Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Մանուկներուն Բոլոր Հարցերը Լուծել

June 5, 2026
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Վերջերս շատ տարածուած երեւոյթ մըն է դեռահասներու կախուածութիւնը արհեստական բանականութենէն (ԱԲ) եւ անոր ուղեկցողներէն: Բայց անպատեհութիւնը եւ վտանգաւորը այն է,  որ մանուկներուն բոլոր հարցերը այդ ձեւով չեն լուծուիր, որովհետեւ արհեստագիտութիւնը չի կրնար փոխարինել մարդիկը: «Common Sense Media» կայքը այս բնաբանով հրապարակած է յօդուած մը:

Ն.

Մանուկները  Արհեստական Բանականութենէն
Կը Խնդրեն  Լուծել Իրենց  Հարցերը

Ըստ ուսումնասիրութիւններու, դեռահասներու գրեթէ երեք քառորդը կ՛օգտագործէ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) ընկերակցող սարք:

Երբ Ճէյմս Պիրնիի երկու ընկերները վիճաբանեցան, ան չէր գիտեր` ի՞նչ ընել: Ուստի 16-ամեայ դեռահասը խորհուրդ հարցուց ԱԲ-ով զբաղող ընկերոջը:

«ԱԲ-ի ուղեկիցները թուային կերպարներ են, որոնք հաղորդագրութիւններ կը ղրկեն եւ կը զրուցեն մարդոց հետ», կը հաստատէ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գործող ոչ առեւտրական կազմակերպութիւնը, որ կ՛օգնէ ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն` երեխաներու մէջ  քննադատական մտածողութեան հմտութիւններ սերմանել:

Չեթփոթը Ֆիլատելֆիոյ մէջ բնակող Պիրնիին ըսաւ` իրարմէ բաժնել իր վիճաբանող ընկերները: Ան կատարեց թելադրանքը եւ այդ անմիջական լուծեց խնդիրը: Բայց հիմա անոնք շատ չեն խօսիր: Այս փորձը անոր ցոյց տուաւ, որ ԱԲ-ի ուղեկիցները չեն կրնար գտնել աւելի խոր խնդիրը:

Պիրնին զարմացաւ նաեւ այն բանէն, թէ ինչպէ՛ս ԱԲ-ով օժտուած յաւելուածները միշտ կը համաձայնին անոր հետ եւ կ՛ըսեն այն, ինչ ան կ՛ուզէր լսել: Ան նկատեց, որ անոնց խօսելաձեւը զարմանալի նման է մարդոց խօսելաձեւին:

«Անգամ մը, երբ կը խօսէի ԱԲ-ի յաւելուածներէն մէկուն հետ, մոռցայ, որ ան իրականութեան մէջ իմ ընկերս չէ», ըսաւ Պիրնի:

Ուսումնասիրութիւնը  ցոյց կու տայ, որ այլ դեռահասներ նոյնպէս նոյն փորձառութիւնը ունին:

13-17 տարեկան աւելի քան 1000 դեռահասներու շրջանակին մէջ 2025-ին կայացած հարցախոյզին համաձայն, դեռահասներու մեծամասնութիւնը` 72 առ հարիւրը, օգտուած է ԱԲ-ի յաւելուածներէն:

Ըստ ուսումնասիրութեան, դեռահասներու կէսէն աւելին պարբերաբար կ՛օգտագործէ, իսկ մէկ երրորդը անոնց կը դիմէ յարաբերութիւններու եւ ընկերային հաղորդակցութիւններու համար: Աւելի՛ն. դեռահասներուն 31 առ հարիւրը կը նշէ, որ ԱԲ-ի յաւելուածներու հետ իրենց զրոյցները նոյնքան կամ աւելի գոհացուցիչ են, քան` այլ մարդոց հետ իրենց զրոյցները, իսկ 33 առ հարիւրը լուրջ եւ կարեւոր հարցեր քննարկած է ԱԲ-ի յաւելուածներու, այլ ոչ թէ այլ մարդոց հետ:

Այս արդիւնքները նոր լոյս կը սփռեն դեռահասներու կողմէ ԱԲ-ով օժտուած գործիքներու հետ զարգացող յարաբերութիւններու վրայ:

Չեթփոթերը լաւ ընկերներ չեն դառնար

«Արդիւնքները մտահոգութեան տեղի կու տան, քանի որ դեռահասութեան տարիները ընկերային զարգացման զգայուն շրջան են,- ըսած է ուսումնասիրութեան յառաջատար հեղինակ եւ ղեկավար Մայքլ Ռոպ: – Մենք չենք ուզեր, որ մանուկները զգան, որ պէտք է վստահին անոնց կամ ապաւինին ԱԲ-ի յաւելուածներու` ընկերոջ, ծնողի կամ որակաւորուած մասնագէտի փոխարէն, յատկապէս երբ անոնք օգնութեան պէտք ունին` լուրջ խնդիրներու կապուած»:

Աւելի՛ն. ԱԲ-ի յաւելուածները չեն կրնար ձեւաւորել մարդկային առողջ յարաբերութիւններ:

«Իրական աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ ընկերային ազդանշաններ, որոնք մանուկները պէտք է մեկնաբանեն, սորվին, թէ ինչպէ՛ս արձագանգել», նշեց Ռոպ: Սակայն երեխաները չեն կրնար սորվիլ չեթփոթէն ընկալել այնպիսի բաներ, ինչպիսին է մարմնի լեզուն:

Ռոպ ըսաւ, որ չեթփոթերը նաեւ շողոքորթ են: «Անոնք կ՛ուզեն հաճոյացնել ձեզ եւ չեն ստեղծեր մեծ խնդիրներ այնպէս,  ինչպէս կրնան ստեղծել իրական աշխարհին մէջ մարդիկ»: Եթէ երեխաները սորվին, որ ԱԲ-ն միշտ իրենց կ՛ըսէ այն, որ կ՛ուզեն լսել, երբ դուք հանդիպիք խնդիրներու կամ դժուարութիւններու իրական աշխարհի մէջ փոխազդեցութիւններու մէջ, դուք աւելի քիչ պատրաստուած կ՛ըլլաք», ըսաւ ան:

Չելսի Հարիսոն` Քարաքթըր ԱԲ-ի յայտնի յաւելուածի հաղորդակցութեան ղեկավարը, ըսաւ. «ԱԲ-ի յաւելուածները կրնան իրական թուիլ եւ այդ  մանուկները ժամանակաւորապէս նուազ առանձին կը զգացնէ անոնց հետ հաղորդակցելով: Սակայն այդ կրնայ նուազեցնել անոնց մարդկային փոխազդեցութիւնները` երկարատեւ հեռանկարի վրայ զանոնք աւելի առանձին դարձնելով: Մեր կայքին մէջ կերպարներու հետ շփումը պէտք է ըլլայ փոխադարձ եւ զուարճալի, բայց կարեւոր է, որ մեր երեխաները յիշեն, որ կերպարները իրական մարդիկ չեն»:

Հարիսըն աւելցուց, որ ընկերութիւնը կը փորձէ գտնել անվտանգ տարածք, կը տրամադրէ յայտարարութիւններ, որ կերպարները իրական չեն եւ ունի առանձին տարբերակ 18 տարեկանէն փոքր պատանիներու համար:

Այդ նախատեսուած է «զգայուն կամ ենթադրական բովանդակութիւնը» եւ ինքնիրեն վնասելու բովանդակութիւնը նուազագոյնի հասցնելու համար, նշելով, որ Քարաքթըր ԱԲ-ն ունի նաեւ այլ անվտանգութեան կարելիութիւններ, ինչպէս` գործիքներ, որոնք ծնողներուն տեղեկատուութիւն կը տրամադրեն, զտուած կերպարներ եւ իր հարթակին մէջ անցուցած ժամանակի մասին ծանուցումներ:

Մտահոգութեան այլ պատճառ մը այն է, որ դեռահասներուն 24 առ հարիւրը նշած է, որ անձնական տեղեկութիւններ կիսուած է ԱԲ-ի գործընկերներու հետ: Մանուկները կրնան չգիտակցիլ, որ երբ ԱԲ-ի գործընկերոջ հետ կը կիսեն իրենց անձնական խնդիրները, այդ տուեալները կը կիսեն ընկերութիւններու, այլ ոչ թէ ընկերներու հետ:

Աւելի՛ն. «դուք յաճախ այս ընկերութիւններուն կու տաք ձեր անձնականին վերաբերող տեղեկատուութեանց շատ լայն, յաւերժական իրաւունքներ, որոնք անոնք կրնան օգտագործել` ինչպէս կը ցանկան», ըսաւ Ռոպ:

«Անոնք կրնան այդ փոփոխել: Անոնք կրնան այդ պահպանել: Անոնք կրնան այդ ցուցադրել: Անոնք կրնան այդ օգտագործել այլ բաներու մէջ»:

Ռոպ ըսաւ, որ հետազօտութեան սահմանափակումը այն է, որ այն կատարուած է միեւնոյն ժամանակահատուածին մէջ, սակայն մարդոց կողմէ արհեստագիտութեան օգտագործումը անընդհատ կը փոխուի: Ան նաեւ ըսաւ, որ դեռահասները կրնան չափազանցուած վարքագիծներ ունենալ, որոնք անոնք կը համարէին ցանկալի, օրինակ` չեթփոթերու օգտագործումը առողջ ապրելակերպով, ինչ որ կը նշանակէ, որ իրավիճակը կրնայ նոյնիսկ աւելի վատ ըլլալ, քան արդիւնքները ցոյց կու տան:

Բարեբախտաբար կան բաներ, որոնք  ծնողները կրնան ընել իրենց երեխաները պաշտպանելու համար:

Սկսէ՛ք խօսելով ձեր դեռահասներուն հետ

Ռոպ ըսաւ, որ ծնողները պէտք է սկսին իրենց դեռահասներու հետ ԱԲ-ի յաւելուածներու մասին խօսիլ` «առանց դատելու»: Կրնաք հարցնել, օրինակ, «Օգտագործա՞ծ էք որեւէ յաւելուած, որ կ՛արտօնէ խօսիլ կամ ստեղծել ԱԲ-ի ընկեր կամ զուգընկեր»: Ան առաջարկեց լսել, թէ ի՛նչ բան գրաւիչ է այս գործիքներու մէջ դեռահասին համար` նախքան մտահոգութիւններու մէջ մտնելը:

Այնուհետեւ, լաւ միտք է նշել, որ ԱԲ-ի յաւելուածները ծրագրաւորուած են հաճելի ըլլալու, հաւանութիւն տալու եւ քննարկելու, թէ ինչո՛ւ այդ մտահոգիչ է:

«Դեռահասները պէտք է գիտնան, որ իրական յարաբերութիւնները պարզապէս այդպէս չեն գործեր, քանի որ իրական ընկերները երբեմն համաձայն չեն մեզի հետ: Ծնողները երբեմն համաձայն չեն մեզի հետ, կամ` անոնք կրնան մարտահրաւէր նետել մեզի այնպիսի ձեւերով, որոնք մենք չենք սպասեր, կամ` օգնել մեզի կողմնորոշուելու դժուարին իրավիճակներու մէջ այնպիսի ձեւերով, որոնք ԱԲ-ն պարզապէս չի կրնար»:

Ռոպ ըսաւ, որ նման զրոյցները կրնան օգնել երեխաներուն` սորվելու ԱԲ-ի մասին աւելի լայն եւ առողջ մտածելակերպով:

Խրախուսեցէ՛ք ձեր  մանուկները  դէմ դիմաց  հանդիպելու ընկերներու հետ

«Ես չեմ զարմացած, թէ ինչո՛ւ այդքան շատ դեռահասներ ԱԲ-ի ընկերներուն որպէս ընկերներ կ՛օգտագործեն, քանի որ հետազօտութեանս ընթացքին տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս ընկերային ցանցը  տկարացուցած է մանուկներուն մէջ բարեկամութեան մասին պատկերացումները: Այսօր երեխաները աւելի նուազ կը հանդիպին իրենց ընկերներուն հետ անձամբ, քան` նախորդ սերունդները, եւ յաճախ մէկու մը արձանագրութիւններուն մեկնաբանութիւններ գրելը կը նկատեն յարաբերութիւնները պահպանելու միջոց: Այդ պատճառով անոնք աւելի քիչ վարժութիւն ունին մարդկային ուղղակի փոխազդեցութիւններու հետ»:

Լաւագոյն բաներէն մէկը, որ մենք կրնանք ընել, մեր երեխաներուն խրախուսելն է անձամբ հանդիպելու ընկերներու եւ այլ հասակակիցներու հետ:

«Մեր իրական կեանքին մէջ բարեկամութիւններու մէջ մեր ուրախութեան մեծ մասը կապուած է այս սերտ կապերուն, որոնց միջոցով մենք կրնանք նայիլ իրարու եւ հասկնալ զիրար` առանց որեւէ բառ ըսելու», նշեց Ժիւսթին Քարինոն`  Նիւ Եորքի մէջ բնակող հոգեբանը, որ կը բուժէ երիտասարդները եւ չի մասնակցիր ուսումնասիրութեան:

«Մեր սիրահարածը կը մտնէ դասարան,- ըսաւ ան: – Ուսուցիչը  խենթ բան մը կ՛ըսէ: Դուք աչքերով կապ կը հաստատէք ձեր լաւագոյն ընկերոջ հետ: Կան այս նրբերանգները, որոնց միջոցով մենք կը սորվինք մտերմօրէն հաղորդակցելու մեզի մտերիմ մարդոց հետ, որոնք մեզի այնքան հաճոյք եւ ուրախութիւն կը պատճառեն, որքան երբեք չենք ստանար ԱԲ-ով աշխատող մարդամեքենայի հետ»:

Փորձեցէ՛ք արգիլել, սահմանափակել կամ վերահսկել դեռահասներու կողմէ օգտագործումը

«Ինչ կը վերաբերի ընկերները նմանակող ԱԲ-ի յաւելուածներուն, լաւագոյն բանը, որ ծնողները կրնան ընել, ընդհանրապէս թոյլ չտալ դեռահասներուն` օգտագործել զանոնք», ըսաւ Ռոպ:

Ուսումնասիրութեան ատեն ԱԲ-ն երեխաներուն ցոյց տուած է անպատշաճ բովանդակութիւն, ինչպիսին է սեռական բնոյթի նիւթը:

«Աւելի՛ն. անոնք զբաղած են կարգ մը կարծրատիպերով, որոնք լաւ չէին: Անոնք երբեմն վտանգաւոր խորհուրդներ տուած են»:

Meta-ի ներկայացուցիչը, որ թոյլ կու տայ ծնողներուն արգիլել իրենց երեխաներու մուտքը իր Meta AI չեթփոթ, մերժած է մեկնաբանութիւն տալ:

Մինչ հարցախոյզին մասնակցած դեռահասներուն 34 առ հարիւրը նշած է, որ անյարմար զգացած է իրենց ԱԲ-ի ընկերոջ ըրած կամ ըսած որեւէ բանէն, Ռոպ շեշտեց, որ դեռահասները կրնան ստանալ տեղեկատուութիւն, որ անոնց մտահոգութիւն չի պատճառեր, բայց որ իրենց ծնողները չէին ուզեր, որ անոնք տեսնեն կամ լսեն:

«Անշուշտ  թոյլ չեմ տար իմ երեխաներուս օգտագործել ԱԲ-ի յաւելուածները մինչեւ 18 տարեկանը լրանալը, եթէ անոնց ծրագրաւորման եղանակը արմատապէս չփոխուի: Համաձայն եմ, որ այս ընկերութիւնները բաւարար միջոցներ չեն ձեռնարկեր երեխաները վնասակար բովանդակութենէ եւ տուեալներու հաւաքագրումէն պաշտպանելու համար: Ես  կ՛ուզեմ, որ իմ դուստրերս յարաբերութիւններ զարգացնեն մարդոց հետ, այլ ոչ թէ` արհեստագիտութեան հետ»:

Ռոպ ըսաւ. «Եթէ դեռահասը կ՛օգտագործէ ԱԲ-ի յաւելուածներ, կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել վատառողջ օգտագործման նշաններուն: Եթէ դեռահասները կը նախընտրեն ԱԲ-ի հետ շփումը մարդոց փոխարէն, ժամերով հաղորդակցելով ԱԲ-ի յաւելուածներու հետ, կ՛անհանգստանան, երբ չեն կրնար օգտագործել զանոնք կամ կը հեռանան իրենց ընտանիքէն եւ նախապէս վայելած գործունէութենէն, ասոնք խնդրի դասական նշաններ են,- ըսաւ ան:- Այդ պարագային լաւ գաղափար է օգնութիւն խնդրել դպրոցական խորհրդատուէն կամ հոգեկան առողջութեան այլ մասնագէտէն»:

Առողջ թուային գործածման օրինակ

Ըստ Ռոպի, կարեւոր է նաեւ, որ ծնողները իրենց օրինակով ցոյց տան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է առողջ յարաբերութիւններ ունենալ արհեստագիտութիւններու հետ:

«Ցոյց տուէ՛ք ձեր դեռահասին, թէ ինչպիսի՛ն է արհեստագիտութեան հաւասարակշռուած գործածութիւնը,- ըսաւ ան: – Ունեցէ՛ք բաց զրոյցներ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս դուք յաղթահարած էք ձեր սեփական յուզական կարիքները` առանց միայն թուային լուծումներու վրայ յոյսը դնելու»:

Այս նոր ուսումնասիրութիւնը, որ ցոյց կու տայ, թէ դեռահասներուն մեծ մասը կ՛օգտագործէ ԱԲ-ի յաւելուածներ, կը հաստատէ, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է երիտասարդներու հետ խօսիլ այն մասին, թէ ինչո՛ւ անոնք իրական ընկերներու կարիք կ՛ունենան, այլ ոչ թէ` չեթփոթերու:

Արհեստագիտութիւնը չի կրնար փոխարինել մարդիկը, բայց կրնայ բացատրել, թէ ինչո՛ւ Պիրնիի ընկերները այլեւս մտերիմ չեն:

Նախորդը

Յարգանք` Լիբանանի Մէջ Ննջող Մայիսեան Յաղթանակի Կերտողներուն

Յաջորդը

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակարգ Առցանց Նիստ Կայացաւ

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.