Հայաստանի քաղաքական դաշտը այսօր կրկին կը գտնուի այնպիսի գաղափարական բախումի մը առջեւ, որուն կեդրոնը ոչ միայն Արցախի հարցն է, այլ նաեւ` ամբողջ ժամանակակից հայկական ինքնագիտակցութիւնը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները, թէ` ղարաբաղեան շարժումը «ճակատագրական սխալ» էր, «Արցախը երբեք հայկական չէ եղած» եւ Հայաստանը իր ստեղծման օրէն «պատանդ» դարձած էր այդ շարժումին, նոր եւ վտանգաւոր բանավէճ մը ստեղծեց հայ հասարակութեան մէջ:
Վարչապետին յայտարարութիւնները սովորական քաղաքական գնահատականներ չեն: Անոնք փորձեր են` վերաձեւակերպելու ժողովուրդի մը ազգային յիշողութիւնը, վերանայելու վերջին տասնամեակներու պայքարը, եւ նոյնիսկ հարցականի տակ դնելու այն արժէքները, որոնց վրայ կառուցուեցաւ Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւնը:
Ղարաբաղեան շարժումը ծնունդ առաւ ոչ թէ տարածքային ախորժակներէ, այլ` գոյութեան սպառնալիքէ: 1988-ին հայ ժողովուրդը ոտքի ելաւ պաշտպանելու համար արցախահայութիւնը` տեղահանութեան, բռնաճնշումներու եւ ազգային ոչնչացման վտանգին դէմ: Այդ պայքարը ազատութեան, ինքնորոշման եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքի պայքար էր:
Պատահական չէ, որ Հայ ազգային քոնկրեսի փոխնախագահ Լեւոն Զուրաբեան յիշեցուց, որ հայերը չեն պայքարած տարածքներ գրաւելու կամ ուրիշ ժողովուրդներու դէմ պատերազմ մղելու համար, այլ` իրենց ճակատագիրը որոշելու իրաւունքին համար: Անոր համաձայն, 2020 եւ 2023 թուականներու աղէտները հետեւանք էին ներկայ իշխանութեան վարած քաղաքականութեան, ոչ թէ` շարժման սկզբնական գաղափարին:
Նոյն միտքը տարբեր ձեւակերպումներով հնչեցուցին նաեւ ուրիշ քաղաքական գործիչներ: Էտմոն Մարուքեան շեշտեց, թէ պատերազմի մէջ պարտութիւնը չի նշանակեր, որ ամբողջ պայքարը սխալ էր: Ժողովուրդներ կրնան պարտուիլ պատերազմներու մէջ, բայց չեն կրնար ուրանալ իրենց յաղթանակները, որովհետեւ անցեալի յաղթանակները ապագայի վերականգնումի հոգեբանական հիմքն են:
Իսկ Գագիկ Ծառուկեան աւելի կտրուկ ձեւով արձագանգեց` ըսելով, թէ սեփական պատմութիւնն ու յաղթանակները ժխտելը աններելի է: Այս դիտարկումը պարզ զգացական արձագանգ չէ. անիկա ազգային հոգեբանութեան մասին խօսք է: Ժողովուրդ մը, որ կը սկսի ամչնալ իր անցեալի պայքարէն, հետզհետէ կը կորսնցնէ իր ապագան կառուցելու կամքը:
Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան Փաշինեանի յայտարարութիւններուն մէջ տեսաւ աւելի խոր ծրագիր: Ան յիշեցուց, թէ իշխանութիւնը արդէն տարիներէ ի վեր կը խօսէր «Ղարաբաղեան շարժման պատանդութենէն ազատագրուելու» մասին: Այս տրամաբանութեամբ, Արցախի կորուստը ոչ թէ ձախողութիւն կը ներկայացուի, այլ` ծրագրուած «ազատագրում»:
Սակայն ճիշդ այստեղ է հիմնական բարոյական հակասութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի է հայրենազրկումը կոչել «ազատագրում»: Ինչպէ՞ս կարելի է ժողովուրդի մը բռնի տեղահանումը ներկայացնել քաղաքական յաջողութիւն: Փաշինեանը 2018-ին մեծ հնարաւորութիւն ունէր Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծելու խաղաղ ճանապարհով, եթէ բանակցութիւնները շարունակէր իր սեղանին վրայ գտնուած բանակցային փաստաթուղթերուն հիման վրայ, թէկուզ 2019-ին` Մինսքի Խումբին կողմէ իրեն ներկայացուած փաստաթուղթին վրայ: Ինք կորսնցուց այդ առիթները եւ այսօր յանցաւորներ կը փնտռէ:
Արցախը հայկական տարածք է: Համայն աշխարհ կ՛ընդունէր, եւ որովհետեւ Ազրպէյճան կը մերժէր, հարցը մտաւ միջազգային ասպարէզ, միջազգայնացաւ, ստեղծուեցաւ Մինսքի խումբը… Երբ վարչապետը կը յայտարարէ, որ արցախեան շարժումը սխալ էր, ուրեմն սխալ էին Միացեալ Նահանգները, եւրոպական ընտանիքը, Ռուսիան եւ ուրիշներ: Մէկ խօսքով, բոլորը սխալ էին…
Այս ամբողջ բանավէճը կը բացայայտէ շատ աւելի խոր ճգնաժամ մը` Հայաստանի ինքնութեան ճգնաժամը: Այսօր իշխանութիւնը կը փորձէ համոզել հանրութիւնը, որ ղարաբաղեան շարժումը Հայաստանին բերաւ միայն պատերազմ եւ կորուստ: Այս տրամաբանութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ սխալ պատմութեան մը կը վերածէ ամբողջ ազգային պայքարը:
Եթէ ղարաբաղեան շարժումը սխալ էր, ապա սխա՞լ էր նաեւ Հայաստանի անկախութեան ճանապարհը: Սխա՞լ էր ազգային ինքնորոշման գաղափարը: Սխա՞լ էր սփիւռքի տասնամեակներու պայքարը Հայ դատի համար: Այս հարցումները պատահական չեն, որովհետեւ ազգային արժէքներու նահանջը երբեք առանձին երեւոյթ չէ. ան միշտ շղթայական բնոյթ ունի:
Աւելի մտահոգիչ է այն, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները այսօր կը խօսին «զոհաբերութեան» լեզուով: Երբ վարչապետը կը յայտարարէ, որ Արցախը «զոհաբերուեցաւ» Հայաստանը պահելու համար, բնականաբար հարց կը ծագի` ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ վաղը նոյն տրամաբանութիւնը չի կիրարկուիր Հայաստանի այլ շրջաններու պարագային: Այդ պատճառով ալ Սիւնիքի մէջ քաղաքացիներ ուղղակիօրէն հարցուցին վարչապետին` արդեօք վաղը Սիւնի՞քն ալ կրնայ դառնալ «զոհաբերութեան» առարկայ:
Փրակայի հռչակագրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւս ցոյց տուաւ քաղաքական ու բարոյական խառնաշփոթը: Երբ Էմանուէլ Մաքրոն հրապարակաւ գովեց Փաշինեանի «քաղաքական քաջութիւնը»` Արցախը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալու որոշումին համար, հայ հասարակութեան մէջ բնական դժգոհութիւն ծագեցաւ: Շատերու համար այդ «քաջութիւնը» ոչ թէ պետական իմաստութիւն է, այլ` ազգային նահանջի օրինականացում:
Այս մթնոլորտին մէջ նախընտրական պայքարը սկսած է կորսնցնել իր քաղաքական ու գաղափարական մակարդակը: Փոխանակ հասարակութեան ներկայացնելու ապագայի յստակ ծրագիրներ, տնտեսական, կրթական, ժողովրդագրական կամ անվտանգային ռազմավարութիւններ, քաղաքական դաշտը կը լեցուի փոխադարձ մեղադրանքներով, թշնամի որոնելու մոլուցքով եւ ներքին բաժանումներով:
Վտանգաւորը այն է, որ իշխանութիւնը ընդդիմադիր կարծիք արտայայտող իւրաքանչիւր ձայն կը փորձէ ներկայացնել «պատերազմի կուսակցութիւն», «նախկին», կամ «պետութեան թշնամի»: Այս մթնոլորտը կը խորացնէ ատելութիւնը, կը բեւեռացնէ հասարակութիւնը եւ կը խաթարէ պետական մտածողութիւնը: Երբ քաղաքական մրցակցութիւնը կը վերածուի ներքին թշնամիներ ոչնչացնելու պայքարի, տուժողը վերջաւորութեան ոչ թէ այս կամ այն կուսակցութիւնն է, այլ` ամբողջ Հայաստանը:
Հայ ժողովուրդը արդէն չափազանց մեծ գին վճարած է բաժանումներու, սխալներու եւ անհեռատեսութեան համար: Այսօր անհրաժեշտ է ոչ թէ պատմութիւնը ուրանալ, այլ` անկէ դասեր քաղել: Անհրաժեշտ է ոչ թէ յաղթանակները ծաղրել, այլ հասկնալ` ինչպէ՛ս պահպանել ազգային արժանապատուութիւնը նոյնիսկ ծանր պարտութիւններէ ետք:
Երբ նախընտրական պայքարը կը դառնայ միայն փոխադարձ ատելութեան եւ մեղադրանքներու բեմ, վերջնական տուժողները կ՛ըլլան Հայաստանը եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը:



