Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 15, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին. «Պատերազմին վերջ տալու գծով Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը նաեւ Լիբանանը պիտի ներառէ»:

– ԱՂԲԻՒՐ մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին. «Իսրայէլին հասած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութիւնը Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն պիտի ներառէ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանեան ճակատին վրայ յառաջիկայ փուլին նկատմամբ մտավախութիւն գոյութիւն ունի, որովհետեւ իսրայէլեան դիրքորոշումը միջազգային ջանքերուն համահունչ չէ, ինչ որ շրջանային որեւէ փոխըմբռնում հարաւային Լիբանանի մէջ իրողական կայունութեան վերածելու կարելիութեան շուրջ հարցականներ կը ստեղծէ»:

– ԱՂԲԻՒՐ մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին. «Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ դժուար հոլովոյթի մը առաջին քայլը պիտի ըլլայ»:

– ԱՂԲԻՒՐ մը «Արապիա»-ին. «Ուաշինկթընի բանակցութիւնները լիբանանեան բանակի Լիթանի գետէն հարաւ աստիճանական վերադարձը պիտի արտօնէ»:

– ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան ստորագրութենէն ետք Պաապտայի պալատին եւ Հըզպալլայի միջեւ ուղղակի հաղորդակցութեան գիծին վրայ զարգացում արձանագրուի, եւ այդ հաղորդակցութիւնը ուշ կամ կանուխ տեղի պիտի ունենայ»:

– ԼԻԲԱՆԱՆ-Իսրայէլ բանակցութիւններէն լաւատեղեակ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսկական պայքարը հարաւային Լիբանանի ապագային եւ յետպատերազմեան փուլի բնոյթին շուրջ է, յատկապէս երբ Միացեալ Նահանգներ-Իրան պատերազմը կը մօտենայ իր աւարտին, թէեւ ատիկա չի նշանակեր անոր աւարտը Լիբանանի, մասնաւորաբար անոր հարաւին մէջ»:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Իրանցիներու կարծիքով, հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան հեռացումը մաս պիտի կազմէ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին. «Իսրայէլ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակում պիտի գործէ, եթէ Հըզպալլան հիւսիսի գիւղերը թիրախաւորէ, եւ այդ ատեն պիտի տեսնենք, թէ Իրանի հակադարձութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլայ»:

Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ Իսրայէլ պիտի հակադարձէ, եթէ Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումէն ետք Իրան իր վրայ յարձակում գործէ` ընդգծելով, որ Իսրայէլ «ճակատներու միաւորումը պիտի չընդունի»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլեան ուժերը անցեալ գիշերուընէ ի վեր Ալի Թահեր բարձունքներուն ուղղութեամբ յառաջանալու եւ զանոնք վերահսկողութեան տակ առնելու մէկէ աւելի փորձեր կատարեցին, սակայն Հըզպալլայի կողմէ դիմադրութեան հանդիպեցան, եւ յառաջացող ուժը հրթիռակոծուեցաւ եւ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ»:

– ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Պաապտայի պալատին եւ Այն Թինէի միջեւ, ինչպէս նաեւ վարչապետարանին հետ հաղորդակցութիւնը խզեց լարուած մթնոլորտը` ուղղուելով դէպի Լիբանանի դիրքերու ամրապնդման ձգտում` անկախ բանակցութիւններու եւ վերջին փուլի արդիւնքներուն շուրջ տարակարծութիւններէն»:

– ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլան հաղորդակցութիւններու ու քննարկումներու մթնոլորտին մէջ է եւ տեղեակ է Պաապտայի պալատին ու Այն Թինէի միջեւ տեղի ունեցողէն»:

– «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Սէուտցի յատուկ պատուիրակ Պըն Ֆարհան իշխանը, որ հանդիպում ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ, լուսարձակներէ հեռու այլ հանդիպումներ ունեցաւ, որոնց ընթացքին մաղթանքի ծիրին մէջ վերստին շրջանառութեան մէջ դրաւ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ հանդիպումի գաղափարը` միաւորելու եւ զօրացնելու համար լիբանանեան դիրքորոշումը»:

– «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պըն Ֆարհան իրեն հետ նոր նախաձեռնութիւն մը չբերաւ, եւ իր այցելութիւնը, որ լիբանանեան արտադրութիւններու դէմ հաստատուած արգելքի վերացման որոշումին զուգահեռ էր, յաւելեալ բացուելու շրջագիծին մէջ է»:

«ԱՍԱՍ». «Լիբանանեան պետութիւնը, Իսլամապատի հոլովոյթէն անկախ, կառչած կը մնայ իր բանակցային հոլովոյթին, մինչ սէուտցի պատուիրակ Պըն Ֆարհան կը ջանայ բանակցութիւններուն շուրջ դիրքորոշումը միաւորել, որպէսզի Լիբանան «կաղ վիճակի մէջ» Ուաշինկթըն չերթայ»:

– ԱՄԱԼ շարժումի գործադիր մարմինի պետը «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին. «Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ լիբանանեան միացեալ դիրքորոշումի մը կը ձգտինք»:

– ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ստանձնեց հանդիպումներու շարունակումը` փորձելով համաներումի օրինագիծին շուրջ համաձայնական մթնոլորտ ապահովել` ամբողջացնելու համար խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն գոյացուցած նախագիծը, ուստի եւ դիւրացնելու լիագումար նիստի ընթացքին անոր որդեգրումը»:

– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ պետական լրատու գործակալութիւն. «Սէուտական-լիբանանեան ապահովական գործակցութիւնը վնասազերծեց քրէական ցանց մը եւ խափանեց 3,9 միլիոն դեղահատ թմրեցուցիչներու մաքսանենգումը»:

– «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իրան հասկացողութեամբ պիտի վերաբերի Լիբանանի մէջ իր դեսպանի թղթածրարին նկատմամբ եւ կը ջանայ անոր յարմար լուծում մը գտնել: Առաջարկներու շարքին է դեսպանին` Լիբանանի մէջ իբրեւ յատուկ պատուիրակ նշանակուիլը եւ անոր այդ հիմամբ վերաբերիլը»:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Սաժես-ՀՄԸՄ` 99-97

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Ենթադրեալ Համաձայնութիւնը Ամբո՞ղջ Լիբանանը Կը Ներառէ»

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.