմէ շատեր անմիջապէս ուղարկուեցան 25-օրեայ զինուորական հաւաքներու` այդպիսով զրկելով զանոնք ընտրական իրաւունքէն:
Զարմանալիօրէն, յունիս 7:00-ին, մինչ տակաւին քուէարկութեան արդիւնքներուն փոքր մասը հաշուըւած էր, Փաշինեան փութաց յայտարարելու, թէ իր կուսակցութիւնը ստացած է մեծամասնութիւն` այդպիսով ճնշում բանեցնելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին վրայ զինք յաղթող հռչակելու համար:
Յունիս 8-ի նախնական հաշուարկէն ետք լուրջ անհամապատասխանութիւններ երեւան եկան ընտրատեղամասերուն մէջ արձանագրուած ձայներուն եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած ընդհանուր թիւերուն միջեւ: Ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն ի նպաստ տրուած հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր ձայներ պակաս հաշուըւած էին: Բոլոր երեք մեծ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մերժեցին արդիւնքները` զանոնք որակելով կեղծուած, նաեւ պահանջեցին նոր ընտրութիւններ եւ դիմեցին սահմանադրական դատարան: Սակայն նոր ընտրութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի բերէին նոյն արդիւնքը` կիրարկուած նոյն կեղծ մեթոտներուն պատճառով: Աւելի՛ն. սահմանադրական դատարանի բոլոր անդամները նշանակուած են Փաշինեանի խորհրդարանական գործընկերներուն կողմէ, ինչ որ արդիւնքներու չեղարկումը գրեթէ անկարելի կը դարձնէ:
Յունիս 14-ին` ընտրութիւններէն ճիշդ շաբաթ մը ետք, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակեց վերջնական արդիւնքները: Հակառակ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցած փաստաթուղթերուն, որոնք ցոյց կու տային բազմաթիւ չհաշուարկուած ձայներ, յանձնաժողովը պնդեց, որ կուսակցութեան քանի մը ձայն պակսած է 4 տոկոսի շեմը յաղթահարելու համար: Արդիւնքներուն հիման վրայ յայտարարուեցաւ, որ Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ստացած է ձայներուն 49.75 առ հարիւրը` ապահովելով 64 խորհրդարանական աթոռ, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 23.27 առ հարիւր, 29 աթոռ, իսկ «Հայաստան դաշինք»-ը` 9.9 տոկոս, 12 աթոռ: Փաշինեանի կուսակցութիւնը ապահովեց խորհրդարանի աթոռներուն մօտ 60 առ հարիւրը, հակառակ անոր որ ստացաւ հանրային ձայներուն միայն 49 տոկոսը, այդպէս եղաւ, որովհետեւ մնացած 15 կուսակցութիւնները չյաղթահարեցին 4 տոկոսի անցողակի շեմը, ուստի անոնց ձայները վերաբաշխուեցան` գլխաւորաբար ի նպաստ Փաշինեանի կուսակցութեան:
Այսուամենայնիւ, Փաշինեանի կուսակցութեան չյաջողեցաւ ապահովել անհրաժեշտ երկու երրորդ մեծամասնութիւնը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջած նոր սահմանադրութիւնը ընդունելու համար: Հետեւաբար Ազրպէյճանը պիտի հրաժարի ստորագրելէ Փաշինեանի կողմէ լայնօրէն գովաբանուած Խաղաղութեան պայմանագիրը: Այս կացութիւնը Փաշինեանը կը դնէ շատ անյարմար դրութեան մէջ, որովհետեւ ան քարոզարշաւ կը վարէր խաղաղութեան խոստումին հիման վրայ` միաժամանակ ընդդիմութիւնը մեղադրելով «պատերազմի կուսակցութիւններ» ըլլալու մէջ:
Նախորդ շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ ծաւալած են լայնածաւալ քննարկումներ այն մասին, թէ արդեօք ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պէ՞տք է վերցնեն իրենց աթոռները կեղծուած խորհրդարանին մէջ, թէ՞ հրաժարին անոնցմէ եւ պոյքոթի ենթարկեն: Երկու տարբերակներն ալ ունին իրենց առաւելութիւններն ու թերութիւնները: Յառաջիկային անոնք պիտի յայտարարեն իրենց որոշման մասին:
Անկախ անկէ, թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները ի՛նչ պիտի որոշեն` ստանձնե՞լ խորհրդարանական աթոռները, թէ՞ ոչ, անոնք պէտք է ձեռնարկեն հետեւեալ երկու կարեւոր քայլերու.
1.- Միաւորել բոլոր ընդդիմադիր ուժերը եւ միասնաբար կոչ ուղղել հարիւր հազարաւոր հայերու` ողողելու Երեւանի եւ այլ քաղաքներու փողոցները` մասնակցելու` անընդմէջ բողոքի ցոյցերու, մինչեւ Փաշինեանի հրաժարականը:
2.- Ձեւաւորել «ստուերային խորհրդարան» (shadow cabinet)` ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները նշանակելով ոչ պաշտօնական նախարարական պատասխանատուութեան վրայ: Այս կառոյցը պիտի ղեկավարէ Փաշինեանը պաշտօնանկ ընելու գործընթացը եւ պիտի նախապատրաստէ իշխանութեան սահուն փոխանցումը անոր հեռացումէն ետք:



