. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ յառաջիկայ օրերուն զինուորական մագլցումի պիտի դիմէ` աշխուժացնելով օդային յարձակումները, թիրախաւորելով քաղաքայինները եւ տեղահանութեան ծիրը ընդլայնելով մինչեւ Աուալի գետ` լիբանանցի բանագնացին վրայ ճնշումի յաւելեալ խաղաքարտեր ունենալու համար»:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն շարունակ աշխուժ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ եւ ջանքեր կը թափէ հինգշաբթի օր նախատեսուած ժողովէն առաջ զինադադար հաստատելու նպատակով, որպէսզի կարելի ըլլայ բանակցութիւններուն երթալ յարմար ու Լիբանանին համար ճնշիչ չեղող մթնոլորտի մէջ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուաշինկթընեան երկու ժողովները պիտի ճշդեն ուղղակի բանակցութեան պատկերը, եւ թէ արդեօք տարակարծութիւնները պիտի կրճատուի՞ն: Մինչ այդ, հաղորդակցութիւնները ընթացք առին զինադադարի ամրագրման համար աշխատանք տանելու համար` նախքան մանրամասնութիւններու փուլ անցնիլը»:
. ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ մը «Անպա» օրաթերթին. «Իշխանութիւնը բաղադրիչ մասերու եւ կողմերու լայն աջակցութեամբ կը պնդէ գերիշխանութեան ու ազգային որոշումի վերականգնման վրայ, որպէսզի բանակցող շրջանային ու միջազգային որեւէ կողմի ձեռքին մէջ չըլլայ խաղաքարտ մը, որմէ անոնք կը հրաժարին, երբ իրենց սեփական շահերը պահանջեն»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Վերջին ժամերուն Դեղին գիծի մերձակայքին մէջ մարտական մագլցում արձանագրուեցաւ, ինչպէս նաեւ նշմարուեցան շարժումներ, որոնք կարծէք կարգ մը սահմանային կէտերու վրայ այդ գիծէն դէպի լիբանանեան հողերու խորք անցնելու իսրայէլեան փորձեր էին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Կառավարութիւնն ու անոր վարչապետը կը համարձակի՞ն զգուշացնելու Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, որ Լիբանանի մէջ իբրեւ բարձր յանձնակատար կը վարուի, կամ կը համարձակի՞ն զինք կանչել, ինչպէս արտաքին գործոց նախարար Ռաժժին Իրանի դեսպանին հետ ըրաւ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը զայրացած դուրս եկաւ իր հանդիպումէն հանրապետութեան նախագահին հետ, որ մերժեց Նեթանիահուի հետ հանդիպիլ, ինչ որ դեսպան Իսան մղեց լիբանանցի քաղաքացիներուն դէմ զգացական յայտարարութիւններ կատարելու»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Դեսպան Իսան հսկայական աշխատանք կը տանի բանակցութիւնները յաջողցնելու համար: Ան իր հանդիպում ունեցած անձնաւորութիւններուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ հետաքրքրուած են Լիբանանով եւ ներկայ թղթածրարը առաջնահերթ կը նկատեն, ուստի Լիբանան պէտք չէ այս ոսկի առիթը կորսնցնէ»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «գոյութիւն ունի միջազգային ուղղուածութիւն մը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայելու ուժեր, որոնք կը ներառեն ամերիկեան, եւրոպական եւ արաբական ուժեր: Ուաշինկթըն կը պնդէ, որ այդ տեղակայումը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 7-րդ յօդուածին տակ պէտք է ըլլայ, եւ այդ հարցը քննարկուեցաւ անցնող օրերուն ֆրանսական ապահովական պատուիրակութեան Պէյրութ այցելութեան ընթացքին»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Յառաջիկայ փուլին պիտի որդեգրուին աւելի խիստ քայլեր, որոնք կը ներառեն ափրիկեան ու եւրոպական դրամատուներու վրայ ճնշում, Հըզպալլայի առնչուած կառոյցներու հետ գործ ունենալու արգիլում եւ միջազգային աւելի լայն համակարգում` իրաւական բացերը փակելու եւ ֆինանսաւորման ցանցերը հետապնդելու համար»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «թուրքերը դժգոհ են Լիբանանի քաղաքական վարմունքէն, մասնաւորաբար հանրապետութեան նախագահի Կիպրոս իրերայաջորդ այցելութիւններէն եւ անոնց դիմաց մինչեւ հիմա Անգարա նախագահական այցելութեան բացակայութենէն»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «սուրիացիները դժգոհ են առանց Դամասկոսի հետ համակարգումի Իսրայէլի հետ բանակցութեան թղթածրարին մէջ Լիբանանի յառաջ ընթանալէն: Անոնց կարծիքով, Իսրայէլ լիբանանեան-սուրիական համակարգումի բացակայութիւնը իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործէ իր զինուորական շարժումները ընդլայնելու համար»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ ղեկավար մը «Լիուա» օրաթերթին. «Հարաւային արուարձաններու կամ Պէյրութի թիրախաւորումը պիտի արժանանայ գոյացութեան (Իսրայէլի, «Ա.») խորքի դէմ հակադարձութեան»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Հըզպալլայի օփթիքամանրաթելերով կառավարուող անօդաչու թռչող սարքերը սկսած են մտատանջել իսրայէլեան բանակը»:
. ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Ապահովական կառոյցները տակաւին ամբողջովին պատրաստ վիճակի մէջ են եւ իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն պահպանելու անվտանգութիւնը, ոճիրներու դէմ պայքարելու եւ յանցագործութիւնները զսպելու, մասնաւորաբար տարբեր շրջաններու մէջ պարեկային աշխատանքը աշխուժացնելով»:
. ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզի ընթացքին. «Ընդհանուր համաներումը թող ներառէ Իսրայէլի մէջ գտնուող լիբանանցիներուն հարցերուն վերաբերող 2011 թուականի թիւ 194 օրէնքի 2-րդ յօդուածին մէջ նշուած անձերը»:


