Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարմիր Գնդակէս` Դէպի Սարդարապատ

May 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Կեանքի մէջ կը ծագին պահեր, որոնք յանկարծակի կը ծնին` անակնկալ ու անպատրաստ:  Անոնք առաջին հայեացքով սովորական կը թուին, սակայն տարիներ ետք կը հասկնանք, թէ ճակատագիրի աննկատ դրոշմներ ձգած են  մեր ներաշխարհին վրայ:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ունեցած ենք  դէմքեր, որոնք ոսկեայ տառերով գրուած են: Բայց կան նաեւ դէմքեր, որոնք ո՛չ յուշաքարերու վրայ արձանագրուած են, ո՛չ ալ` պատմագիրներու էջերուն մէջ տեղ գտած: Անյայտ հերոսներ` լուռ, համեստ, սակայն անոնց գործը նոյնքան մեծ ու վճռորոշ է, որքան` ճանչցուած ու երգուած հերոսներունը:

Տարիներ առաջ, տակաւին պատանի, քոյրս դաշնամուրի դասընթացքներու կը հետեւէր. անոր երազն էր դաշնամուր մը ունենալ: Փափաքը իրականացաւ: Տան մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Դաշնամուրը զետեղուեցաւ հիւրասենեակին մէջ` իբրեւ նոր հիւր, նոր գեղեցկութիւն, նոր շունչ:

Հայրս ծանօթ երաժիշտ քեմանչիստ Ռուբէնէն խնդրեց ստուգել  դաշնամուրին  ստեղնաշարը, ձայնալարերը: Ան եկաւ: Անոր կ՛ընկերակցէր  ճերմակ մազերով, լուռ ու համեստ անձ մը, որուն դէմքը առաջին հայեացքէն սովորական կը թուէր: Հաւանաբար օգնական մը` կ՛ըսէի մտքէս:

Ես սակայն բոլորովին ուրիշ աշխարհ մը ունէի: Կարմիր գնդակովս հիւրասենեակը ֆութպոլի դաշտի վերածած էի: Գնդակը  հարուածելով մերթ աջ, մերթ  ձախ` կը վազվզէի: Մինչ երկու  տարեցներ, խորասուզուած դաշնամուրին ձայնալարերուն մէջ, ես  պատանեկան եռանդով կը խանգարէի անոնց նուրբ աշխատանքը: Անոնք լռութիւն կը փնտռէին, ես` աղմուկ…

Մայրս կը սաստէր, բայց` ի զուր: Մեր հիւրերը հաւանաբար երբեք չէին հանդիպած նման անհանդարտ պատանիի մը…

Բաւական ժամանակ անցած էր, երբ սպիտակահեր մարդը  մօտեցաւ  ինծի եւ ժպտեցաւ: Աչքերուն մէջ տարօրինակ խաղաղութիւն մը կար:

Հարցուց, թէ ո՛ր դպրոցը կը յաճախէի, ո՛ր դասարանն էի: Ապա անսպասելի հարցում մը ուղղեց.

– Հայոց պատմութիւն կը սիրե՞ս:

Առանց մտածելու` «Այո,  շա՛տ», պատասխանեցի.

Հարցումը մինչեւ այսօր  տակաւին  կը հնչէ ականջներուս մէջ:

Այդ «այո՛»-էն սկսաւ պատմութիւն մը, որ ամբողջ կեանքիս պիտի ընկերանար:

Սպիտակահեր մարդուն անունը Լեւոն էր:

Լեւոնը սկսաւ Սարդարապատի հերոսամարտի մասին պատմել` ո՛չ  իբրեւ պատմաբան, ո՛չ իբրեւ դասագիրքի հեղինակ, այլ` իբրեւ մարդ մը, որ հարազատ աչքերով տեսած էր իրարու դէմ պայքարող մահն ու կեանքը:

Պատմեց` ոչ դասագիրքի Սարդարապատը, ո՛չ հանդիսաւոր ճառերու Սարդարապատը,այլ` մահուան, կրակի, ծարաւի, զոհողութեան ու ապրելու կամքի Սարդարապատը:

Լեւոնը պատմեց: Հազիւ  տարիքս  ունեցած էր` կրակոցներու մէջէն, արկերու հարուածին տակ, մահուան ստուերին հետ քալելով ` ջուր կրած էր ռազմաճակատ: Պատմեց կրակոցներուն, թրքական բանակին վայրագութիւններուն, ռմբակոծումներուն սարսափը: Բայց ամէնէն աւելի` պատմեց հայ մարդուն կամքին մասին:

Ես քարացած կը լսէի զինք:

Հարցուցի`  «Ինչպէ՞ս ջուրը կը հասցնէիք ճակատ»:

Լեւոնը մեղմ ժպիտով   մը պատասխանեց.

– Ամէն մէկը տեղ մը կեցած` կը սպասէր: Դոյլը մէկ ձեռքէ միւսին կը փոխանցուէր, մինչեւ հասնէր ճակատ`գիշեր ու ցերեկ,առանց դադարի,առանց բողոքի…

Պարզ նախադասութիւններ…

Ես լուռ կը լսէի:Կարմիր գնդակս անկիւն մը գլորած մնաց: Պատանեկան անկարգութիւնները կարծէք պահ մը կանգ առած ըլլային:

Լեւոնը չէր խօսեր իբրեւ հերոս: Անոր ձայնին մէջ հպարտութեան աղաղակ չկար: Ան կը խօսէր պարզապէս, կարծէք սովորական օր մը կը նկարագրէր: Բայց ես կը զգայի, թէ այդ խաղաղ ձայնին ետին ամբողջ ժողովուրդի մը գոյամարտը կը պատմէր:

Այդ օր առաջին անգամ հասկցայ, որ հայրենիքը միայն զէնքով չի փրկուիր:

Երբեմն դոյլ մը ջուր փոխանցող ձեռքերը նոյնքան սուրբ են, որքան` ռազմաճակատին վրայ կռուող զինուորին ձեռքերը:

Սարդարապատը միայն հրացան բռնողներու յաղթանակը չէր: Ան նաեւ ջուր փոխադրող պատանիներու յաղթանակն էր: Աղօթող մայրերու, հաց թխող կիներու, վիրաւորներ խնամող աղջնակներու յաղթանակն էր,  հայ ժողովուրդին  յաղթանակն էր:

Լեւոն յաջողեցաւ զսպել իմ պատանեկան պոռթկումներս: Անխօս ու լուռ` զինք մտիկ կ՛ընէի: Սակայն հոգիիս մէջ իջած այդ անդորրը սովորական   հանդարտութիւն մը չէր. ան ներքին զարթնում մըն էր, հոգիիս խորերէն ծնած արթնութիւն մը, որ դանդաղօրէն կը փոխէր մտածումս ու ներաշխարհս:

Լեւոնը լռած էր` իր պատմութիւնը աւարտելով: Բայց հիմա կարգը ինծի հասած էր:  Պատանեկան հետաքրքրութեամբ զինք կը պաշարէի Սարդարապատի հերոսամարտին վերաբերող հարցումներով, կարծես կը փորձէի անոր յիշողութեան մէջէն վերագտնել ժողովուրդիս ապրելու կամքին գաղտնիքը:

Դաշնամուրին վրայ կատարելիք աշխատանքը աւարտեցաւ: Քեմանչիստ Ռուբէնը եւ Լեւոնը լուռ ու հանդարտ մեկնեցան` իրենց ետին ձգելով լարերուն մէջ տակաւին թրթռացող մեղեդիի անտես արձագանգը:

Այլեւս երբեք չտեսայ Լեւոնը:
Չեմ գիտեր` ի՛նչ եղաւ անոր:
Չեմ գիտեր` ո՛ւր հանգչեցաւ:
Չեմ գիտեր` արդեօք մէկը յիշե՞ց անոր անունը:

Մէկ բան գիտեմ:

Լեւոնը կ՛ապրի մէջս: Կ՛ապրի իր ձայնով: Իր պատմած Սարդարապատով:

Իր  դառն ժպիտով: Իր  ցաւ մը  թաքցնող պարզութեամբ:

Տարիներ անցան:

Հայաստան ուսանելու մեկնեցայ:

Օր մը ընկերներով որոշեցինք այցելել Սարդարապատի յուշահամալիրը: Օթոպիւսը կը սուրար` ճեղքելով Հոկտեմբերեանի  արտերը: Հոկտեմբերեանի դաշտերը ողողած էին առատ բերքով: Ամէնուրեք տարածուած էր աշնան ոսկեգոյն շունչը: Լայնատարած ու խաղաղ դաշտերը ներաշխարհիս մէջ մեղմ ու անբացատրելի զգացում մը կ՛արթնցնէին:

Աչքերուս դիմաց պատկերներ կը ծաւալէին. դոյլ փոխանցող մանչեր, իրենց մանկութիւնը պարտականութեան ու զոհողութեան բեռին  տակ կորսնցուցած աղջնակներ, վիրաւորներ եւ կամաւորներ` կարծէք ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը մէկ պահու մէջ համախմբուած ըլլար տեսողութեանս առջեւ :

Անոնց մէջ կը փնտռէի Լեւոնը: Կը թուէր, թէ տակաւին այնտեղ էր: Թերեւս այդ արտերուն մէջ դոյլ մը  կը  փոխանցէր ձեռքէ ձեռք…

Հասկցայ, որ հայրենիքը կերտուած  է անթիւ լեւոններու ուսերուն վրայ` այն մարդոց, որոնց անունները երբեք  չեն արձանագրուիր պատմութեան գիրքերուն մէջ, բայց որոնց շնորհիւ պատմութիւնը կը շարունակէ իր ընթացքը` անոնց լուռ, սակայն անփոխարինելի ներկայութեամբ:

Սարդարապատը միայն ճակատամարտ մը չէր: Ան հայ ժողովուրդի ապրելու կամքին ամենահզօր ճիչն էր:

Երբ թշնամին կը կարծէր, թէ հայը պիտի կորսուէր, նոր կամք մը ծնաւ ապրելու, գոյատեւելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու:

Այսօր, երբ կը խօսինք  մեր պատմութեան մասին, թերեւս պարտինք յիշել ոչ միայն հրամանատարները, այլեւ` լեւոնները:

Երբ ալ հայրենիքի մասին մտածեմ, երբ ալ մեր ժողովուրդի գոյութեան հրաշքը փորձեմ հասկնալ, Լեւոնը կու գայ ու կանգ կ՛առնէ աչքերուս առջեւ:

Համեստ համոզումովս, ժողովուրդ մը կ՛ապրի այնքան, որքան լեւոնները չեն անհետանար անոր յիշողութենէն:

Այսօր, երբ Սարդարապատի մասին կը խօսինք, յաճախ կը յիշենք հրամանատարներու ռազմավարութիւնը, պատմական  մեծ յաղթանակը: Անոնք անշուշտ մեր ազգային յիշողութեան անբաժան մասն են: Սակայն պատմութեան վեհութիւնը   չի  կերտուիր միայն մեծ անուններով:

Պատմութիւնը կը կառուցուի նաեւ անոնց ձեռքերով, որոնք ջուր կը հասցնեն ռազմաճակատ, հաց կը բաժնեն քաղցած զինուորին, վիրաւորը կը խնամեն, կամ լուռ կերպով իրենց բաժին զոհողութիւնը կը բերեն ազգի գոյատեւման սեղանին:

Լեւոնը այդ անթիւ անանուն հայերէն մէկն էր:

Գուցէ այսօր ալ մեր ժողովուրդը նոր սարդարապատներու առջեւ կեցած  է`  ռազմական, քաղաքական, ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային մարտահրաւէրներու տեսքով: Եւ ինչպէս այն օրերուն, այսօր ալ, ժողովուրդի մը փրկութիւնը  չի կերտուիր միայն ղեկավարներու խօսքերով կամ կարգախօսներով:

Անիկա կը սկսի սովորական մարդու հաւատքէն, նուիրումէն, ծառայութեան ոգիէն:

Որովհետեւ հայրենիք պահող ազգերը նախ իրենց յիշողութիւնը կը պահպանեն:

Լեւոնը լռութիւն մըն է: Բայց ժողովուրդ մը կ’ապրի անոր մէջ:

Խոնարհումով կը յիշենք Սարդարապատի նահատակները, որոնց կեանքով եւ զոհողութեամբ կերտուեցաւ  այսօրուան Հայաստանի ճանապարհը:

 

 

 

Նախորդը

Ընկեր Թաթուլ

Յաջորդը

Վերադառնալ Դէպի Մեզ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.