Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 22, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Անպա» օրաթերթին. «Հնգեակ յանձնախումբը աւարտեց իր առաքելութիւնը եւ վերածուեցաւ երկկողմանի հանդիպումներու ու հաղորդակցութիւններու»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Լիբանան, իսրայէլեան խախտումներու շարունակման լոյսին տակ, սկսաւ ինքզինք դնել երկու յստակ ընտրանքներու առջեւ. կա՛մ բանակցութիւններու ներկայ հոլովոյթի ուղին ամբողջովին պոյքոթի ենթարկել, կա՛մ ալ յառաջիկայ որեւէ քննարկում սահմանափակել մէկ նիւթով` զինադադարի ամրապնդումով»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Պէյրութ Ուաշինկթընին յայտնեց, որ իսրայէլեան խախտումներու շարունակումն ու հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական մագլցումը կրնան լիբանանեան կողմը մղել բանակցութիւններուն իր մասնակցութիւնը առկախելու»:

. ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթի տեղեկութեան, «Ուաշինկթընէն հասած են տուեալներ, թէ Լիբանանի թղթածրարը Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի գլխաւոր առաջնահերթութիւններու շարքին չէ, եւ անոր ճակատագիրը որեւէ նախկին ժամանակէ աւելի կախուած դարձած է Իրանի հետ պատերազմի ընթացքէն»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա» օրաթերթին. «Մինչեւ հիմա յստակ չէ, եթէ ապահովական բանակցութիւնները պիտի քննարկեն «Փայլըթ Էրիա»-ն, որ նախագահական պալատին ներկայացուած ամերիկեան փաստաթուղթը պիտի ներառէ: «Փայլըթ Էրիա»-ն գործողութիւններու մէկ շրջանի մէջ լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւն կը նշանակէ»:

. «ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ատիկա պատահականութիւն չէր, այլ ամերիկացի միջնորդը լաւ ուսումնասիրած է ատոր չափերն ու նպատակները, նախքան զայն ներկայացնելը, որովհետեւ կը գիտակցի, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութեան հասնելու կարեւորագոյն խոչընդոտը եղած է եւ կը մնայ Հըզպալլայի զէնքը»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունին եւ վարչապետ Սալամին Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու փուլերու ընթացքին ղեկավարած մօտեցումը անցնող քանի մը օրուան ընթացքին եւրոպական եւ արաբական յառաջադէմ զօրակցութիւն ստացաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա հիմնուած է զինադադարի ամրապնդման եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն վրայ»:

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի համաներումի օրինագիծի քննարկման նիստին ներկայութիւնն ու «Պաապտայի մէջ վաւերացուած կարգաւորման հիմամբ համաներումի օրինագիծի բնագիրին շուրջ բանակի հրամանատարութեան նկատողութիւնները» խորագիրով փաստաթուղթով մասնակցութիւնը վարչապետ Նաուաֆ Սալամին դժգոհութիւն պատճառեց»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան ընկերութիւններուն ներկայացուցած լուծումները կը ներառեն Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերուն դէմ դնել ելեկտրամագնիսական ուժի օգտագործումով, եւ օդատիեզերական ճարտարարուեստի ընկերութիւն մը պաշտպանութեան նախարարութեան Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերուն դէմ դնելու լուծումներ ներկայացուց»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ կռուող իսրայէլացի սպաներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին. «Թրամփի Պէյրութի եւ Պեքայի ռմբակոծման վրայ հաստատած սահմանափակումները մեզ կը մղեն մեր զայրոյթը պարպելու գիւղերը ռմբակոծելով»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանան գտնուող զինուորները ցերեկը կը պահուըտին` Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերէն վախնալով»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակէն բարձրաստիճան սպաներ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադար չկայ, սակայն չենք կրնար մեր ամբողջ ուժը օգտագործել»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակէն բարձրաստիճան սպաներ «Իսրայէլ Հայոմ»-ին. «Լիբանանի մէջ մնալը անօգուտ է: Բանակը այս պատերազմի ներկայ ձեւին մէջ ձեռքբերումներ չ՛արձանագրեր»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ սպաներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին. «Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերուն հետեւանքով վիրաւորներու թիւի բարձրացման պատճառով հիասթափութիւն գոյութիւն ունի, եւ մեր առաքելութիւնը լիբանանեան գիւղերուն մէջ տուները փլելն է»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ուալլա» կայքը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակի հրամանատարութենէն սպաներու գնահատումով, քաղաքական իշխանութիւններուն Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերը վարողները ետ մղելու համար Լիբանանի մէջ  գործողութիւնը ընդլայնելուն հաւանութիւն տալու պահը կը մօտենայ:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին. «Բողոքները աճ արձանագրեցին, երբ ի յայտ եկաւ, թէ կարգ մը անուններ, որոնց շարքին Ասիրը պիտի չօգտուին համաներումի օրէնքի ներկայ ձեւաչափէն, եւ ատիկա քննարկումը վերադարձուց «զերօ կէտ»-ին»:

Ան շեշտեց, որ ինք անիրաւուած ոեւէ անձի բանտին մէջ մնալը կը մերժէ:

. ԺԱՄԱԱ ԻՍԼԱՄԻԱ. «Համաներման մասին օրէնքի առաջարկուող տարբերակը կամայական է եւ իսլամական կալանաւորներու նկատմամբ անարդարութիւնը կ՛ամրագրէ»:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 2 մարտէն ի վեր իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 3089-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը` 9397-ի:

. ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ կեդրոնական վարչութեան կողմէ հրապարակուող Լիբանանի մէջ սպառողական ապրանքներու գիներու ցուցանիշին համաձայն, ապրիլ 2026-ին սպառողական ապրանքներուն գիները մարտ 2026-ի համեմատած 3.04 առ հարիւրի աճ արձանագրած են, իսկ ապրիլ 2025-ի համեմատած` 20.02 առ հարիւրի:

Պէյրութի մէջ ապրիլ 2026-ին, մարտ 2026-ի բաղդատած այդ ապրանքներուն գիները բարձրացած են 2.02 առ հարիւրով, Լեռնալիբանանի մէջ` 2.71 առ հարիւրով, իսկ Պեքայի մէջ` 5.74 առ հարիւրով:

 

 

Նախորդը

Լեւոն ԺԴ. Պապին Ողջերթի Խօսքը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Էրտողան Թրամփը Յորդորած Է Լիբանանի Մէջ Կացութեան Վատթարացումը Արգիլելու Քայլեր Որդեգրելու

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.