Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Արեւմտեան շրջանի 2-րդ դասուած խումբը` Սան Անթոնիօ Սփըրզ, 114-95 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին եւ հասաւ շրջանի կիսաւարտական:
Ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա տապըլ տապըլ իրագործեց` 17 կէտով եւ 14 ռիպաունտով:
Նիւ Եորք Նիքս 126-97 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսին եւ 3-2 ճակատումներու արդիւնքով յառաջ գնաց: Ճէյլըն Պրանտն 39 կէտ եւ 8 էսիսթ իրագործեց ի նպաստ Նիքսի, որ Արեւելեան շրջանի 3-րդ դասուած խումբն է:
Թիւ 2 դասուած Պոսթըն Սելթիքս 97-113 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզէն, բայց 3-2 արդիւնքով ճակատումներով տակաւին յառաջ է եւ պէտք ունի յաղթանակի մը մնացեալ 2 մրցումներէն` հասնելու համար Արեւելեան շրջանի կիսաւարտական:
Ժոել Էմպիիտ 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ, մինչ Ճէյսըն Թէյթըմ 24 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պոսթընի:


