Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

22 Էջ Հայ Մշակոյթի Մասին` «Ֆայն Արթ» Միջազգային Կերպարուեստի Հանդէսում

May 25, 2026
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ տարի լրացաւ Նիւ Եորքում հրատարակուող «Սանսթորմ Կերպարուեստի Հանդէս» («Սանսթորմ Ֆայն Արթ Մեկեզին») 50-ամեակը: Այն 1975-ին հիմնել են Վիքթոր եւ Ճէյմի Ֆորպզները: Հանդէսը նուիրուած է դասական եւ ժամանակակից արուեստին` հրապարակելով յօդուածներ, հարցազրոյցներ, եւ ներկայացնում է թէ՛ ճանաչուած, թէ՛ նոր արուեստագէտների աշխատանքները: Ժամանակի ընթացքում ամսագիրը դարձել է միջազգային հարթակ` տարածուելով տասնեակ երկրներում եւ ծառայելով որպէս արուեստագէտների ներկայացման ու խթանման կարեւոր միջոց:

Հանդէսի կէսդարեայ յոբելեանին առիթով հրատարակուել է յատուկ թողարկում, որտեղ 22 էջ նուիրուած է հայ արուեստագէտներին: Շապիկին Լիբանանում, Հայաստանում եւ Քանատայում բնակուող արուեստաբան, Պէյրութի «Նոա՛զ Արք» պատկերասրահի հիմնադիր տնօրէն, «Սանսթորմ Կերպարուեստի Հանդէս»-ի աշխատակից Մովսէս Հերկելեանի (Մովսէս Ծիրանի) լուսանկարն է շարժապատկերի դերասանուհի եւ նկարչուհի Ճէյն Սէյմուրի հետ միասին: Ներկայացուած են` Մովսէս Ծիրանիի յօդուածները հայաստանաբնակ նկարիչ Գէորգ Եղիազարեանի («Յաւերժական կեանքի էութեան արձագանգները»), քանատաբնակ արուեստագէտ Պերճ Չաքըճեանի («Բնութեան հեշտանքը որպէս արուեստի բերկրանքի բեղմնաւորութիւն») եւ «Հիլոզոիստը» (Արշիլ Կորքու 120-ամեակի առիթով) յօդուածները` առատ պատկերազարդումներով:  Հանդէսում տեղ է գտել նաեւ Մովսէս Հերկելեանի` 1979 թուականին Արշիլ Կորքու քրոջ` Սաթենիկ Ադոյեանի հետ վարած հարցազրոյցը, որը անգլերէնով հրատարակւում է առաջին անգամ: Հանդէսի հայկական բաժինն աւարտւում է խմբագիր Վիքթոր Ֆորպսի` Մովսէս Հերկելեանի հետ վարած հարցազրոյցով («Նոա՛զ Արք»-ը` որպէս արուեստի տաճար»), դարձեալ մի շարք լուսանկարներով, որոնցում երեւում են ոչ միայն Մովսէս Հերկելեանը, այլեւ կինը եւ որդին` «Նոա՛զ Արք»-ի իր գործակիցներ Էլօ եւ Հերակ Հերկելեանները: Վերջում հրատարկիչը` Ճեյմի Ֆորպս եւ խմբագիրը` Վիքթոր Ֆորպս, շնորհաւորում են ««Նոա՛զ Արք» ցուցասրահի 30-ամեակն ու մաղթում նորանոր նուաճումներ:

Աւելացնենք նաեւ, որ այս տարի լոյս է տեսել նաեւ նոյն «Սանսթորմ Կերպարուեստի Հանդէս»-ի ոսկէ յոբելեանի աւելի ծաւալուն թողարկումը, որի շապիկին, ի թիւս այլոց, տեղ է գտել նաեւ Մովսէս Հերկելեանի անունը:

Յիրաւի, բացառիկ երեւոյթ` միջազգային հեղինակաւոր հարթակում հայ արուեստն ու արուեստագէտներին լայնօրէն իրազեկելու:

ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ

Առ Ի Մեծարանք Հայ Մշակոյթին

Վիքթըր Ֆորպսի տնօրէնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ հրատարակուող ամերիկեան «Ֆայն Արթ» արուեստի պարբերականի ոսկէ յոբելեանը 50-ամեակն էր անցնող տարին: Այս առիթով հրատարակուող բացառիկին 25 էջերը յատկացուած են հայ մշակոյթին: Այս մեծ ազդեցութիւն ու հեղինակութիւն ունեցող հրատարակութեան մէջ տեղ գտած են Մովսէս Ծիրանիի երեք յօդուածները` Արշիլ Կորքիի, Գէորգ Եղիազարեանի եւ Պերճ Չաքեճեանի մասին, նաեւ Արշիլ Կորքիի քրոջը` Սաթենիկի հետ հարցազրոյց մը, որ կայացած էր 1979-ին, սակայն մնացած էր անտիպ: Բացի այս բոլորէն` մեր աշխատակից Մովսէս Ծիրանիի հետ նոյնինքն խմբագրապետ Վիքթըր Ֆորպս կատարած է նաեւ շահեկան եւ հետաքրքրական հարցազրոյց մը, զոր թարգմանաբար կու տանք ստորեւ:

«Նոա՛զ Արք»-ը` Իբրեւ Արուեստի Տաճար

You will never live if you are looking for the meaning of life.

ԱԼՊԵՐ ՔԱՄԻՒ

Մոսկուայի մէջ ծրագրաւորուած, սակայն Երեւանի մէջ հիմնուած «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահը իր գործունէութիւնը ծաւալած է աշխարհի ամբողջ տարածքին ու մասնակցած` 30-է աւելի կերպարուեստի միջազգային տօնավաճառներու, սկսեալ ամերիկաներէն ու Եւրոպայէն, հասնելով մինչեւ ծայրագոյնարեւելեան շարք մը երկիրներ… մինչեւ իսկ` Չինաստան, Սինկափուր, Աւստրալիա եւ այլն: Հակառակ մերօրեայ աննպաստ պայմաններուն` «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահը կը շարունակէ իր նուաճումները միջազգային հարթակներու վրայ:

«Ֆայն Արթ Մեկեզին»-ի հիմնադրութեան ոսկէ յոբելեանի` 50-ամեակի եւ «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահի հիմնադրութեան 30-ամեակի զոյգ առիթներով զրոյց մը ունեցանք «Նոա՛զ Արք»-ի տէր եւ տնօրէն, նաեւ մեր մնայուն աշխատակիցներէն արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Ծիրանի-Հերկելեանին հետ, որ սիրով պատասխանեց մեզ հետաքրքրող հարցումներուն:

ՎԻՔԹԸՐ ՖՈՐՊՍ.- Նախ կ՛ուզենք գիտնալ, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ «Նոա՛զ Արք» արուեստի ընկերութիւնը:

ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ.- Նախաձեռնութեամբ արուեստաբան Հենրիկ Իգիտեանի եւ գործակցութեամբ այլ երկու արուեստասէր  ընկերներու` Ռուբէն Աւագեանին ու Մհեր Սահակեանին «Նոա՛զ Արք»-ի հիմը դրուեցաւ 1995-ին, Մոսկուայի մէջ եւ ապա  տեղափոխուեցաւ նաեւ Երեւան եւ Պէյրութ: Այնպէս որ, երբ ես Երեւան գացի, հանդիպեցայ Իգիտեանին եւ միացայ իրենց գործին, ընկերութիւնը հիմնադրուած էր արդէն: Իսկ Պէյրութի ցուցասրահի բացումէն առաջ` իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք, հրատարակեցինք երկու պատկերագիրքեր` «Կալերի «Նոա՛զ Արք» եւ «Թրի աֆ լայֆ», որոնք, մեկնելով արուեստի ձեւաւորման մեր սկզբունքներէն, լոյս տեսան  բարձրորակ տպագրութեամբ, իւրաքանչիւրը` 134 էջ ծաւալով եւ հինգ հազար տպաքանակով: Այս երկու պատկերագիրքերը հիմք հանդիսացան «Նոա՛զ Արք»-ի մեկնարկին, որուն առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 1995-ին, Պէյրութի «Էմմակոս» ցուցասրահին մէջ: Իսկ յաջորդ տարին, երբ «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահի Պէյրութի շէնքը պատրաստ էր արդէն, կազմակերպեցինք աւելի մեծածաւալ ցուցահանդէս մը` «Փոսթ սովիեթ փէյնթինկ» ընդհանուր խորագիրին տակ, որ իր բերած նորարարութեամբ եւ որակով երեւոյթ դարձաւ տարածաշրջանի մէջ: Նոյն առիթով եւ նոյն խորագիրով  հրատարկեցինք նաեւ պատկերագիրք մը, ուր նախկին խորհրդային երկիրներէն ներկայացուած էին եօթը ռուս, ուքրանացի, հրեայ եւ հայ գեղանկարիչներ, ինչպէս` Կոնստանդին Խուտիաքով, Եուրի Ցվեթայեւ, Ռուբէն Աբովեան, Սամուէլ Գարեգինեան, Ալ. Մալցեւ, Վահրամ եւ Անտրէյ Քոսթին: Բացի յիշեալներէն` այս առիթով ցուցադրեցինք նաեւ այլ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններ, ինչպէս` Մ. Շեմիաքին, Ալ. Իսաչեւ, Գ. Եղիազարեան, Մ. Ալեքսանտրով եւ այլն:

Վ. Ֆ.- Դուք  արուեստի ձեւաւորման յատուկ սկզբունքնե՞ր ունիք:

Մ. Հ.- Այո՛, ի հարկէ:

Վ. Ֆ.- Կարելի՞ է իմանալ, թէ ի՞նչ սկզբունքներու մասին է խօսքը:

Մ. Հ.-  Ձեւաւորման պարագային, հրատարակիչի նպատակը պիտի չըլլայ հրատարակել պճնուած ու սիրուն պատկերագիրք, ուր ձեւաւորողի ոճն ու  անհատականութիւնը աւելի շեշտուին, քան` ներկայացուող արուեստը: Արուեստը պէտք է  ներկայացուի դիւրամատչելի, արտայայտիչ ու գեղեցիկ կերպով: Կարեւորը պատկերագիրքի արտաքին տեսքը չէ, այլ` անոր բովանդակութիւնը, որ պէտք է շնչէ, խօսի, ըլլայ անմիջական, եւ ակնդիրը ոչ միայն ինքզինք հանգիստ զգայ, այլ պէտք է մտերմանայ անոր հետ ու հետաքրքրուի ներկայացուած արուեստով եւ ոչ թէ ձեւաւորումով:

Վ. Ֆ.- Կ՛ակնարկէք նաեւ տպագրութեան բարձր որակին…

Մ. Հ.- Այո՛, շատեր, յատկապէս մեր մօտ` Արեւելքի մէջ, կերպարուեստի տպագրական արուեստը կը շփոթեն հեմպըրկըրի եւ կամ  «Փեփսի»-ի ծանուցումներու  տպագրութեան հետ: Մինչդեռ արուեստի տպագրութիւնը առանձին մասնագիտութիւն է, արուեստի տեսակ է… եթէ կ՛ուզէք:

Վ. Ֆ.- Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է բարձրագոյն որակի հասնիլ:

Մ. Հ.- Արուեստի տպագրութեան որակը` անոր գուներանգներու հարազատութիւնը, լուսաստուերներու մեղմ անցումներն ու առաւել յստակութիւնը, կախեալ է երեք գործընթացներէ` լուսանկարում, գունաբաժանում եւ տպագրութիւն: Կան նրբութիւններ, որոնք անհրաժեշտաբար պէտք է նկատի առնուին: Թէեւ այսօր ամէն ինչ թուայնացուած է ու կատարելագործուած, սակայն բնական լոյսն ու մարդկային աչքը տակաւին գերազանցուած չեն արհեստական բանականութեան կողմէ: Լաւագոյն արդիւնքի հասնելու համար արուեստի գործը հարկաւոր է նկարել արեւոտ օրուան մէջ, սակայն` շուքին: Յարմարագոյն ժամերը կարելի է համարել, կէսօրէ առաջ ժամը տասուկէսէն տասումէկուկէսի միջեւ եւ կէսօրէ ետք` ժամը երեքուկէսէն չորսուկէսի միջեւ:

Վ. Ֆ.- Ինչո՞ւ… միայն այդ ժամերուն:

Մ. Հ.- Որովհետեւ բնագիտութեան օրէնքով առաւօտեան դեղին գոյնը գերակշռող կ՛ըլլայ ցերեկային լոյսի մէջ, կէսօրին` կարմիրը, իսկ երեկոյեան` մանուշակագոյնը:

Վ. Ֆ.- Դուք այդպէ՞ս կ՛ընէք:

Մ. Հ.- Սկիզբը այդպէս կ’ընէինք, սակայն երբ լուսանկարչական արհեստագիտութիւնը աւելի զարգացաւ եւ կատարելագործուեցաւ, սկսանք օգտագործել արհեստական բանականութեան նորագոյն հնարաւորութիւնները, որոնք գրեթէ նոյն արդիւնքը կու տան:

Վ. Ֆ.- Սակայն այս բոլորը որոշ ծախս կ՛ենթադրեն, չէ՞:

Մ. Հ.-  Ի հարկէ, արուեստը խնայել  չի սիրեր, ամէն ինչի լաւագոյնը պէտք է տրամադրուի արուեստի ներկայացման ու ծանուցման համար: Ի վերջոյ  իրաւ արուեստը կեղծիք չի հանդուրժեր եւ ոչ ալ միջակութիւնները ժամանակի մաշումին կրնան դիմանալ: Այո՛, մեր նպատակը պիտի ըլլայ արուեստը ներկայացնել մատչելի, արտայայտիչ ու գեղեցիկ կերպով, որովհետեւ անորակ տպագրութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ արուեստասէրին վրայ եւ փոխանակ նպաստելու` կը վնասէ նոյնիսկ արուեստի առեւտուրին…

Վ. Ֆ.- Այս բոլորը` լա՛ւ, սակայն հոս կարեւոր հարց մը եւս ունինք: Դուք, որ առաւելաբար Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ կը գործէիք, ինչպէ՞ս միջազգային ասպարէզ մուտք գործեցիք:

Մ. Հ.- Բացատրեմ: Կը կարծեմ, թէ մեր ներկայացուցած որակեալ եւ իւրայատուկ արուեստի կողքին իր դերը ունեցաւ նաեւ արուեստի հանդէպ մասնագիտական լուրջ ու յարգալից վերաբերմունքը: Մենք ունինք մեր «տասնաբանեան», որ վերջաւորութեան կրնանք ընթերցողի տրամադրութեան տակ դնել:  Ի սկզբանէ մեզի համար ցուցասրահը եղած է արուեստի տաճար, այնպէս, ինչպէս օփերան եւ կամ թանգարանը:

Վ. Ֆ.-  Կ՛ակնարկէք նաեւ ձեր ներկայացուցած արուեստի իւրայատկութեան, ո՞րն է այդ իւրայատկութիւնը:

Մ. Հ.- Մենք առաւելաբար մասնագիտացած ենք   անհեթեթ գերիրապաշտութեան մէջ, որ տակաւին ճանչցուած չէ իբրեւ այդպիսին:

Վ. Ֆ.- Այո՛, ես առաջին անգամ ձեզմէ լսած եմ անհեթեթ գերիրապաշտութիւն արտայայտութիւնը: Մեր մօտ տակաւին ընդունուած չէ, եւ արեւմտեան  արուեստաբանները եւս այս մասին չեն խօսիր եւ հաւանաբար չեն ընդունիր նաեւ` իբրեւ արուեստի ուղղութիւն: Ուրկէ՞ կու գայ այս հասկացողութիւնը:

Մ. Հ.- Այն ընդունուած չէ նաեւ արեւելեան արուեստաբաններու կողմէ: Իրականութեան մէջ, ինչպէս իր անուանումը ցոյց կու տայ, գերիրապաշտութեան մէկ տեսակն է, ուր  անհեթեթի զգացողութիւնը շեշտուած կը թուի ըլլալ: Թէեւ անհեթեթի թատրոնի ներկայացուցիչները` Ալպեր Քամիւ, Սամուէլ Պեքեթ, Ժան Ժընէ եւ այլք, բացայայտեցին ու տարածեցին անհեթեթի հասկացողութիւնը գրականութեան մէջ, սակայն ի սկզբանէ անոնց մենաշնորհը չէ եղած: Իրենցմէ առաջ գոյութիւն ունէր եւ իրենցմէ յետոյ ալ կը շարունակուի: Կեանքի մէջ տեղի ունեցող երեւոյթներէն շա՜տ շատեր անտրամաբանական  ու «անիմաստ» կը թուին մեզի: Փաստօրէն, սակայն, արտաքին երեւոյթներու տակ անթեղուած կը մնան անշօշափելի ու բարդ ճշմարտութիւններ, որոնք բնազդաբար եւ տարերայնօրէն կը դրսեւորուին իրաւ արուեստագէտներու բարձրորակ ստեղծագործութիւններու մէջ, որոնք աւելի իրական են ու ճշմարիտ, քան` շօշափելի աշխարհը: Իսկ Լուիճի Փիրանտելլոն յստակօրէն կ՛ըսէ. «Կեանքը լեցուն է տարօրինակ անհեթեթութիւններով, որոնք մինչ այդ ճշմարիտ են («Life is a full of strange absurdities,… since they are true»):

Վ. Ֆ.- Իսկ պատմականօրէն ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս բացայայտուեցաւ:

Մ. Հ.- Համայնավարութեան կացութաձեւը ինքնին շինծու եւ կաղապարուած սկզբունքներու վրայ հիմնուած էր: Անոր գաղափարական քայքայումն ու Խորհրդային Միութեան արագօրէն պետականօրէն կազմալուծումը աւելի եւս անտրամաբանական էր ու «անիմաստ» կը թուէր ըլլալ: Փերեսթրոյքայի տարիներուն, երբ նախկին խորհրդային երկիրներու արուեստագէտները սկսան ազատօրէն ստեղծագործել, դրսեւորեցին  ոչ թէ այն, ինչ որ կը լսէին իրենց մեծաւորներէն, այլ այն, ինչ որ իրենց ներքին ձայնը տարերայնօրէն կը թելադրէր իրենց: Նախ ասոնք եւս ճանչուեցան իբրեւ «յետխորհրդային նկարչութիւն», կամ` երեւակայական իրապաշտութիւն: Սակայն նշմարուեցաւ, որ անոնց մէջ կան գերիրապաշտ կերպարուեստագէտներ, որոնք ունին ընդհանուր գիծ մը, որ անհեթեթի զօրաւոր զգացողութիւնն է: Ինչպէս` Կոնստանդին Խուտիաքով, Եուրի Ցվեթայեւ, Ռուբէն Աբովեան,  Գէորգ Եղիազարեան, Սամուէլ Գարեգինեան, Ալ. Մալցեւ, Վահրամ, Անտրէ Քոսթին եւ շա՜տ շատեր:

Վ. Ֆ.- Կը կարծէ՞ք, թէ անհեթեթ գերիրապաշտութիւնը մնաց միայն նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ…

Մ. Հ.- Բնա՛ւ երբեք, այն կար արդէն թէ՛  նախկին խորհրդային երկիրներու եւ թէ՛ մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու մէջ: Պարզապէս գերիրապաշտութեան սահմաններուն մէջ կը մնար` իբրեւ տեսակ, առանց սակայն խմբաւորուելու: Նկատի ունենալով, որ անհեթեթութիւնն ու գերիրապաշտութիւնը` առանձին առանձին առած, երկուքն ալ առաջին համաշխարհային տագնապներու (ըլլան անոնք ապահովական, տնտեսական թէ ընկերային) հետեւանքներն են, սակայն արուեստի մէջ միասնաբար կը դրսեւորուին, որովհետեւ զիրար կը լրացնեն: Այսօր եւս միջազգային տարբեր տեսակի եռեւեփումներն ու տագնապները հետզհետէ աւելի կը բազմապատկուին ու կը տարածուին ամբողջ աշխարհի մէջ եւ կը դառնան վտանգաւոր ու խիստ մտահոգիչ: Արուեստագէտները բնազդաբար կը մտնեն անհեթեթութեան ու գերիրապաշտութեան ոլորտներու մէջ ու կը բացայայտեն զայն` առ ի պաշտպանութիւն կեանքի գոյատեւման, ու կը փորձեն իմաստաւորել մարդու ոգեղէն արժէքներն ու անոր առաքելութիւնը առհասարակ տիեզերական չափանիշներով:

Վ. Ֆ.- Ուրեմն կրնա՞նք եզրակացնել, որ «Նոա՛զ Արք»-ը միայն  գերիրապաշտ արուեստ կը ցուցադրէ:

Մ. Հ.- Ո՛չ, ատիկա ճիշդ չէ, մենք ոչ միայն ուրիշ բազմաթիւ յայտնի արուեստագէտներու գործեր ցուցադրած ենք աշխարհի չորս կողմերէն, այլ նաեւ գործակցած` ոմանց հետ:

Վ. Ֆ.-  Օրինա՞կ…

Մ. Հ.- Օրինակի համար` Եուրոզ եւ Մայքըլ Շուալ (Միացեալ Նահանգներ), Փոլ Ուկարթուա եւ Պերճ Շաքէճեան (Քանատա), Սալվատոր Տալի (Սպանիա), Գառզու, Ժանսեմ եւ Ասատուր (Ֆրանսա), Էմմանուէլ Ֆերրասիոնի (Իտալիա), Թհոր Լինտենեք (Դանիա), Կիլերմօ Տիեկօ, Մարսելա Քազապուրի եւ Սիլվիա Սելսեր (Արժանթին) եւ այլն:

Վ. Ֆ.-  Շա՛տ լաւ, հասկնալի է, սակայն  գործնապէս ինչպէ՞ս միջազգային ասպարէզ յայտնուեցաք:

Մ. Հ.- 1998-ին Պէյրութի մէջ առաջին անգամն ըլլալով կը կազմակերպուէր Միջազգային արուեստի տօնավաճար: Կազմակերպիչը` ֆրանսացի արուեստաբան Լոր տը Հաթուիլը, յատուկ ժամադրութեամբ «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահ բերաւ արուեստաբան Փաթրիք Պարերը: Ան հրաւիրեց զիս` մասնակցելու Ժընեւի «Pal Expo»-ի մէջ կայանալիք «Europe Art 2000»  արուեստի տօնախմբութեան  առիթով իր կազմակերպած միջազգային ցուցահանդէսին  (որուն տնօրէնն ու ընդհանուր կազմակերպիչն էր)` միաժամանակ խոստանալով օգնել ինծի թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս: Երբ ես կը տատամսէի որոշում տալու Լոր տը Հաթուիլը քաջալերեց զիս` ըսելով. «Ասիկա առիթ մըն է քեզի` միջազգային ասպարէզ դուրս գալու: Եւ նկատի առ նաեւ, որ պրն. Փաթրիքը ամբողջ Միջին Արեւելքէն միայն քեզ ընտրած է»: Իսկ երբ հարց տուի, թէ` «ինչո՞ւ միայն զիս», Փաթրիք Պարերը ըսաւ. «Որովհետեւ քու ներկայացուցած արուեստը իւրայատուկ է, եւ դուն արհեստավարժօրէն կ՛աշխատիս»: Այդպէս ալ եղաւ, մենք ոչ միայն մեծ յաջողութիւն արձանագրեցինք այդ միջազգային ցուցահանդէսին, այլ նաեւ իմ գեղանկարիչներէն մէկը` Վահրամը, ընտրուեցաւ այդ ցուցահանդէսին մասնակցող աշխարհի լաւագոյն քառասուն արուեստագէտներէն մէկը, եւ ապա իր «Կէսգիշերային խաղ» իւղանկարը զուիցերական Կրուէրի «Fantastic Art Museum»-ի տնօրէնութեան (Էթիէն Շաթոնի եւ իր գործնկերներու) կողմէ ընտրուեցաւ քառասուններէն լաւագոյնը եւ մաս կազմեց թանգարանի հաւաքածոյին: Այսպիսով, կրցանք մտնել միջազգային արուեստի ասպարէզ: Իսկ  հետագային, երբ 2008-ին Նիւ Եորքի մէջ  արժանացանք «Ֆայն Արթ Մեկեզին»-ի ուշադրութեան, անոր հետ մեր համագործակցութիւնը եղաւ չափազանց արդիւնաւէտ ու բեղուն:

Վ. Ֆ.- Ինչպէ՞ս…

Մ. Հ.- Մինչ այդ թէեւ մենք որոշ ճանաչում գտած էինք Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, սակայն «Ֆայն Արթ»-ը աւելի տարածեց մեր անունը, յատկապէս` Եւրոպայի տարածքին:

Վ. Ֆ.- Ինչպէ՞ս…

Մ. Հ.- Ամերիկեան եւ քանատական լրատուամիջոցներէն ոմանք, ինչպէս` «Ռոյթըրզ», «Արթ Ուըրլտ Նիուզ», «Արթ Պիզնիս Նիուզ», Արթ Թրենտ», «Ուաշինկթըն Նիուզ Ուըրլտ», թէեւ մինչ այդ երբեմն կ՛անդրադառնային մեր գործունէութեան, սակայն  շնորհիւ «Ֆայն արթ մեկեզին»-ին` մենք կրցանք մուտք գործել նաեւ Եւրոպա: 2009-ի աշնան թիւ 17-ին մէջ լոյս տեսած  առաջին յօդուածէն` «Յաւիտենականը ներկայի մէջ», իսկ շարք մը լրատումիջոցներ եւ թերթեր սկսան աւելի հետաքրքրուիլ մեր մասին ու գնահատել մեր արուեստը:

Իսկ 2010-ին Ժամանակակից արուեստի տօնավաճառին (Contemporary Art Fair), «Արթ Մոնաքօ 10»-ի ընթացքին, Դաւիթ Տուպուա` «LUX IMMO  Magazine»-ի հրատարակիչն ու ներկայացուցիչը, քովս եկաւ եւ առաջարկեց, որ աշխատակցիմ նաեւ իր արուեստի պարբերականին: Հետագային սկսայ ստորագրել նաեւ  իր հրատարակած մէկ այլ պարբերաթերթի` «Էլ. Էյ. Արթ»-ի մէջ, որ կը հրատարակուէր երեք լեզուներով` անգլերէն, ֆրանսերէն ու ռուսերէն եւ`  հինգ քաղաքներու համար (Նիւ Եորք, Մոսկուա, Փարիզ, Լոնտոն եւ Մոնաքօ): Ասկէ ետք մենք կարելիութիւն ունեցանք ծանօթանալու եւ գործակցելու արուեստի աշխարհին մէջ ճանչուած բազմաթիւ յայտնի անձնաւորութիւններու հետ, որոնք ոչ միայն գնահատեցին արուեստի հանդէպ մեր որդեգրած կեցուածքն ու գործունէութիւնը, այլ նաեւ նպաստեցին մեզի` զարգացնելու եւ տարածելու մեր ներկայացուցած արուեստը  (ինչպէս` «Արթ Իվոլիուշըն»- ի հիմնադիր եւ տնօրէն` Քրիստոֆըր Թալպոթ, ամերիկացի յայտնի արուեստաբան` Քարոլ Քուրչի (AAA), «Արթ Սթէյճ Սինկափուր»-ի հիմնադիր եւ տնօրէն` Լորենցօ Ռուտոլֆ,  «Արթ Սթէյճ Սինկափուր»-ի կազմակերպիչ տնօրէն` դոկտ. Ճիլ Շնայտըր, «Էքսփօ Արթ Մոնաքօ»-ի  հիմնադիր եւ տնօրէն` Ժոնեսքօ Ռոտրիկեզ, «Արթեքլասիքա»-ի հիմնադիր եւ տնօրէն`  Անտրէ Պարտոն եւ ուրիշներ):

Եւ այսպէս, շնորհիւ «Ֆայն Արթ Մակեզին»-ին` ոչ միայն «Նոա՛զ Արք»-ը սկսաւ ճանչցուիլ միջազգային հարթակներու վրայ, եւ մենք կարելիութիւն ունեցանք մասնակցելու երեսունէ աւելի արուեստի միջազգային տօնավաճառներու, այլ նաեւ առիթ ունեցանք ծանօթանալու շարք մը միջազգային դէմքերու, որոնք նոյնպէս քաջալերեցին մեզ ու գնահատեցին մեր արուեստը (ինչպէս` Շարլ Ազնաւուր, Ճէյն Սիմոր, Օմար Շերիֆ, Փելէ, Ֆարահ Տիպա թագուհի, Սինիորիթա եւ Այրթըն Սեննա, Լեզա եւ Էրիք Լիտօ, Էթիլեն Շարթոն, Ճեքի եւ Սթենլի  Տրոշ, Քլիֆըրի Ռոպըրթզ եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ մեր լաւագոյն ընկերներէն` Վիքթըր Ֆորպս, որուն համար արուեստը ոչ թէ միջոց է, այլ նպատակ` իբրեւ կեանքի բարձրագոյն համամարդկային դրսեւորում: Մեր հաստատումին գլխաւոր ապացոյցը այն է, որ յիսուն տարիներէ ի վեր կը շարունակէ հրատարակել «Ֆայն Արթ»-ի նման վարկ ունեցող պարբերական  մը: Այս առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ զինք, հրատարակիչն ու իր օգնական խմբագիրները:

Վ. Ֆ.- Այս առիթով թոյլ տուր մեզ շնորհաւորելու քեզ եւ ընտանիքդ` «Նոա՛զ Արք»-ի երեսունամեակի առիթով, մաղթելով շարունակական յաջողութիւններ:

Jamie Ellin Forbs (Հրատարակիչ)
Victor Bennett Forbs (Խմբագիր)                  
Fine Art Magazine/ Sun Storm Art Publishing Co., Inc.

Նախորդը

Հոգեգալուստի Տիեզերական Պատգամն Ու Շնագլուխ Կերպարներու Խորհրդաբանութիւնը Հայկական Պատկերագրութեան Մէջ

Յաջորդը

Պատանիին Էջը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.