Ճիւտոյի հայ մարզիկ Վահէ Աղասեան, որ կը մասնակցէր Էսթոնիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի բաց բաժակի մրցաշարքին, կրցաւ նուաճել ոսկի մետալը:
Թալինի մէջ տեղի ունեցած միջազգային այս մրցաշարքին, Աղասեան 60 քկ կշիռի կարգի մրցումներուն կրցաւ յաղթանակներ արձանագրել Բրիտանիոյ, Իսրայէլի, Իտալիոյ ու Լեհաստանի ներկայացուցիչներուն դէմ եւ բարձրանալ պատուոյ հարթակի ամէնէն աստիճանին վրայ:
Հայաստանի հաւաքականը մասնակցեցաւ 6 մարզիկներով եւ Եւրոպայի բաժակը աւարտեց երկու մետալ ձեռք ձգելով` ոսկի եւ պրոնզ:
Գոռ Կարապետեան հանդէս եկաւ մինչեւ 100 քկ կշիռի մրցումներուն եւ յաղթեց Ուքրանիոյ, Իտալիոյ եւ Խրուաթիոյ ներկայացուցիչներուն, սակայն պարտուեցաւ Լաթվիոյ մարզիկէն:
Թալինի մէջ իր ելոյթներէն ետք Հայաստանի հաւաքականը կը մեկնի Խրուաթիոյ Պորեչ քաղաքը, ուր կ՛անցընէ ուսումնամարզական հաւաք:


