Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկներ
Սուրիա
* 24 ապրիլին Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչման հանդիսութիւն:
Նոյն օրը, առաւօտուն, մասնակցութեամբ ՍԵՄ-ի «Դրօշակ», Սուրիոյ պատանեկան միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղերուն եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, Ազգային գերեզմանատան Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, մոմավառութիւն եւ հաւաքական աղօթք: «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան խօսքը արտասանեց Սարգիս Քիւրտեան: Այնուհետեւ ժողովուրդը ուղղուեցաւ «Ահարոնեան» կեդրոն, ուր ծաղիկներ զետեղեց Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշակոթողին առջեւ: Ապա ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը:
ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Միսաք Թեմիզճեան շեշտեց երիտասարդութեան դերը Հայ դատի պահանջատիրութեան եւ պայքարի շարունակականութեան աշխատանքներուն մէջ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան բանախօս տոքթ. Գէորգ Եղիայեան շեշտեց, որ պէտք է խօսինք, վճռակամութեամբ շարունակենք պայքարը եւ բարձրացնենք արդարութեան պահանջատիրութեան մեր ձայնը միջազգային հարթակներու վրայ` կանխելու նոր ցեղասպանութիւններ: Ան դիտել տուաւ, որ արդարութեան վերականգնումի միակ ճանապարհն է ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, արդար հատուցումը, հողերու վերադարձը եւ պահանջատիրական պայքարի յարատեւութիւնը` կարեւոր նկատելով երիտասարդութեան դերակատարութիւնը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազան հօր ներկայացուցիչ Մանուկ վրդ. Պարիխանեան: Ան շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամին հետեւելով` յիշելու Ցեղասպանութիւնը, յիշեցնելու եւ պահանջելու հրամայականը, դիտել տալով, որ պէտք չէ լռել, այլ հաւատքով շարունակել պայքարը` մինչեւ Հայ դատի արդար լուծումը:
* 24 ապրիլին, յաւարտ սուրբ պատարագին, Ազգային գերեզմանատան Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցսւ ծաղկեպսակներու զետեղում` ի յիշատակ մեր սուրբ նահատակներուն:
Բացման խօսքով Արշօ Կիւրոյեան-Թաշճեան անդրադարձաւ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած Հայոց ցեղասպանութեան, հայրենազրկումին, հայութեան ոչնչացման ուղղուած զանգուածային կոտորածներուն: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր ծաղիկ, որ կը զետեղուի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց, վերահաստատումն է մեր հաւաքական արժանապատուութեան եւ ուխտն է արդարութեան վերահաստատման:
Ապա պաշտօնական հիւրերն ու միութիւններու ներկայացուցիչները Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ ու վարդեր զետեղեցին` ի յիշատակ սուրբ նահատակներուն:
* Հովանաւորութեամբ հալէպահայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ հալէպահայ կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն, 24 ապրիլին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութիւնը:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Խապայեան, իսկ արաբերէնով` Հուրի Էպլիղաթեան-Մաղաքեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընդմէջէն արտացոլաց հայ ժողովուրդին գոյատեւելու կամքը եւ պահանջատիրական արդարատենչ ոգին:
Օրուան բանախօս Սեւան Շահպազեան անդրադարձաւ` հայ ժողովուրդի ստեղծագործ էութեան, կրած տառապանքներուն, Հայոց ցեղասպանութեան փաստագրական արխիւներուն եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան: Ան ըսաւ, որ աններելի է որդեգրել գաղափարական նոր ուղեգիծ մը, որ կը խորտակէ հայ ժողովուրդին պատմական յիշողութիւնը, ազգային արժէքները եւ կը նսեմացնէ անոր արդար իրաւունքներն ու դարաւոր պայքարը: Բանախօսը յայտնեց, որ սփիւռքի դերակատարութիւնը հիմնական է մասնագիտական ներուժ մատակարարելու, սփիւռքի ողջ տարածքին միջազգային հանրային կարծիք ձեւաւորելու Հայաստանի եւ Արցախի շահերու պաշտպանութեան առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ` տնտեսական ներդրումներ եւ կայուն զարգացման ծրագիրներ ստեղծելու:
Աւարտին խօսք առաւ Մակար արք. Աշգարեան, որ յայտնեց, թէ ցեղասպանութիւն կատարողները կարծեցին, որ բնաջինջ ըրին ազգ մը, թաղեցին ու գերեզմանեցին հայու ինքնութիւնը, բայց չգիտցան, որ մենք կանք, կը կանգնինք ու կը վկայենք:
* 24 ապրիլին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր արիւնը` յանուն հայրենիքի» խորագիրով արեան տուչութեան արարողութիւն:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիւսի էքիզեան-Գազեզեան, հայերէն` Սեւանայ Հալլաճեան:
Այնուհետեւ աւելի քան 150 երիտասարդներ իրենց արիւնը նուիրաբերեցին` իբրեւ նոր կեանքի խորհրդանիշ:
* 24 ապրիլին Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչում:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վարդան Մուրատեան, իսկ արաբերէնով` Պասել Ապրաթ:
Օրուան խորհուրդը ներկայացուց Ծերուն Քահվեճեան, որ շեշտեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն ազգային կորուստի յիշատակումը չէ, այլ ան համամարդկային յիշատակումն է այն ողբերգութեան, որ հետեւանք է ատելութեան, ժխտումի, այլամերժումի եւ վայրագութեան: Ան միայն հայ ազգին դէմ գործուած ոճիր, յանցագործութիւն չէ, այլ` ամբողջ մարդկութեան:
Բանախօսը շեշտեց, որ սփիւռքի համախմբուած եւ միասնակամ գործընթացի կարեւորութիւնը եւ երիտասարդութեան ուժը կրնան պահել մեր ինքնութիւնը եւ ճամբայ հարթել արդարութեան դիմաց:
Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան ըսաւ, որ մենք կը գտնուինք այն հողին վրայ, ուր ապաստան գտաւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ ժողովուրդը եւ նոյն այս հողին վրայ անշիրիմ անմահացան մէկուկէս միլիոն սուրբեր: Մեր նախնիները քալեցին այս ճամբաներէն, որպէսզի մենք ապրինք եւ ազգը գոյատեւէ: Այսօր, երբ կը յիշատակենք Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը, յատկանշական է տարիներուն թիւը, որ մեզի կը յուշէ, որ Աստուած մէկ է, Հայ եկեղեցին մէկ է եւ հայ ազգը մէկ է: Ապրիլ 24-ը համայն հայութեան խորհրդանիշն է:
Իրաք
Հովանաւորութեամբ Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, 24 ապրիլին Իրաքի հայոց առաջնորդարանը եւ Հայ դատի յանձնախումբը կազմակերպեցին գրական-գեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին: Ձեռնարկի ընթացքին հնչեցին` հայրենասիրական երգեր, բանաստեղծութիւններ եւ օրուան պատշաճ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ոգեշնչող խօսքեր: Տհոքի Թաղական խորհուրդի անդամ Առի Ռոստոմ Պօղոսեանը դասախօսութիւն մը տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` ներկայացնելով անոր պատմական եւ մարդկային երեսները:
Շարժա
* 26 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակի առիթով Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ բարեխօսութեան կարգ:
Օրուան պատգամը յղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան. ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրական աշխատանքներու ռազմավարութեան վերադասաւորման եւ Ցեղասպանութիւնը քաղաքական դաշտէն դուրս բերելու մասին: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքական բոլոր շահերէն եւ համաձայնութիւններէն դուրս պէտք է բերել, որովհետեւ անմարդկային ոճիր է, որ գործադրուած է 20-րդ դարու սկիզբը եւ մինչեւ օրս ցեղասպանին ժառանգորդներուն կողմէ կը հերքուի: Առ այդ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատմական այս իրողութիւնը հայութեան համար կը մնայ պայքարի հարց` մինչեւ արդար հատուցում:
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ ներկայ պայմաններու լոյսին տակ հայութեան առաջնահերթ համահայկական հարցը Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է դառնայ, հետեւաբար համահայկական համախմբում պէտք է կազմակերպուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն վերադասաւորման համար:
* 26 ապրիլին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի «Փիեր Քէօսէեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Ազգային վարչութեան անունով խօսք առաւ Դալար Թօփալեան, որ անդրադարձաւ թշնամիներու անգիտութեան մասին, թէ նորանոր սերունդներ պիտի ծնին ու բարձրանան, շեշտելով, որ հայ ազգի գերագոյն արժանիքները պահպանելով` մենք պիտի կարենանք յաւերժացնել մեր նահատակներուն թողած սրբազան ժառանգութիւնը:
Օրուան բանախօս Սարգիս Գասարճեան ներկայացուց ներկայ դարու արհեստական բանականութեան օգտագործման ձեւերն ու միջոցները` Հայոց ցեղասպանութեան քարոզչական աշխատանքներուն մէջ` յայտնելով, որ ներկայ երիտասարդ եւ պատանի սերունդին աւելի մատչելի եւ արագ կարելի է հասնիլ արհեստական բանականութեան միջոցով եւ իրենց մտքերուն մէջ տեղաւորել Հայոց ցեղասպանութեան աշխատանքները:
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան արդիականացուած պահանջատիրական պայքարի աշխատանքներու կարեւորութեան` յայտնելով, որ Ցեղասպանութեան երկրորդ եւ երրորդ սերունդները առիթը ունեցած են լսելու Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ականատեսի վկայութիւնները եւ զգալու Ցեղասպանութեան ստեղծած արհաւիրքները եւ այդ միջոցով բնական ընթացքով դարձած են Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու ժառանգորդներ, նոյն զգացումը արհեստական բանականութեան ճամբով աւելի մատչելի միջոց կրնայ ստեղծել երիտասարդ եւ պատանի սերունդներուն` Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներէն եկած զգացումը ունենալու եւ պահանջատիրական պայքարը շարունակելու համար:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Քանատա
* Կազմակերպութեամբ Քեմպրիճի Հայ դատի յանձնախումբին, 26 ապրիլին Քեմպրիճի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը:
Բացման խօսքը կատարեց Ալիս Նաճարեան:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին քաղաքական ներկայացուցիչները` շեշտելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ անոր ժխտումին դէմ տարուող հետեւողական պայքարի շարունակութիւնը: Անոնք բարձր գնահատեցին քանատահայութեան քաղաքական ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին` յանուն արդարութեան, պահանջատիրութեան եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Իրենց խօսքերուն ընթացքին կարդացուեցան նաեւ վարչապետ Քառնիի եւ դաշնակցային այլ կուսակցութիւններու պաշտօնական ուղերձները:
Օրուան պատգամաբերն էր Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ներկայացուց ցեղասպանութիւն եզրոյթը` ըստ միջազգային օրէնքի սահմանումին, աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը այն հազուադէպ պարագաներէն է, որ կը համապատասխանէ ցեղասպանութեան սահմանման բոլոր հինգ պայմաններուն:
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ ցեղասպանութիւնը շարունակական գործընթաց է եւ կ՛անցնի տարբեր հանգրուաններէ. ան միայն անցեալի յիշողութիւն չէ, որովհետեւ այսօր եւս կը շարունակուին ցեղասպանական արարքներ Ազրպէյճանի կողմէ: Ան հաստատեց, որ յիշողութիւնը, նահատակներու յիշատակին յարգանքով խոնարհումը եւ պահանջատիրութիւնը ազգային պարտքի եւ արժանապատուութեան հարցեր են:
Ձեռնարկին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
* Կազմակերպութեամբ Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինին, 24 ապրիլին Լաւալի քաղաքապետարանի Շոմետի շրջանի կայանատեղիէն սկիզբ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած ժողովրդային քայլարշաւը դէպի Հայոց ցեղասպանութեան Լաւալի յուշարձանին վերջերս տեղափոխուած զբօսայգին, ուր կատարուեցաւ յուշարձանին պաշտօնական բացումը եւ յիշատակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկան օրուան հանդիսավարներ` Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Ալին Պէրպէրեան եւ ՀԲԸՄ-ի Պատանեացի անդամ Մանէ Յովհաննիսեան:
Հայ դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Արեւիկ Աֆարեան, որ անդրադարձաւ յուշարձանի տեղափոխման եւ նշեց, որ Հայ դատի յանձնախումբին առաջարկին ընդառաջելով` Լաւալի քաղաքապետութիւնը տեղափոխեց զայն այս ներկայ զբօսայգին, որ առաւել եւս կ՛արդարացնէ իր խորհրդանշական ներկայութիւնը, նաեւ լաւագոյն փաստն է համայնքին եւ քաղաքապետարանին միջեւ օրինակելի գործակցութեան: Ան ըսաւ, որ սոյն յուշարձանը զգօնութեան կոչ մըն է, որ մեզի կը յիշեցնէ մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնը` գործելու, որպէսզի կանխենք ապագայ վայրագութիւնները:
ՀԲԸՄ-ի Մոնրէալի մասնաճիւղի Գործադիր խորհուրդի ատենապետ եւ Ալեք Մանուկեան վարժարանի տնօրէն Շահէ Թանաշեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը, հակառակ պատմական բոլոր դժուարութիւններուն, տակաւին կանգուն է եւ պիտի շարունակէ գոյատեւել, կառուցել ու իր յիշողութիւնը փոխանցել, մինչեւ որ արդարութիւնը վերականգնի, աւելցնելով, որ յիշատակման նպատակը անցեալին մէջ փակուիլը չէ, այլ` ապագան լուսաւորելը:
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամ Լեւոն Աւետանեան, որ անդրադարձաւ մեր նահատակներուն կտակին, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յուզող ներկայի մարտահրաւէրներուն, ապա իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան` յորդորեց զանոնք` յիշելու, պահանջելու, պայքարելու, չյուսահատելու:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի յուշարձանի միացեալ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սագօ Եագուպեան: Ան դիտել տուաւ, որ մենք կը շարունակենք պատմել, ուսուցանել եւ փոխանցել այս պատմութիւնը, որովհետեւ քանի յիշատակը դեռ կենդանի է, ուրեմն ցեղասպանը իր նպատակին չէ հասած:
Լաւալի քաղաքապետ Ստեփան Պոյեր իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ հայ համայնքը իսկապէս կենդանի է, անոր սիրտը տակաւին կը բաբախէ: Ան հաստատեց, որ հայ համայնքը Լաւալի մէջ լիովին համարկուած եւ արմատացած է, ունի իր արժանապատիւ ներկայութիւնը, դերը եւ մասնակցութիւնը` Լաւալի տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ, եւ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ սոյն զբօսայգին, ի պատիւ հայ համայնքին, պիտի վերակոչուի «Parc de l’Espoir» (Յոյսի զբօսայգի):
Գեղարուեստական յայտագիրի գործադրութենէն ետք յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղիկներու տեղադրում:


