. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Փաքիստանի մէջ բանակցային հոլովոյթի ընթացքը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի կացութեան վրայ: Իսլամապատի մէջ ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն միջեւ զարգացումները կը դիտարկուին` իմանալու համար Լիբանանի որդեգրելիք ռազմավարական ուղղուածութեան բնոյթը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանեան պետութիւնը սկսաւ պատրաստուիլ Ուաշինկթընի մէջ յառաջիկայ շաբաթ որոշուած բանակցութիւններու երկու փուլերուն եւ Միացեալ Նահանգներուն յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ դեսպան Սիմոն Քարամ, իսկ դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատ անոր պիտի ընկերակցի»:
. ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները նախապատրաստական երրորդ հանդիպումէ մը աւելի են եւ այլեւս ուղղակի բանակցութիւններու սկզբունքները մշակելու ժողովի մակարդակի վրայ են: Ուստի, կարելի է ըսել, թէ ուղղակի բանակցութիւնները այդ թուականին ընթացք պիտի առնեն»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, «այն խօսքերը, թէ շրջանային պետութիւն մը Լիբանանը յորդորած է նախագահ Աունի եւ Նեթանիահուի միջեւ Թրամփի հովանաւորութեամբ եռակողմ հանդիպումի համար Ուաշինկթըն երթալ չաճապարելու, սխալ են»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանը կառչած կը մնայ զինադադարի ամրագրման սկզբունքին` իբրեւ պարտադիր նախապայման որեւէ ուղղակի բանակցութեան, եւ որեւէ բանակցային հոլովոյթ չի կրնար յաջողիլ օդային յարձակումներու, ահաբեկումներու եւ սահմանային կէտերու իսրայէլեան բռնագրաւման շարունակման պայմաններուն մէջ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական մեծ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Զինադադարը կը շարունակուի, մայրաքաղաքն ու Հարաւային արուարձանները լայնածաւալ ռմբակոծումէն զերծ կը կացեցուին, եւ ահաբեկման գործողութիւնները կը թիրախաւորեն շարք մը վայրերու մէջ զինուորական կազմակերպական ոչ պետական պատասխանատուներ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Դիմադրութիւնը տակաւին մարտական կացութեան հետ կը վարուի բախումի կանոններու հիմամբ, որոնք հիմնուած են հակադարձութեան «կշռոյթը սանձելու» վրայ, առանց զգացական հակազդեցութիւններու դիմելու եւ կեդրոնանալով բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ բռնագրաւումի ուժերուն համար մարտական ճգնաժամը խորացնելուն վրայ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթ. «Իսրայէլ պէտք է Լիբանանի մէջ գործելու ազատութիւնը պահպանէ, նոյնիսկ եթէ ատիկա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի հետ դիւանագիտական տագնապի յանգեցնէ»:
. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր նախարարական պատուիրակութեան մը հետ պիտի այցելէ Դամասկոս եւ սուրիական իշխանութիւններուն հետ քննարկէ բանտարկեալներու, սահմաններու եւ ապօրինի անցակէտերու հսկողութեան թղթածրարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի բանտարկեալներու թղթածրարը»:
. ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ պանդոկներու ոլորտը հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու կորուստներ կրեց, եւ բազմացիւ լիբանանեան պանդոկներ ամբողջական կերպով անդամալուծուեցան»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 17000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.472.000 լ.ո.-ի եւ 2.490.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 16000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.298.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.569.000 լ.ո.:
. ՇԻԻ իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Մեզի ցաւ կը պատճառէ, որ լիբանանեան իշխանութիւնները իսրայէլեան մագլցումին նկատմամբ որոշ պաղ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն»:
. ԺԱԱՖԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան երէկ ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իշխանութիւնը Ուաշինկթընի յոռեգոյն կախեալութեան մէջ է եւ ազգային դաւաճանութիւն կը գործէ»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Խաուաժա պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Եուսեֆ Ռաժժին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարն է»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, թէ 6 մայիսին բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է լիբանանցի մը` պատկերասփիւռի կայանի մը հրապարակած մէկ տեսերիզին իբրեւ հակադարձութիւն ընկերային ցանցերու վրայ կրօնական անձնաւորութիւն մը եւ շարք մը պետական այրեր վարկաբեկող նկար մը ու գրութիւններ հրապարակելուն համար:


