Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 1, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Զինուորական բանակցութիւնները ձախողեցան զինադադարի հասնիլ կամ Իսրայէլը «Դեղին գիծ»-ը շրջանցող իր ցամաքային գործողութիւններէն ետդարձ կատարել մղելու վերաբերեալ որեւէ բեկում յառաջացնել, որովհետեւ Իսրայէլը կառչած կը մնայ այն պնդումին, թէ Հըզպալլան իր թշնամական արարքները կը շարունակէ»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Փենթակոնի ժողովին մէջ տիրած մթնոլորտը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր եւ բանակցութիւններու 2 ու 3 յունիսի փուլի ընթացքին շօշափելի յառաջընթացի կամ դրական արդիւնքներու արձանագրման ցուցանիշ կամ աւետիս չի պարունակեր»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «իսրայէլեան պատուիրակութիւնը կեդրոնացաւ հետեւեալ հարցադրումներուն վրայ. զինաթափումը ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ, ո՞ր կողմը այդ մէկը պիտի գործադրէ եւ ի՞նչ ժամանակացոյցով»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին ու Լիբանանի գերիշխանութեան աջակցութեան յայտարարութեան, ամերիկեան կողմը իսրայէլեան տեսակէտին կողմնակից էր»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Երէկ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ լիբանանեան դիւանագիտական ու զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ գումարուեցաւ գնահատման ժողով մը, որուն ընթացքին, զինուորական պատուիրակութեան Պէյրութ վերադարձի նախօրեակին, անդրադարձ կատարուեցաւ զինուորական բանակցութիւններու առաջին փուլի մանրամասնութիւններուն»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Լիբանանեան-իսրայէլեան ապահովական յանձնախումբի, համակարգումի յանձնախումբի կամ միացեալ գործողութիւններու գրասենեակի ստեղծման մասին որեւէ խօսակցութիւն իրականութեան չի համապատասխաներ»:

. ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ «Էլ.Պի.Սի.»-ին, «Ամերիկեան որոշումը Լիբանանի կառավարութեան աջակցութիւն է, ինչ որ քիչ բան չէ, սակայն Իսրայէլի վրայ գործադրուող ճնշումը տակաւին բաւարար չէ: Բայց եւ այնպէս, կասկած չկայ, որ նախագահ Աունն ու վարչապետ Սալամը նախնական բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կ՛արձանագրեն»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Անցեալ երկուշաբթի օր Քլէյաաթի օդակայանին մէջ էջք կատարեցին մարզումի փոքր օդանաւեր, որոնց մէջ կը գտնուէին մարզումի խումբեր` քննելու համար տեղւոյն վրայ գտնուող սարքերը, եւ որեւէ թերութիւն յայտնաբերելու համար: Երեքշաբթի օր այս քննութեան յաջորդեց մէկ այլ թեքնիք զննում` առաջադրանքներու կատարման ընթացքը վերահսկելու համար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին. «Նախքան ՄԱԿ-ի զեկուցումի հրապարակումը ՖԻՆԻՒԼ-ի վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին: Առաջարկուած ընտրանքներուն շարքին է միջազգային ուժերու պահպանումը, սակայն նուազ թիւով»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ներքին ապահովութեան ուժերը Ժիէի մէջ կրցան գրաւել երկրագործութեան պահեստանոցներ, որոնք թմրեցուցիչներու պահեստաւորման կեդրոններու վերածուած էին»:

 

 

Նախորդը

Յակոբ Բագրատունի. «Հաւանական Չէ, Որ Մօտերս Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքուի Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ»

Յաջորդը

Պայրագտարեան Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.