Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի («Ֆայնըլ 8») մրցումներուն գծով, այսօր երեկոյեան ժամը 20:45-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մրցի Սաժեսի դէմ:
Սաժես մէկ յաղթանակի պէտք ունի հասնելու կիսաւարտական, մինչ ՀՄԸՄ պիտի փորձէ յաղթել Ղազիրի մէջ` մրցում մը եւս կատարելու համար Մըզհերի մէջ:
Վերջին մրցումին չորեքշաբթի օր ՀՄԸՄ-ի օտար մարզիկներէն Տիքեմպէ Տիքսըն վիրաւորուած էր եւ շատ հաւանաբար բացակայի, եւ զինք փոխարինէ Համատ Ֆաթհի, որ Մայքըլ Ուաթքինզի հետ պիտի փորձէ զսպել Սաժեսի յարձակումները, մինչ Ճորտըն Սթիվընզ, Մոհամետ Հթէյթ Ազիզ Ապտելմասիհ, Պրայըն Սալեհ, Փիթըր Տեքերմենճեան եւ Թանիոս Աքիքի պիտի փորձեն կէտեր նշանակել` խումբին օգնելով յարձակողական գետնի վրայ:
Երէկ Սանթրալ եղաւ կիսաւարտականի հասնող առաջին կազմը` 68-62 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հուփսին եւ ճակատումներու 3-0 արդիւնքով յաղթանակէ ետք:
Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին Անդրանիկ պիտի փորձէ յաղթել Անթունիէին, որ 2-0 ճակատումներու արդիւնքով յառաջացած է:
Այսօր հայկական զոյգ խումբերուն համար վճռական օր է, եւ պէտք է պայքարիլ պահելու համար կիսաւարտականի յոյսերը:
Վաղը յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին Ռիատի պիտի հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթը, եւ յաղթանակի պարագային Ռիատի կը հասնի կիսաւարտական:


