Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջանկեալ Թէժ Փուլ` Լիբանանի Մէջ

June 2, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ-Իրան 60-օրեայ հրադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւնները երեւութապէս առկախուած էին: Կողմերը չէին համաձայնած, սակայն կը թուէր, որ դիւանագիտական պատուհանները բաց են միջնորդաւորուած երկխօսութիւնը շարունակելու: Ճիշդ է, որ անօդաչուներու, ռատարներու եւ յենակէտերու մակարդակներով փոխադարձ հարուածներ կ՛արձանագրուին, այդուհանդերձ մեծ գործողութիւններու չեն դիմուիր: Հորմուզի կարգավիճակը կը շարունակէ հանգուցային մնալ, որուն շուրջ ալ կ՛ընթանան եւ պիտի ընթանան բանակցութիւնները: Երէկ Թեհրան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ նկատի ունենալով, որ հրադադարի պայմաններէն մէկը բոլոր արտաքին ճակատներուն վրայ, ընդ որում` Լիբանանի, կրակի դադրեցումն էր, ինչ որ չի յարգուիր, հետեւաբար կը դադրեցնէ միջնորդաւորուած երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնը Ուաշինկթընի հետ:

Հաւանաբար համոզուած, որ առաջադրուած համաձայնութիւնը պիտի գոյանայ, յատկապէս Հորմուզի խնդիրին հանգուցալուծումով եւ կողմերուն միջեւ թէեւ դժուար, բայց ի վերջոյ կայանալիք համաձայնութեամբ, Իսրայէլ կը սաստկացնէ իր յարձակումները Լիբանանի ուղղութեամբ, կը խորացնէ իր ներկայութիւնը դէպի հարաւի քաղաքներ: Այս թոհուբոհին մէջ, Ուաշինկթըն զգուշացուցած էր Իսրայէլը Պէյրութը զերծ պահելէ յարձակման գործողութիւններէ: Այդ ինքնին կ՛ենթադրէր, որ հարաւի մէջ թոյլատրուած է Իսրայէլի յարձակողապաշտութիւնը: Մինչ Իրանի համար հրադադարի համաձայնութեան նախապայման կը շարունակէր մնալ Լիբանանը:

Իսրայէլի վարչապետը ներքին լսարանին առումով դէմք փրկելու հրամայականին առջեւ է նաեւ: Առանց լիբանանեան հատուածի գրաւումին եւ առանց Հըզպալլայի կարողականութեան ջլատումին, զինադուլ մը հիմնովին կը սասանէր վարչապետին դիրքերը: Մանաւանդ որ երկիրը խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն ընթացակարգի մէջ է արդէն:

Իսրայէլեան այս «սփրինթ»-ը հետեւաբար ունի ոչ միայն անվտանգային, այլ նաեւ ընտրական մղիչ գործօններ: Իսկ Հորմուզի փակ մնալը մեծ հաշուով չի բխիր նաեւ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահի շահերէն, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւս կը նախատեսուին մասնակի ընտրութիւններ: Միջանկեալ ժամանակամիջոցի մը մէջ կը գտնուի ուրեմն տարածաշրջանը: Նախահամաձայնական գուցէ, որ թէժութեամբ կը յատկանշուի, պայմանաւորումովը` առկախ հարցերու լուծման:

Այս հանգամանքներով ալ պէտք է դիտարկել Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուող նոր սաստկացումը: Այստեղ կ՛երեւի Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ լուռ համաձայնութիւնը: Առկախման այս փուլին Միացեալ Նահանգները նախ կը յորդորեն Իսրայէլին չհարուածելու Պէյրութը, ապա կը ձեռնարկեն լիբանանեան հատուածի ուղղութեամբ հրադադարի համաձայնութիւնը գոյացնելու փորձերուն: Ապա յայտարարելու, որ այդ փորձերը չեն արդիւնաւորուած: Այս բեմագրութիւնը առիթ կու տայ Իսրայէլին, որ աւելի խորացնէ իր թափանցումներն ու տեղաշարժերը, չանսայ ռազմական գործողութիւններէն Պէյրութը զերծ պահելու յորդորներուն եւ յայտարարէ, որ պաշտօնապէս կայացած է որոշում Լիբանանի մէջ յարձակումները ընդլայնելու:

Նախորդող օրերուն շատ կը խօսուէր գրեթէ կայացած համաձայնութեան մասին` Իրան-Միացեալ Նահանգներ գիծին վրայ: Հիմա կ՛արձանագրուի այլ ուղղութիւն, թէեւ առանց մեծ բռնկումներու տարածաշրջանային մակարդակով: Լիբանանն է, որ կը բացառուի, գրաւումներու նոր տարածքներ ներառելով եւ բնականաբար գաղթականական ալիքի նոր մակընթացութիւններ բերելով:

Այս պայմաններուն մէջ առաջ կը մղուին Պէյրութ-Թել Աւիւ ուղղակի բանակցութիւններուն թափ տալու պահանջներ, ճնշումներ: Յարձակումի, գրաւումի, տեղահանումներու եւ ամբողջ բնակավայրեր ամայացնելու ոչ միայն սպառնալիքներու, այլեւ գործողութիւններու տարափին տակ Պէյրութ կը հրաւիրուի բանակցելու: Բանակցութեան հրաւիրողը Ուաշինկթընն է, որ սկզբունքով յորդորած էր Իսրայէլին Պէյրութը չհարուածելու եւ որ հրադադարի համաձայնութեան ուղղութեամբ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու դիմած էր:

Այս իրադրութիւնները կը յուշեն, որ Իսրայէլի կողմէ առաջադրուած ընդլայնուած գօտիի վերահսկողութենէն ետք է միայն, որ հրադադարի շուրջ համաձայնութիւն առարկայացնելու դրսեւորումներ պիտի ըլլան: Իսկ Իրան-Միացեալ Նահանգներ գիծին վրայ ձգձգումներն ու առկախումները ըստ էութեան նպաստաւոր են ժամանակ տալու Իսրայէլին` իր լիբանանեան ծրագիրը լրումին հասցնելու: Դէմք փրկելու նպատակով Իսրայէլ կրնայ ձեռնարկել Լիբանանի մէջ նոր մարտավարութեամբ յատկանշուող գործողութիւններու:

Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուէր թէժացումներու նոր տարողութիւնը Լիբանանի մէջ: Երէկ գիշեր իրավիճակը փոխուեցաւ։ Պէյրութի դէմ յարձակումներուն սպառնալիքներուն Թէհրան պատասխանեց հիւսիսային Իսրայէլը հրթիռակոծելու սպառնալիքով։ Ամերիկեան միջնորդութիւնը աշխուժացաւ եւ յայտարարուեցաւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է լիբանանեան մասով կրակը դադրեցնելու։ Այս համաձայնութեան կիրարկելիութիւնը կրնայ տարակուսելի ըլլալ։ Համաձայնութիւնը կը յարգուի, եթէ Ուաշինկթըն իսկապէս պահանջէ Իսրայէլէն դադրեցնելու կրակը։ Յամենայնդէպս թէժացում-համաձայնութիւն երեւոյթը կապ ունի Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Իսրայէլ-Լիբանան բանակցային գործընթացին հետ։

 

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Փառատօնին ՀՄԸՄ-ականները Վերանորոգեցին Ուխտը` Շարունակելու Մայիս 28-ով Սկսած Երթը

Յաջորդը

Դպրեվանքը Մասնակցեցաւ Թեսաղոնիկէի Մէջ Կայացած Երկօրեայ Համագումարին

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.