. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Փենթակոնի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ քննարկուած զինուորական հոլովոյթին զուգահեռ քաղաքական հոլովոյթի մեկնարկման երէկ եւ այսօր գումարուող փուլը միայն զինադադարի ամրապնդմամբ չի սահմանափակուիր, այլ անոր խորքը քաղաքական ամբողջական ու փուլային հոլովոյթի մեկնարկման փորձն է»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Յստակ դարձաւ, թէ գոյութիւն ունի մագլցում կատարելու եւ ետդարձ չկատարելու իսրայէլեան որոշում մը, եւ Թել Աւիւի մէջ որոշումի կայացման շրջանակները այս ուղղութեամբ իրենց ընտրանքը վճռած են»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ եւ դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանի հարաւային սահմաններուն վրայ ՄԱԿ-եան ներկայութեան քննարկումը կրնայ լուրջ փուլ մուտք գործել»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ֆրանսան լաւ գիտէ, թէ լիբանանեան թղթածրարը վերջին պատերազմէն ետք այլուր տեղափոխուեցաւ, քաղաքական ու դիւանագիտական հաւասարակշռութիւնները փոխուեցան, եւ այլեւս հարաւային Լիբանանի ապագայէն մինչեւ զէնքի թղթածրար երկարող հիմնական թղթածրարներուն մէջ առաջին խօսքը Միացեալ Նահանգներուն կը պատկանի»:
. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Նահար» օրաթերթին. «Լիբանանեան թղթածրարին վերաբերեալ վերջին խօսքը պէտք չէ Իրանին տրուի: Անհրաժեշտ է Լիբանանի ճակատագիրը Իսլամապատի բանակցութիւններուն չկապել»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տուեալներուն համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը ձգտի Արաբական ծոցի պետութիւններու, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի միջոցով հովանաւորել ներլիբանանեան երկխօսութիւն մը, որ Թաէֆի համաձայնագիրի քննարկման եւ թարմացման նախերգանք պիտի ըլլայ` Հըզպալլայի կողմէ իր զէնքը լիբանանեան պետութեան յանձնելուն դիմաց, Պըրրիի Սէուտական Արաբիոյ հետ գլխաւորած լուծումին միջոցով, եւ շիի երկեակը այս զէնքին գինը պիտի գանձէ պետութեան մէջ աւելի լայն իրաւասութիւններ ստանալով:


