Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Արդ Եւս-ի Նպաստառուները Յայտարարուած Են

May 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 2026-ի արդ եւս-ի տասը նպաստառուները: Այս տարի եւս ժամանակակից մշակոյթ ձեւաւորողները զայն կը դիտարկեն որպէս ընկերային ենթակառուցուածք` կենդանի ու շնչող ցանց մը, որ արեւմտահայերէնը կը գործարկէ շարժապատկերի, թուային գործիքներու, երաժշտութեան եւ բեմականացման միջոցով:

Հայկական համաշխարհային բնապատկերին շարունակ զարգացող պայմաններուն մէջ արդ եւս նպաստի ծրագիրը կը մնայ կենսական հարթակ մը` ժամանակակից ստեղծագործողներուն համար, որոնք արեւմտահայերէնը կը գործածեն որպէս նորարար արտայայտութեան գործուն միջոց: Այս փուլին ընտրուած ծրագիրները ցոյց կու տան, թէ արուեստը ինչպէ՛ս կրնայ կամրջել սահմաններ` իրարու միացնելով հայկական սփիւռքի համայնքները, ձայներն ու յիշողութիւնները:

Այս տարուան ընտրութիւնը կ՛ընդգրկէ աշխարհագրական լայն տարածք` Լիբանանէն եւ Հայաստանէն մինչեւ Ֆրանսա, Գերմանիա, Քանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` արտացոլացնելով արեւմտահայ ստեղծագործական աշխարհի համաշխարհային բնոյթը:

Նպաստառուները եւ նախագիծները.

– Արման Փեշտմալճեան` (Հայաստան/Ֆրանսա/ԱՄՆ)` 1001 ձայն. Երաժշտական նախագիծ մը, որ կը հետազօտէ համաշխարհային հայկական փորձառութեան բազմազան ձայնային արտայայտչաձեւերը: Հինգ նոր արեւմտահայերէն գործեր` հիմնուած նորագիր կամ ստեղծագործաբար թարգմանուած արդի բնագիրներու վրայ:

– Հայ ստեղծագործներ (ԱՄՆ/Խումբ)` Այն բառերը, որոնք մեզի կը նուիրեն. ցրուած դպրոցներ. հրատարակութիւն մը, որ պիտի բաղկանայ հաւաքածոյէ մը, ուր իւրաքանչիւր ներդրում կ՛առաջարկէ արեւմտահայերէնի թարգմանութեան եւ կիրարկումի փորձարական դպրոց մը:

– Քրիստոֆըր Ադամեան, Թամար Յովսէփեան, Նանէ Դաւթեան (ԱՄՆ/Հայաստան/Խումբ)` Աննա Պօղիկեան. վաւերագրական ժապաւէն. Շարժապատկերային դիմանկար մը` հանրայայտ արդի արուեստագէտ Աննա Պօղիկեանի մասին, որուն գործերը զգալիօրէն ձեւաւորած են ինքնութեան, յիշողութեան, նիւթականութեան եւ մշակութային շարունակականութեան շուրջ ծաւալած տրամասումները արդի արուեստի աշխարհին մէջ:

– Յակոբ Մանուկեան (Լիբանան/Հայաստան)` Լիբանանի հայկական հնչիւնապնակը. Ժապաւէն մը, որ պիտի վաւերագրէ լիբանանահայ համայնքի ինքնատիպ հնչիւնային համայնապատկերը եւ երաժշտական ժառանգութիւնը` քննելով, թէ արուեստն ու լեզուն ինչպէ՛ս կ՛արտացոլացնեն իրենց ժամանակը, եւ թէ ինչպէ՛ս պատմական, քաղաքական ու տնտեսական ուժերը կը ձեւաւորեն արուեստի ուղղութիւնն ու արտայայտչաձեւերը:

– Հրանդ Գալեմքէրեան (Ֆրանսա/Լիբանան)` ՕԴԱԲԵՐԻԿ. Նախագիծ մը, որ պիտի ներկայացնէ վաւերագրական-յօրինովի շարք մը բաժնելու աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու պատմութիւնները եւ զանոնք բերելու Պուրճ Համուտ` վերստին պատմուելու համար: Կարճ տեսահոլովակներու միջոցով ան պիտի սփռէ սփիւռքեան պատմութիւններ, որոնք կը միախառնեն երեւակայական եւ իրական տարրեր:

– Մարլեն Ետոյեան (Քանատա/Հայաստան)` Լեզուի հոգե-աշխարհագրութիւնը. Հետազօտութիւն մը, թէ շրջապատն ու մեր բնակած տարածքները ինչպէ՛ս կը ձեւաւորեն ընկալումներ, վարքագիծներ ու փորձառութիւններ: Փորձագրական խառնածին ժապաւէն մը, որ լեզուին կը մօտենայ հոգե-աշխարհագրութեան պրիսմակով: Ժապաւէնը կը քննէ, թէ լեզուն ինչպէ՛ս կը գոյատեւէ, երբ կը զրկուի կայուն աշխարհագրութենէ, եւ թէ ինչպէ՛ս կը վերաձեւաւորէ ինքնութիւնը ժամանակի եւ տարածութեան մէջ:

– Նիակարա Արմինէ Նեժ Թոնոլի (Ֆրանսա)` Երկու անգամ մեկնածները. Յուզիչ հայեացք մը` տեղահանութեան շերտերուն եւ ինքնութեան դիմակայութեան: Վաւերագրական ժապաւէն մը Ֆրանսայի Ռոնի հովիտի հայ ընտանիքներուն մասին, որոնք մասնակցեցան դէպի Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձութեան` 1936-ին եւ 1947-ին:

– Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան (Գերմանիա)` Լեզուներ. Հետազօտութիւն մը` գիրքը որպէս սփիւռքն ու բազմալեզուութիւնը հասկնալու միջոց: Բազմալեզու, փորձարական գիրք մը` հիմնուած Գրիգոր Պըլըտեանի համանուն արեւմտահայերէն բնագիրին վրայ: Նախագիծը կը համադրէ ընտրուած հատուածներ եւ սփիւռքի ու բազմալեզուութեան շուրջ փորձագրական խորհրդածութիւններ` լուսանկարչական աշխատանքի հետ:

– Սէրլի Խաչիկօղլու (ԱՄՆ)` Լեզուներու միջեւ. յիշողութեան լեզուն. Բազմազգայական ցուցահանդէս մը եւ անոր ընկերակցող կայքէջ մը, որ կը հետազօտէ հայկական միջսերնդային ինքնութիւնը` արեւմտահայերէնը դիտելով որպէս հոգածութեան, գոյատեւումի եւ պատկանելիութեան լեզու: Գործ մը, որ արմատաւորուած է անձնական եւ ընտանեկան պատմութիւններու մէջ` զանոնք հիւսելով տեսողական արուեստի, գրութեան, ձայնային եւ արխիւային նիւթերու միջոցով:

– Ցոլակ Գալստեան (Հայաստան)` Մարմնաւորուած լեզու. «Նուար» (noir) ոճի պարային ժապաւէններու եռերգութիւն մը, որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան ներքին ուժը կը թարգմանէ շարժումի եւ ստուերի լեզուով: Միջգիտակարգային նախագիծ մը, որ կը ստեղծէ պարային երեք կարճ ժապաւէններ` իւրաքանչիւրը ոգեշնչուած արեւմտահայ մեծանուն բանաստեղծի մը գործէ:

Այս նախագիծներուն սատարելով` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը շարունակէ մշակոյթը դիտել որպէս հիմնարար ենթակառուցուածք: Այս գործերը աւելին կ՛ընեն, քան` պարզապէս լեզուն պահպանելը. անոնք կը նորարարեն լեզուով` ապահովելով արեւմտահայերէնի մնայուն կապը քննական մտածողութեան հետ, արուեստի գերազանցութեան եւ ընկերային կապի միջոց:

Արդ եւս|in view նպաստներ կը տրամադրէ մինչեւ 10.000 եւրօ` իւրաքանչիւր նախագիծի համար: Անհամբեր կը սպասենք այս նախագիծներու իրականացումին. անոնց յառաջիկայ տարիներուն պիտի ներկայացուին թուային հարթակներու, ցուցադրութիւններու եւ կահոնքներու (ինսթոլէյշըն) միջոցով:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/  էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին` https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities

Նախորդը

Ինչո՞ւ Կը Լռէ Մայրենին Սփիւռքի Մէջ. Արեւմտահայերէնը Եւ Միջսերնդային Փոխանցման Ընդհատումը

Յաջորդը

«Eight Is Enough» – Ութն Բաւ Է

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.