Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 87-րդ Առցանց Լսարան. «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի Հայկական Բաժանմունքի Նախաձեռնութեամբ` «Սփիւռքեան Հեռանկարներ Վերլուծական Կեդրոն»

May 15, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գալուստ Կիլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ` «Սփիւռքեան հեռանկարներ վերլուծական կեդրոն»

«Ազդակ»-ի 87-րդ առցանց լսարանը` «Սփիւռքեան հեռանկարներ. վերլուծական հարթակ»  խորագիրով, տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 15 մայիս 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով 19:00-ին: Դասախօսներն էին դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ դոկտ. Վիգէն Չթըրեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ, «Սփիւռքեան հեռանկարներ. վերլուծական կեդրոն»-ի ծննդոցի պատճառներուն, առաջադրանքներուն եւ նպատակներուն մասին զեկուցաբերները մանրամասն տեղեկութիւններ տուին յատկապէս կեդրոնի անհրաժեշտութեան վերաբերող իրենց մտածումները ներկայացնելով լսարանի 58 մասնակիցներուն: Ուշագրաւը այն էր, որ յայտարարուեցաւ, թէ այս լսարանին ընթացքին հնչող առաջարկները նկատի պիտի առնուին այս կեդրոնի աշխատանքներու յառաջիկայ ծրագրաւորումներուն եւ թեմաներու ընտրութիւններուն մէջ:

«Հայկական սփիւռքի հետազօտութեան» շրջանակներուն մէջ կատարուած 13.000 հոգիի մասնակցութեամբ կայացած հարցախոյզի աշխատանքներուն քանի մը յղում կատարուեցաւ թէ՛ դասախօսութեան  եւ թէ՛ լսարանականներու կատարած դիտարկումներուն ընթացքին` իբրեւ կարեւոր ելակէտ հետագայ ռազմավարական բնոյթի գիտական թղթածրարներու մասնակցութեան:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան հաստատեց, որ սփիւռքի հեռանկարները մեր հաւաքական մտապատկերին վրայ վերադարձնելը այս աշխատանքին հիմնական նպատակն է:

Դասախօսութեան աւարտին կայացաւ շատ աշխուժ մասնակցութիւն լսարանականներուն կողմէ` յարափոփոխ սփիւռքի, կրթական ոլորտին, հայաստանեան իրադարձութիւնները արտաքին հայեացքներուն, այս շրջանակներուն մէջ իրականացուող հրատարակութիւններուն եւ գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւններու եզրակացութիւններուն կիրարկելիութեան հնարաւորութիւններուն մասին:

Հետաքրքրական եւ օգտաշատ առցանց քննարկում մը, որուն ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=P3bu-v4zeUQ&t=1062s&t=1062s

Նախորդը

Բացառիկ Համերգ Թեսաղոնիկէի Մէջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( Մայիս 15 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.