Սովորական ժամադրութիւններ չեն Մայիսեան փառատօները, որոնք 1978-էն ի վեր տեղի կ’ունենան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին տարեկան հաշուետուութիւնը ներկայացնելու եւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցանակաբաշխութիւնները եզրափակելու համար:
Բազմահազար հանդիսականներու ներկայութեամբ այս փառատօները ժողովրդային անվիճելի ապացոյց են, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական միութիւն մը չէ: Դպրոց է, հաւաքական կեանքի մեծ փորձառութիւն է, ուր հարիւրաւորներ կը սորվին միասին քալել, համաչափ քալել եւ նոյն նպատակին համար քալել:
Հոս` այս դաշտին վրայ, քիչ ետք բոլորս վկաները պիտի դառնանք այս երեւոյթին եւ պիտի անդրադառնանք, թէ ինչպէ՛ս մասնաճիւղային, տարիքային, մարզական թէ սկաուտական բոլոր տարբերութիւնները իր մէջ ձուլելով` ՀՄԸՄ «Նահատակ ցեղի անմահներ»-էն կը ստեղծէ կամաւոր մէկ մեծ բանակ` ազգային վեհ գաղափարախօսութեամբ եւ նուիրումի պատասխանատուութեամբ:
Բանակ, որ երբ իր կարգապահ շարքերով կը տողանցէ, ուխտի արարողութիւն է, որ կը կատարէ: Համայնական ու միասնական մեր երթը կու գայ հաստատելու` հայութեան եւ աշխարհին, որ մենք հո՛ս ենք` իբրեւ նպատակասլաց սերունդ: Ներկա՛յ ենք, եռանդով լեցուն ուժ ենք, կորով ու կամք ենք:
Մենք ՀՄԸՄ-ի ընտանիքն ենք: Ունինք անցեալէն եկող յիշողութիւն եւ դէպի ապագայ գացող ժառանգութիւն: Մենք քաջածանօթ ենք մեր պատմութեան, Դատին ու պահանջատիրութեան: Գիտենք, թէ ուրկէ՛ կու գանք եւ դէպի ո՛ւր կ’երթանք:
Մենք շառաւիղներն ենք Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած ժողովուրդին եւ մայիսեան անկախութեամբ վերականգնած սերունդին: Թոռներն ենք արամմանուկեաններուն եւ դրոներուն, թեհլիրեաններուն եւ թորլաքեաններուն:
Մենք կը կրենք աւանդը վարդգէստէրկարապետեաններուն եւ սարգիսազնաւուրեաններուն, անսասան հաւատքը` վարդանբախշեաններուն եւ վիգէնզաքարեաններուն: Ու գիտենք տեղի չտալ, ազգային մեր արժէքներն ու համոզումները չսակարկել, չնահանջե՛լ, մեր ուժն ու զօրութիւնը առնելով այս փառատօնը առաջնորդող չորս դրօշներէն:
Հայաստանի դրօշէն, որ խորհրդանիշն է մեր պետականութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ խոր արմատներուն:
Արցախի դրօշէն, որ ուղենիշն է մեր պայքարին, դիմադրութեան եւ անկորնչելի իրաւունքներուն:
Լիբանանի դրօշէն, որ արտայայտիչն է այս երկրին հանդէպ մեր ունեցած քաղաքացիական պատկանելիութեան եւ յանձնառութեան:
Եւ վերջապէս, ՀՄԸՄ-ի դրօշէն` իբրեւ 108-ամեայ մեր միութեան անցեալի, ներկայի ու ապագայի ցուցանիշ: Դրօշ, որուն գաղափարական շունչով թրծուած սերունդները իւրաքանչիւր մայիս 28-ի բարձրաճակատ կը յայտարարեն, որ Արարատը մե՛րն է: Արցախը հայկակա՛ն է: Ա. Հանրապետութիւնը վերածնունդի մեր խորհրդանիշն է եւ ամբողջական, ազատ ու անկախ Հայաստանի հիմնաքարն է:
Երբ այս չորս դրօշները կողք-կողքի կը ծածանին, կը դադրին միայն խորհրդանիշներ ըլլալէ, անոնք ամբողջ պատմութիւն մը կը խտացնեն իրենց մէջ: Կը մարմնաւորեն ամբողջ ժողովուրդ մը, որ հակառակ իր ստացած հարուածներուն, յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան, միշտ կը յաջողի վերականգնիլ, վերակազմակերպուիլ եւ ազգային իր երթը շարունակել:
Ու երբ ՀՄԸՄ-ականը այս դրօշներուն ետեւէն կը քալէ, միայն տողանցքի մը մասնակիցը չի դառնար, այլ ամբողջ պատմութեան մը շարունակողը կը հանդիսանայ:
Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ժողովուրդը կը գնահատէ ՀՄԸՄ-ը եւ ՀՄԸՄ-ի իւրաքանչիւր յաղթանակին մէջ կը տեսնէ իր սեփական յաղթանակը, հայ ոգիին եւ հայ ինքնութեան պահպանման յաղթանակը, որովհետեւ ան նոյնացած կը տեսնէ իր եւ ՀՄԸՄ-ի ազգային իտէալներն ու անկատար տենչերը:
Ահա թէ ինչո՛ւ նաեւ մեր ժողովուրդը կը ծափահարէ ՀՄԸՄ-ին, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը մնայ ազգային ներշնչումի եւ խանդավառութեան իր մնայուն հարստութիւնը: Այսպէս`
Երբ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ը մարզադաշտերուն մէջ կը հնչէ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերը կը թնդան ազգային ապրումներով:
Երբ մեր տղաքն ու աղջիկները դաշտերու վրայ կը տողանցեն, հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան է, որ կը պարզուի մեր դիմաց:
Երբ մեր մարզիկները մետալներու կը տիրանան, իրենց իրագործումին մէջ հաւատաւոր միութենականներու քրտինքն ու վաստակն է, որ կ’երեւի:
Ու երբ մեր սկաուտները «Պատուի ա՛ռ»-ի կը կանգնին, անոնց աչքերուն մէջ հայութեան եւ Հայաստանի ծառայութեան սէրն է, որ կը փայլի:
Այս բոլորն է ՀՄԸՄ-ը: Բոլորի՛ն է ՀՄԸՄ-ը: Հայ իրականութեան մարմնակրթական մեծագոյն շարժումն է ան ու պիտի մնայ անկասկա՛ծ` իբրեւ առաջադրանք ունենալով օրէ օր դառնալ աւելի՛ հայկական, աւելի՛ ընդհանուր, աւելի՛ կազմակերպ ու աւելի՛ արդիական միութիւն` աշխարհասփիւռ իր մասնաճիւղերով, հայրենատենչ սկաուտներով ու հայրենակարօտ մարզիկներով:
Ահա այս տրամադրութիւններով կ’ողջունենք Մայիսեան փառատօնին կազմակերպիչ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, փառատօնին մասնակից մասնաճիւղերն ու վարժարանները եւ բոլորին կ’ըսենք`
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը հզօր է ձեզմով:
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը հպարտ է ձեզմով:
Դուք մեր վաղուան կերտիչներն էք, մեր ժողովուրդի յոյսի եւ լաւատեսութեան աղբիւրն էք: Թող ձեր առոյգ ու կայտառ շարքերը մեր ազգն ու հայրենիքը առաջնորդեն դէպի աւելի լաւ օրեր, դէպի այնքա՜ն սպասուած յաղթանակներ:
Յառա՜ջ, կանգ մի՛ առնէք երբեք:
Յառա՜ջ, անսասան, յառա՜ջ անդեդեւ, դէպի յաղթանա՛կ:
* ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ արտասանուած խօսք` 31 մայիս 2026-ի մայիսեան փառատօնին:



