Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Eight Is Enough» – Ութն Բաւ Է

May 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՒԹՖԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Երբ ամերիկացիները տարիներ առաջ (1978-1981) նկարահանեցին  կատակերգական պատկերաշար մը` «Eight Is Enough» խորագիրով (որ օրին մեծ ժողովրդականութիւն վայելեց), անոնք կը պատմէին ութ զաւակներէ բաղկացած ընտանիքի մը մասին, ուր ամէն օր խառնաշփոթ կար, աղմուկ կար, բայց նաեւ` սէր, եւ այդ ամէնը` հաճելի եւ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ:

Մնայուն կերպով շուարած հօր դերը ստանձնած  էր դերասան Տիք Վան Փաթընը:

Այսօր, սակայն, մենք ունինք անոր հայկական տարբերակը` «Ութն բաւ է» ողբերգա-կատակերգական պատկերաշարը, որուն գլխաւոր դերակատարը այլ մէկը չէ, եթէ ոչ` Նիկոլ Փաշինեանը: Նախորդ ութ տարիներուն ան ստեղծեց իր սեփական «քաղաքական ընտանիքը». մէկը կը բողոքէր, միւսը կու լար, երրորդը մամլոյ ասուլիս կու տար, չորրորդը կը թալանէր, իսկ վարչապետը` ինչպէս տան հայրը, կը փնտռէր իր ծրագիրը… կարծես կորսուած բանալի մը ըլլար անիկա:

Ամէնէն հեգնականը այն է, որ Փաշինեանը յառաջիկայ յունիսի 7-ի   ընտրութիւններուն կը պատրաստուի այնպէս, ինչպէս որ իր առաջին անգամն ըլլար այդ: Սակայն ճշմարտութիւնը պարզ է` ութն բաւ է:

Եթէ վարչապետ մը ութ տարի ետք տակաւին կը փնտռէ իր ծրագիրները, ուրեմն պիտի ընդունի, որ «հերթական սեզոնը» պիտի չնկարահանուի: Վերջին ութ տարիներուն ան ոչնչացուց այն, ինչ կարող էր ոչնչացնել, քանդեց այն, ինչ կարող էր քանդել: Ան անարգեց հայկական ամէն սրբութիւն` Հայ եկեղեցին, բանակը, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի նահատակները, Սիւնիքը, Արեւմտահայաստանը, Արարատը, սփիւռքը, Պաքուի մէջ բանտարկուած ռազմագերիները, հայ մօր եւ ընտանիքի կերպարը, եւ ցանկը դեռ երկար է…

Ութ տարուան ընթացքին ան թշնամիին յանձնեց Արցախը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն 200 քառ. քմ հող, իսկ Սիւնիքը կորուստի եզրին է: Ան վարեց ներքին եւ արտաքին ձախող քաղաքականութիւն, որ պառակտեց հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը վերածեց կռուախնձորի: Ան գնաց բոլոր զիջումներուն`  Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հաշուոյն:

Ութ տարի ան օրինականացուց կաշառակերութիւնն ու գողութիւնը` իրեն հաւատարիմներուն աշխատանքային վարձատրութիւն տրամադրելու անուան տակ, իր իշխանութիւնը ամրապնդելու համար:

Ութ տարի փորձել, ութ տարի ձախողիլ եւ  մտածել, թէ ունի նոր հնարաւորութիւններ,  իսկապէս կատակերգութիւն է: Անհերքելի ճշմարտութիւնը այն է, թէ ինչ որ ան չկարողացաւ ընել ութ տարիներու ընթացքին, պիտի չկարենայ ընել նաեւ ապագային: Եւ դեռ, մտավախութիւն կայ, որ Փաշինեանը կարող է չճանչնալ յառաջիկայ   ընտրութիւններուն արդիւնքները, եւ թէ այդ մէկը կրնայ առաջնորդել բռնապետութեան կամ քաոսի, որմէ օգուտ կը քաղեն Հայաստանի թշնամիները:

Իսկապէս: Ծաղրածուներու եւ հտպիտներու ժամանակը չէ: Անհրաժեշտ է Հայաստանի քաղաքական գործընթացը վերադարձնել  իր ճիշդ հունը:

Քաղաքականութիւնը, ինչպէս` կատակերգական պատկերաշարը, պէտք ունի աւարտի: Հանդիսատեսները պէտք է գիտնան երբ ծափ տալ եւ տուն դառնալ:

Ութն բաւ է: Աւելին ցաւ է:

Ապա թէ ոչ` մենք ալ ստիպուած պիտի ըլլանք «սեզոն 9»-ի համար ողբերգութեան   կամ սուգի պաստառներ պատրաստելու:

Եւ այդ ատեն ոչ ոք պիտի խնդայ…

 

 

Նախորդը

2026-ի Արդ Եւս-ի Նպաստառուները Յայտարարուած Են

Յաջորդը

Դուխով Մարդիկ, Զգուշացէ՛ք

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.