Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ Կը Ներառուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբերու Շարքին

May 25, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան առիթով, Վատիկան պաշտօնապէս ու հրապարակային կերպով յայտարարեց, թէ որոշած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը ներառել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբերու ցանկին: Այս որոշումին համաձայն, 13 օգոստոսը ճշդուած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի յիշատակութեան օր: Շնորհալի հայրապետը կը նկատուի մեծ աստուածաբան եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ախոյեան:

Յայտնենք, որ Լեւոն ԺԴ. պապը վեհափառ հայրապետը ողջունող իր պաշտօնական ուղերձին մէջ նախ յիշեց, թէ Ս. Ներսէս Շնորհալին եղած է էքիւմենիզմի ռահվիրայ. «Ս. Ներսէս Շնորհալի վերջերս ներառուեցաւ Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յայսմաւուրքին մէջ: Այս մէկը կը հանդիսանայ նոր օրինակ մը սուրբերու տիեզերականութեան, որ արդէն իսկ կը միացնէ մեր եկեղեցիները», յայտնեց պապը: Իսկ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կատարուած հրապարակային հանդիպման ընթացքին, Լեւոն պապը իր արտասանած ողջերթի խօսքին մէջ ըսաւ. «Միասնաբար հայցենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ ամէնէն առաջ Սուրբ Կոյս Աստուածամօր բարեխօսութիւնը»:

Յայտնենք, որ զանազան բաժանմունքներու նախագահ կարտինալներուն հետ վեհափառ հայրապետին ունեցած հանդիպումներու ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած յիշեալ պատմական որոշումին: Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնն ու խոր գնահատանքը յայտնեց Շնորհալի հայրապետին նկատմամբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ ցուցաբերուած այս մեծապէս յարգալից մօտեցումին համար:

Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը Ս. Ներսէս Շնորհալիի աստուածաբանութեան ու միջեկեղեցական յարաբերութեանց մասին, տարիներ առաջ, հրատարակած է ST. NERSES THE GRACIOUS AND CHURCH UNITY խորագրեալ անգլերէնով գիրք մը, որ եղած է իր համալսարանական մագիստրոսականի թէզը:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ունեցած Հանդիպումները` Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Եւ Հայաստանի Դեսպաններուն Հետ

Վատիկան կատարած իր քառօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի հանրապետութեանց դեսպաններուն հետ:

Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպանը վեհափառ հայրապետին այցելեց իր իջեւանած Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու յատուկ հիւրանոցին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը իր պատուիրակութեամբ այցելեց Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն:

Նախորդը

«Լիբանանի Բաժանման Ծրագիրը Անվերադարձ Վերջ Գտած Է» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Ակնարկ. Հիմա, 60 Օր Եւ Հարաւի Ազատագրութեան Օրը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.