Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիք Կեանք

May 20, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախի Շուրջ 30 Պետական Եւ Սեփական Թանգարաններ Գոյաբանական Սպառնալիքի Տակ Են

Արցախի շուրջ 30 պետական եւ սեփական թանգարաններ ու հաւաքածոներ յայտնուած են գnյաբանական uպառնալիքի տակ: Այս մասին «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան, «Ազգային» պատմամշակութային հասարակական կազմակերպութեան փոխնախագահ Յովիկ Աւանեսովը:

Ան յատկապէս նշած է. «Այս տարուայ Թանգարանների միջազգային օրուայ պաշտօնական խորագիրն է` «Թանգարանները միաւորում են մասնատուած աշխարհը»: Սակայն այդ միաւորող առաքելութիւնը կարող է լիարժէք իրագործուել միայն այն դէպքում, երբ միջազգային հանրութիւնը գործնականօրէն արձագանգի այն իրավիճակներին, որտեղ մշակութային ժառանգութիւնը գտնւում է համակարգուած ոչնչացման եւ ամբողջական կորստի վտանգի տակ` ինչպէս ներկայումս Արցախում:

«Իւրաքանչիւր տարի մայիսի 18-ին աշխարհում նշւում է Թանգարանների միջազգային օրը` որպէս կարեւոր միջազգային հարթակ, որի նպատակն է ընդգծել թանգարանների դերը հասարակութիւնների կրթական, գիտական եւ մշակութային զարգացման գործընթացներում, ինչպէս նաեւ` մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ուսումնասիրութեան եւ հանրահռչակման գործում: Այս նախաձեռնութիւնը հաստատուել է 1977 թուականի մայիսի 18-ին` Թանգարանների միջազգային խորհրդի (ICOM) 11-րդ գլխաւոր համաժողովի ընթացքում, իսկ 1978 թուականից ի վեր այն նշւում է աշխարհի աւելի քան 150 երկրում, այդ թւում` Հայաստանում:

«Առանձնայատուկ մտահոգութեան առարկայ է բռնազաւթուած Արցախում ստեղծուած իրավիճակը, որտեղ Ազրպէյճանի կողմից իրականացուող պետական քաղաքականութեան հետեւանքով Արցախի ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը գտնւում է լիակատար եւ համակարգուած ոչնչացման, աղաւաղման եւ իւրացման իրական ու շարունակական վտանգի տակ: Այս գործընթացները վտանգում են ոչ միայն հայկական, այլեւ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան անփոխարինելի արժէքներ:

«Արցախը` հազարամեակների պատմութիւն ունեցող եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն օճախներից մէկը, երկար տարիներ աշխուժօրէն մասնակցել է Թանգարանների միջազգային օրուան` կազմակերպելով ցուցահանդէսներ, գիտաժողովներ, կրթական եւ մշակութային ծրագրեր, որոնց նպատակն էր ներկայացնել տարածաշրջանի բացառիկ պատմամշակութային ժառանգութիւնը: Արցախի թանգարաններն ու մշակութային հաստատութիւնները եղել են ոչ միայն յիշողութեան պահպանման կենտրոններ, այլեւ գիտական ուսումնասիրութիւնների եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման առանցքային յենասիւներ:

«2023 թուականի իրադարձութիւններից յետոյ Արցախի շուրջ 30 պետական եւ մասնաւոր թանգարաններ ու հաւաքածուներ` իրենց հնագիտական, պատմական, ազգագրական եւ գեղարուեստական բացառիկ նմոյշներով, յայտնուել են գոյաբանական սպառնալիքի պայմաններում: Այսօր դրանք զրկուած են բնականոն գործունէութիւնից, իսկ դրանց հաւաքածոները կանգնած են ամբողջական ոչնչացման, կազմաքանդման, կեղծման եւ նպատակային իւրացման բարձր վտանգի ներքոյ:

«Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը, որն ունի ոչ միայն ազգային, այլեւ համամարդկային արժէք, ենթարկւում է համակարգուած քաղաքականութեան, որի նպատակը պատմական յիշողութեան խեղաթիւրումն է, մշակութային ինքնութեան ջնջումը եւ պատմաճարտարապետական արժէքների վերագրումը կամ ֆիզիքական ոչնչացումը: Այս իրավիճակը պահանջում է միջազգային հանրութեան առաւել հետեւողական եւ հասցէական ուշադրութիւն` որպէս մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հրատապ խնդիր:

«Այս պայմաններում Թանգարանների միջազգային օրը պէտք է դիտարկուի ոչ միայն որպէս խորհրդանշական տօն, այլեւ որպէս միջազգային հանրութեան համար պատասխանատուութեան օր` ուղղուած մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, վտանգների բարձրաձայնման եւ կանխարգելման գործողութիւնների խթանմանը»:

Արարատի Եւ Արագածի Վեհութեան Ներքեւ Իրականացած Արա Գէորգեանի «1000 Տհոլ» Նախագիծը Արձանագրուեցաւ Կինեսի Մրցանիշներու Գիրքին Մէջ

Անուանի երգահան եւ երաժիշտ Արա Գէորգեան հանրութեան ներկայացուց իր լայն արձագանգ գտած «Վերածնունդ» տեսահոլովակը, որ ստեղծուած է «1000 տհոլ» մշակութային նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ: Նախագիծը, որ իր տարողութեամբ եւ գաղափարական խորքով բացառիկ երեւոյթ դարձաւ հայկական մշակութային կեանքին մէջ, արդէն իսկ արձանագրուած է Կինեսի մրցանիշներու եւ անոր բովանդակութեան նման չորս այլ գիրքերու, ինչպէս նաեւ պիտի ներառուի հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ:

«Վերածնունդ» տեսահոլովակի նկարահանումները տեղի ունեցան Արարատեան դաշտավայրին մէջ` Արարատ, Արագած, Արա եւ Հատիս լեռներու խորհրդանշական համայնապատկերին ներքեւ: Նախապէս նախատեսուած էր հազար տհոլահարի մասնակցութիւն, սակայն նախաձեռնութիւնը գերազանցեց բոլոր սպասումները, երբ ծրագիրին միացան աւելի քան 1400 արուեստագէտներ եւ պարային համոյթներ: Ծրագիրին մասնակցեցան նաեւ «1000 վահան» նախաձեռնութեան սահմանամերձ բնակավայրերէն եկած երիտասարդներ: Նշենք, որ «1000 վահան» ծրագիրի համահիմնադիրներն են` Իգոր Զարգարեանը եւ Սրբուհի Մովսիսեանը: Անոնք այս նախագիծին մասնակցելով հիմնականօրէն նպատակադրած են Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու մէջ մշակութային կեանքը աշխուժացնել:

Արա Գէորգեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմեց, որ «1000 տհոլ» ծրագիրի գաղափարը ծնած է, երբ Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական համալսարանի Մշակոյթի բաժանմունքի երաժշտութեան ամպիոնին մէջ քննութեան ներկայացած են նոյնանման երկուորեակ եղբայրներ: Անոնցմէ ազդուելով` անոր մտքին մէջ ծագած է երկրի ներկայ կիսուածութեան` «սեւերու» եւ «սպիտակներու» խորհրդանշական հակադրութեան գաղափարը, զոր պէտք էր միաւորել մշակոյթի լեզուով: «Երկուորեակ եղբայրներուն պատճառով մտքէս անցաւ, որ այս կիսուածութիւնը պէտք է միաւորել, կոչ կ՛ուղղեմ ամբողջ հայ ժողովուրդին թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ հայրենիքի մէջ` համախմբուելու, միաւորուելու»:

Տեսահոլովակին մէջ այդ գաղափարը ներկայացուած է աստուածաշնչական խորհրդանշականութեամբ: Գլխաւոր կերպարը մարմնաւորած է դերասանուհի Անահիտ Կիրակոսեան, որ մօր կերպարով կը հաշտեցնէ Կայէնն ու Աբէլը խորհրդանշող երկու եղբայրները, զորս մարմնաւորած են Արմէն եւ Ասքանազ Բաբայեանները: Հաղորդենք, որ տեսահոլովակի բեմադրիչն է Վահէ Եանը, իսկ գլխաւոր նկարահանողը` Արթուր Ղարայեանը:

Նախագիծին երաժշտական կառուցուածքը նոյնպէս խոր խորհրդանշական իմաստ ունի: Ստեղծագործութիւնը կը սկսի երգչուհի Տաթեւ Եղիազարեանի կատարումով, որմէ ետք կը հնչեն տհոլներու պատերազմական կշռոյթները` սեւ եւ սպիտակ հագուստներով տհոլահարներու մասնակցութեամբ: Ապա ամբողջ ընթացքը կը փոխակերպուի` կը ճերմկի հաշտութեան եւ միասնութեան խորհրդանիշի եւ կը հնչէ կոմիտասեան «Տէր ողորմեա» շարականը` մեկնաբանութեամբ «Արմէն Տիգրանեան» երաժշտական դպրոցի երգչախումբի, ղեկավարութեամբ` Ռուբէն Կարասէֆէրեանի: Այնուհետեւ Արշակ Սահակեան կը ղեկավարէ զուռնայի կատարումները, որոնք կը հնչեցնեն հայկական քոչարիի մեղեդին, եւ երիտասարդները կը պարեն շուրջպար:

Նախագիծի երաժշտական բաժինին իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են նաեւ երաժիշտներ Վահան Նահապետեանն ու Դաւիթ Գէորգեանը: Ձայնագրութեան մասնակցած են հայրենի անուանի տհոլահարներ` Գագիկ Հախուերդեան, Նորայր Շարոյեան, Էֆօ, Ալիկ Փելօշեան, Նորայր Աւետիսեան, Շահէն Աւետիսեան, Մակիչ Նազլուխանեան եւ Ռազմիկ Սարգսեան:

Արա Գէորգեանի համոզումով` ներկայ աշխարհը կ՛ապրի պատերազմներով եւ լարուածութեամբ լի ժամանակաշրջան մը, ուստի «1000 տհոլ» նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը մշակոյթի միջոցով խաղաղութեան, սիրոյ, հանդուրժողականութեան եւ համազգային համախմբման պատգամ փոխանցելն է: Ան նշեց, որ անօդաչու սարքով վերէն դիտելու ժամանակ մասնակիցներուն ամբողջական պատկերը կը կազմէր մէկ բառ` «ՍԷՐ»:

Յայտնենք, որ «1000 տհոլ» նախաձեռնութիւնը այսպիսով կը դառնայ ո՛չ միայն մշակութային բացառիկ իրադարձութիւն, այլ նաեւ համազգային խորհրդանշական ձեռնարկ, որ միջազգային հարթակի վրայ կը ներկայացնէ հայկական երաժշտութիւնը, պարը, ազգային արժէքներն ու միասնականութեան գաղափարը:

«Հայ–Ֆրանսական Մշակութային Կապերու Պատմութենէն» Խորագրեալ Միջազգային Գիտաժողով

Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան երկամսեակի ծիրին մէջ, ապրիլ 17-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային (ԳԱԱ) մէջ կայացաւ «Հայ-ֆրանսական մշակութային կապերու պատմութենէն» առաջին միջազգային գիտաժողովը, զոր կազմակերպած էր ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկը:

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Ասատրեանը: Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան երկամսեակի շրջանակներուն մէջ կայացող ձեռնարկներուն առաջին անգամն ըլլալով կը միանայ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկը: «Հայ ժողովուրդի եւ այլ ժողովուրդներու ունեցած մշակութային առնչութիւններու ուսումնասիրութիւնը տասնամեակներ շարունակ գտնուած է Արուեստի հիմնարկի գիտական հետազօտութիւններու առանցքին վրայ: Անիկա նաեւ հայագիտութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է: Այս պարունակին մէջ շատ կարեւոր է հայ-ֆրանսական մշակութային առնչութիւններու ուսումնասիրութիւնը», ըսաւ Աննա Ասատրեան:

Ան նշեց, որ գիտաժողովը պիտի դառնայ տարեկան եւ պիտի գումարուի իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ ամսուն: Գիտաժողովի պատուոյ հիւրն էր Հայաստանի ազգային հերոս, արուեստագէտ, ՀՀ ԳԱԱ պատուոյ դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի գիտական խորհուրդի անդամ Յովհաննէս Չեքիճեանը: «Մայեսթրոն իր գործունէութեամբ հայ-ֆրանսական երաժշտական առնչութիւններու առասպելական խորհրդանիշն է: Մեզի համար լիովին յստակ էր, թէ ո՛վ պէտք է ըլլար անդրանիկ գիտաժողովի պատուոյ հիւրը` անհատականութիւն մը, որ կրթուելով Ֆրանսայի մէջ, ձեւաւորուելով ֆրանսական երաժշտական միջավայրին մէջ, հետագային իր ստեղծագործական ողջ կատարողական գործունէութեան ընթացքին լուսարձակի տակ բերած է ֆրանսական ձայնային-սիմֆոնիք երաժշտութիւնը», ըսաւ Աննա Ասատրեան:

Գիտաժողովի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը յղեց ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը: «Հայ-ֆրանսական մշակութային կապերը դարերու պատմութիւն ունին, եւ այսօր ալ այդ կապերը աշխուժ կերպով կը զարգանան: Առաջին հայը Ֆրանսայի մէջ յայտնուած է տակաւին 591 թուականին: 1855-ին լոյս տեսաւ Ֆրանսայի մէջ առաջին հայերէն պարբերականը` «Արեւելք»-ը: Ընդհանուր առմամբ, մինչեւ այսօր Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած հայերէն պարբերականներուն թիւը կ՛անցնի 215-ը:

«Ի սկզբանէ հայ-ֆրանսական մշակութային կապերը կրած են անհատական բնոյթ: Ֆրանսայի մէջ ուսանած եւ ստեղծագործած են շատ մը հայ անուանի գործիչներ` Գրիգոր Զօհրապ, Սիամանթօ, Ստեփան Աղաճանեան, Յակոբ Կիւրճեան եւ ուրիշներ: Իսկ երբ մենք պետականութիւն ունեցանք, այդ մշակութային կապերը սկսան կրել արդէն միջպետական բնոյթ: 1949 թուականին ստեղծուած է Ֆրանսահայ մշակութային միութիւնը, որ մինչեւ օրս աշխուժօրէն կը գործէ, եւ որպէսզի մշակութային կապերը տարբեր երկիրներու ու տարբեր ժողովուրդներու հետ ամուր ըլլան, եւ մենք հաղորդակցինք ու մասնակից դառնանք համաշխարհային մշակոյթի զարգացման, պէտք է ձգտինք ամրապնդել մեր պետականութիւնը, իսկ մշակոյթը պետականութեան կարեւոր գործիքներէն մէկն է», ըսաւ Եուրի Սուվարեանը:

Գիտաժողովի ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան վաստակաշատ գիտնականներ ու երիտասարդ հետազօտողներ` Լիբանանէն, Հայաստանէն, Չինաստանէն եւ Ֆրանսայէն: Անոնց գիտական զեկուցումները նուիրուած էին հայ-ֆրանսական առնչութիւններուն` երաժշտութեան, ճարտարապետութեան, կերպարուեստի եւ թատրոնի մէջ:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Տարագիր Հայութիւնը Երուսաղէմի Եւ Փոր Սայիտի Մէջ

Յաջորդը

Միասնութեան Զօրաշարժ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 30, 2026
Արարատի Համար Կանգուն` 109 Սկաուտներու Անմոռանալի Ճանապարհը «Արարատի Համար Կանգուն» Խորագիրով
Հայրենի Կեանք

Արարատի Համար Կանգուն` 109 Սկաուտներու Անմոռանալի Ճանապարհը «Արարատի Համար Կանգուն» Խորագիրով

September 28, 2026
Հայկազեան Եւ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարաններուն Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողով-Աշխատաժողովը` «Փոխակերպուող Հայաշխարհ, Գործընթացներ Եւ Իրողութիւններ»
Հայրենի Կեանք

Հայկազեան Եւ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարաններուն Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողով-Աշխատաժողովը` «Փոխակերպուող Հայաշխարհ, Գործընթացներ Եւ Իրողութիւններ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.