. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանան-Իսրայէլ երրորդ հանդիպումը Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի կամ հինգշաբթի օր: Դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատ պիտի ներկայացնէ Լիբանանը, եւ գոյութիւն ունի այն կարելիութիւնը, որ դեսպան Սիմոն Քարամ միանայ բանակցութիւններուն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ Նեթանիահուի միջեւ որեւէ հանդիպում, ըլլայ այդ Թրամփի հովանաւորութեամբ կամ ոչ, բացարձակապէս բացառուած է, եւ նախագահ Աուն կրնայ Ուաշինկթըն այցելել բացառապէս Թրամփի հետ հանդիպում ունենալու համար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Թրամփ նախագահ Աունի Նեթանիահուի հետ հանդիպելու իր հրաւէրը մերժելէն դժգոհ է, ուստի չէ բացառուած, որ ամերիկեան եւ իսրայէլեան կողմերը խուսափին 17 մայիսին աւարտող ներկայ զինադադարը երկարաձգելէ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Ուաշինկթըն Իսրայէլին յայտնեց, թէ Լիբանանի հետ զինադադարը ուժի մէջ պիտի մնայ Իրանի հարցով որեւէ զարգացումէ անկախ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու դեսպանին Պաապտայի պալատ ու վարչապետարան այցելութիւններուն ընթացքին բանակցութեան հարցին վերաբերեալ լիբանանեան դիրքորոշման նկատմամբ ամերիկեան հասկացողութեան յառաջադէմ մակարդակ մը երեւան եկաւ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Տակաւին Նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի միջեւ տարակարծութեան կարգաւորման կարելիութիւն չգտնուեցաւ, մինչ չի թուիր, թէ առնչակիցներուն միջեւ լուրջ երկխօսութիւն ընթացք պիտի կ՛առնէ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի պալատին եւ Այն Թինէի միջեւ յարաբերութիւնները մթնոլորտի հանդարտեցման համար շարք մը միջնորդներու աշխատանքին շնորհիւ դէպի հանդարտեցում կ՛երթայ: Երկու ղեկավարներուն միջեւ հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ, սակայն խոչընդոտներու վերացման եւ Պըրրիի Պաապտայի պալատ այցելութեան թուականի շուրջ համաձայնութեան չհասաւ»:
. ԴԷՏԵՐ «Նահար» օրաթերթին. «Քաղաքական ու համայնքային լարուածութեան ստեղծման նպատակը ուշադրութիւնը շեղելն է այն հսկայական վնասներէն, զոր ընկերութիւնը կը կրէ պատերազմի որոշումին հետեւանքով, որոշում մը, որ կը գտնուի Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին ձեռքը»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ասաս»-ին. «Զինադադարի փուլի ընթացքին Հարաւային Լիբանանի մէջ քանդումի աննախադէպ բուռն ալիք, ինչպէս նաեւ ամբողջ ընտանիքներու բնաջնջում արձանագրուեցաւ իսրայէլեան բանակին քաղաքային պաշտպանութեան դիակներ դուրս բերելը չարտօնելուն, ինչպէս նաեւ բանակայիններու, շտապ օգնութեան անձնակազմներու ու լրագրողներու թիրախաւորման պատճառով»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Թել Աւիւ կը ջանայ շարունակել տեղահանուածներու խաղաքարտով ճնշում բանեցնել` բազմաթիւ գիւղերու դատարկման առօրեայ զգուշացումներ ուղղելու ճամբով, ինչ որ կը հաստատէ գործողութիւններու տարածքը ընդլայնելու եւ Հըզպալլայի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան վրայ ճնշումը բարձրացնելու իսրայէլեան ուղղուածութիւնը»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Շրջանին մէջ կը գտնուին ելեկտրոնային պատերազմի ուժեր, որոնք կը փորձեն դէմ դնել Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերուն որոնք, սակայն անոնց վրայ եւս կ՛արձակուին»:


