Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակումներ գործեց Հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ գաւառի Հարուֆ, Թուլ եւ Տուէյր գիւղերուն վրայ, հրետանիով ռմբակոծեց Նապաթիէ Ֆաուքայի եւ Զաութար Շարքիէի մերձակայքը, ինչպէս նաեւ Հասպայա գաւառի Հալթա գիւղի մերձակայքը:
Իսրայէլեան բանակը կիրակի կէս գիշերին ալ հեռակառավարուող հրթիռով մը հարուածեց Պաալպեք քաղաքի հարաւային մուտքի մերձակայքին մէջ գտնուող յարկաբաժին մը: Արձանագրուեցան երկու զոհեր:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին յարձակումներ գործեց Ուատի Իզզաթ-Տէյր Զահրանին, իսկ գիշերանց` Քֆարտունին եւ Ֆրուն գիւղերը:
Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ Հարուֆ, Պըրժ Շմալի եւ Տպաալ գիւղերու բնակիչները զգուշացուց անմիջապէս լքելու իրենց տուները եւ աւելի ուշ նշեալ գիւղերուն վրայ յարձակումներ շղթայազերծեց:


