Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

April 29, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախցիներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Կազմակերպութեան Ցանցը Մտահոգ Է Խտրական Խօսոյթի Դրսեւորումներով

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ցանցը յայտարարութեամբ մը իր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերջին շրջանին արձանագրուող այն վտանգաւոր միտումներուն նկատմամբ, որոնք կը վերաբերին Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու նկատմամբ խտրական խօսոյթի, անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան խօսքի դրսեւորումներուն: Առաւել մտահոգիչ կը նկատուի այն, որ նմանատիպ արտայայտութիւններ եւ մօտեցումներ կան հանրային խօսքին մէջ եւ կ՛օգտագործուին պաշտօնատարներու կողմէ, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ հասարակական լարուածութեան եւ ընկերային բեւեռացման խորացման:

Յայտարարութեան մէջ յատկապէս կը նշուի. «Վերջին օրերուն լայն հանրային արձագանգ ստացած` վարչապետի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջադէպը լրացուցիչ կ՛ընդգծէ վերոնշեալ մտահոգութիւնները: Համացանցին մէջ տարածուած տեսանիւթին մէջ արձանագրուած հաղորդակցութիւնը, ներառեալ` Արցախէն բռնի տեղահանուած անձին հետ լարուած ոճով փոխգործակցութիւնը եւ անոր երեխային ներկայութեամբ ձեւաւորուած իրավիճակը, հիմք կը հանդիսանան բարձրացնելու պաշտօնատար անձանց վարքագծի համապատասխանութեան, հանրային խօսոյթի սահմաններու, ինչպէս նաեւ խոցելի խումբերու նկատմամբ յարգալից վերաբերմունքի ապահովման հարցերը: Հակառակ միջադէպի առնչութեամբ վարչապետին հետագայ ներողութեան, այն պիտի ուղեկցուի նաեւ առցանց տիրոյթին մէջ բացասական թշնամական արտայայտութիւններու աշխուժացումով, որ կրնայ նպաստել ընկերային լարուածութեան խորացման:

Այսպիսի երեւոյթները ո՛չ միայն կը խախտեն մարդու հիմնարար իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը, այլեւ կը հակասեն Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ:

Յատուկ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այն հանգամանքը, որ պետական մարմիններու կողմէ յաճախ չեն ձեռնարկուիր բաւարար եւ արդիւնաւէտ քայլեր` այսպիսի դրսեւորումները կանխարգիլելու եւ յաղթահարելու ուղղութեամբ: Աւելի՛ն. որոշ պարագաներու արձանագրուած իրավիճակները կրնան ընկալուիլ իբրեւ ատելութեան խօսքի հանդուրժում կամ անուղղակի խրախուսում, որ կրնայ հակասել իրաւական պետութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու հիմնարար սկզբունքներուն:

Առանձնայատուկ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ այն, որ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն ընկերային եւ հոգեբանական խոցելիութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած է բռնի տեղահանութեամբ եւ նպատակային ցեղային գործողութիւններով: Անոնց հետեւանքները կ՛ընդգրկեն` տարիներու ընթացքին արձանագրուած սպառնալիքները եւ ճնշումները, մարդասիրական ճգնաժամը, զինուած հակամարտութիւնները եւ զանգուածային տեղահանութիւնը, ինչպէս նաեւ` մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան շարունակական կորուստը: Այս ամէնով կը փաստենք, որ բռնի տեղահանուած եւ նմանօրինակ ծանր փորձութիւններ վերապրած մարդոց թիրախաւորումը ատելութեան խօսքի, խտրականութեան եւ ընկերային մեկուսացման միջոցով` կը յանգեցնէ անոնց երկրորդ անգամ զոհ դառնալուն: Այս ուղղակի սպառնալիք է իրաւունքի գերակայութեան եւ հասարակական համերաշխութեան սկզբունքներուն:

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ՔՀԿ-ներու ցանցը կոչ կ՛ընէ.

«Հայաստանի պետական մարմիններուն`

– Ձեռնարկել անյապաղ քայլեր` ատելութեան խօսքի եւ խտրականութեան կանխման ուղղութեամբ:
– Ապահովել յստակ իրաւական եւ կառուցային գործիքակազմեր` տեղահանուածներու պաշտպանութեան համար:
– Ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ բացառել անհանդուրժողականութիւն հրահրող որեւէ հանրային խօսք:

Իսկ Մարդու իրաւունքներու ազգային եւ միջազգային կառոյցներուն`

Իրականացնել շարունակական մշտադիտարկում եւ տալ առարկայական գնահատականներ:

Նպաստել ընկերային ներառման եւ համերաշխութեան արդիւնաւէտ գործիքակազմերու ներդրման:

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ՔՀԿ-ներու ցանցը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` համագործակցելու բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ` ուղղուած բռնի տեղահանուած մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային ներառման եւ հասարակական համերաշխութեան ամրապնդման ապահովման»:

Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան Առիթով Հռոմի Մէջ Աղօթք` Վասն Խաղաղութեան. Կարդինալ Քոխին Պատգամը

Հայոց ցեղասպանութեան  111-րդ տարելիցին առիթով, հինգշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան Հռոմի Իզոլա Թիպերինա թերակղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Բարթողոմէոսի անուան տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Համամիութենական աղօթք` նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան, որ կազմակերպուած էր Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան ներկայացուցչութեան եւ Սանթ Էճիտիօ (Sant’Egidio) հասարակութեան կողմէ` համագործակցութեամբ Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին եւ Վենետիկի Մխիթարեան հայրերուն:

Արարողութեան մասնակցեցան կաթողիկէ, առաքելական, անկլիքան, աւետարանական, մեթոդիստական, ղպտի եւ մալանքար ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան եւ Ռումինական ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ: Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանները:

Սուրբ Բարթողոմէոս տաճար

Յայտնենք, որ վերոնշեալ տաճարը Ի. դարու քրիստոնեայ մարտիրոսներու յիշատակին նուիրուած գլխաւոր խորհրդանշական վայրերէն մէկն է:

1999-2001 թուականներուն միջեւ հոն հիւրընկալուեցաւ «Նոր մարտիրոսներ» յանձնաժողովը, որ հիմնուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի կողմէ Ի. դարու հալածեալ քրիստոնեաներու մասին փաստաթուղթեր ու վկայութիւններ հաւաքելու նպատակով: Այս աշխատանքը իր գագաթնակէտին հասաւ 2002 հոկտեմբերին` համամիութենական հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որուն ընթացքին աւագ խորանին վրայ զետեղուեցաւ ժամանակակից մարտիրոսներուն նուիրուած մեծ սրբապատկեր մը` կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ:

Հայ նահատակներու մասունքները

Տաճարին մէջ կը պահպանուին հաւատքի բազմաթիւ վկաներու մասունքներն ու յիշատակները, որոնց շարքին է նաեւ Տէր Զօրէն բերուած ոսկորի բեկոր մը եւ այլ մէկ մասունքը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Մարտինի երբեմնի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի, որ անցեալ տարուան հոկտեմբեր 19-ին իր նահատակութեան համար սուրբ հռչակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին կողմէ, սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին:

Կարդինալ Քոխին պատգամը

Խաղաղութեան նուիրուած համամիութենական արարողութիւնը սկիզբ առաւ Սանթ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ Մարքօ Իմփալիացցոյի բարի գալուստի խօսքով, ապա կարդացուեցաւ նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան Խթանման վերատեսչութեան վերատեսուչ` կարդինալ Քիւրթ Քոխին ուղղած մէկ պատգամը, որուն մէջ ան վեր առնելով Քրիստոսի սիրոյն  անձնազոհութեան ու նահատակութեան արժէքը` նշեց. «Այսօր հաւաքուած ենք աղօթքի` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութիւնը` անցեալ դարու սկզբին հայ քրիստոնեաներու մեծ ու արիւնալի նահատակութիւնը»:

«Անոնք, ըստ յունարէն ստուգաբանութեան, այն վկաներն են, որոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ  նահատակութիւնը քրիստոնէութեան լուսանցքային երեւոյթ մը չէ, այլ` անոր բաբախող սիրտը, որուն մէջ Եկեղեցին կը նոյնանայ Քրիստոսի` Աստուծոյ սիրոյ գերագոյն վկային հետ», հաստատեց կարդինալ Քոխը իր պատգամին մէջ` դիտել տալով, որ` «Հայ նահատակները մաս կը կազմեն այն «ընդհանուր մարտիրոսագրութեան», որուն մասին կը խօսէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը. մարտիրոսագրութիւն մը, որ կը միաւորէ քրիստոնեաները իրենց բաժանումներէն անդին` իսկական «արեան համամիութեան մը մէջ»:

«Դժբախտաբար, հակառակ Ի. դարու մեծ բռնապետութիւններու աւարտին, քրիստոնեաներու հալածանքը ոչ միայն չէ դադրած, այլ նոյնիսկ սաստկացած է աշխարհի որոշ մասերուն մէջ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս վաղնջական Եկեղեցին համոզուած էր, որ «մարտիրոսներու արիւնը քրիստոնեաներու սերմն է» (Տերտուղիանոս), կրնանք յուսալ, որ այսօրուան բազմաթիւ վկաներու արիւնը դառնայ սերմը Քրիստոսի միակ Մարմինի ապագայ միութեան, որ այնքան բաժանումներով յօշոտուած է» եղան կարդինալ Քոխի պատգամին եզրափակիչ բառերը:

Խաժակ Արք. Պարսամեանին  քարոզը

Արարողութեան ընթացքին օրուան յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց Խաժակ արք. Պարսամեանը, որ յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս պապին 2015-ի արտասանած խօսքերուն, ապա կոչ ուղղեց` յիշելու նահատակները ու նաեւ մեր օրերու քրիստոնեայ վկաները` շեշտելով, որ անոնց տառապանքը կը դառնայ հաշտութեան եւ յոյսի աղբիւր:

Քարոզին մէջ ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը ծանր փորձութիւններու մէջ պահած է իր հաւատքը, եւ Քրիստոսը մնացած է անոր ամէնէն մեծ յենարանը: Սրբազանը հուսկ զգուշացուց, որ պատմութեան ժխտումը եւ ատելութիւնը կրնան նոր ողբերգութիւններու պատճառ դառնալ. ապա առաջարկեց երեք ուղիներ` պահել ճշմարիտ եւ սիրով լի յիշողութիւնը, զօրակցիլ տառապողներուն եւ նորոգել հաւատքն ու յոյսը:

Վերջաւորութեան ան կոչ ուղղղեց` դառնալու խաղաղարարներ` ներումի եւ սիրոյ միջոցով:

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ` տարբեր երաժիշտներու մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին ներկայացուեցան նոր եւ հոգեւոր թեմաներով ստեղծագործութիւններ:

ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Անցած Ճանապարհը Յարութիւն Մարութեանի Նոր Գիրքին Մէջ

Վերջերս Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի «Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի հայաբնակ շրջաններուն մէջ հայութեան բռնաճնշումներու ուսումնասիրութեան» բաժինի վարիչ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գլխաւոր գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեանի «Ոգեկոչելով Հայոց ցեղասպանութիւնը» մենագրութիւնը (408 էջ, 160 հիմնականօրէն գունաւոր լուսանկարներ: Այն նախորդ տարուան նոյեմբերին միջազգային մեծ համբաւ ունեցող I.B. Tauris / Bloomsbury (Լոնտոն/Նիւ Եորք) հրատարակչութեամբ լոյս տեսած «Commemorating the Armenian Genocide» մենագրութեան հայերէն տարբերակն է:

Գիրքը կը ներկայացնէ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման աւանդոյթի ձեւաւորումը, զարգացումները, մերօրեայ վիճակը, կը դիտարկէ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը իբրեւ յիշողութեան վայր` հանգամանօրէն վերլուծելով անոր առանձին հատուածները, ինչպէս նաեւ խորամուխ կ՛ըլլայ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսի ծագման ու զարգացումներուն մասին, աւելի՛ն, կը քննէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան փոխանցման մարտահրաւէրները 21-րդ դարուն:

Հեղինակը մենագրութիւնը նուիրած է Վանի 1915 թուականի ինքնապաշտպանութեան հերոսներու պայծառ յիշատակին:

Գիրքը նախատեսուած է` պատմաբաններու, ազգագրագէտներու, ցեղասպանութեան յիշողութեան հարցերով զբաղող մասնագէտներու եւ ընթերցող լայն շրջանակներու համար:

Հաղորդենք, որ գիրքը կարելի է ձեռք բերել Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գրախանութէն:

Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան եւ արցախեան շարժման մէջ անոր աշխուժ դերակատարութեան նիւթը Յ. Մարութեան վերլուծած է նաեւ վերջերս լոյս տեսած «Շարժում, որ բերաւ անկախութիւն» ծաւալուն յօդուածին մէջ, որ մանրամասն կարելի է կարդալ հետեւեալ յղումով` http://publishing.ysu.am/files/Ethnography_of_Armenia.pdf):

Սողոմոն Թեհլիրեան-130. Պերլինեան Բանտային Օրագրութիւն

Ապրիլ 4-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային բանախօսութիւն` նուիրուած Սողոմոն Թեհլիրեանի ծննդեան 130-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թեհլիրեանի ազգականներէն Արփի Օսկանեանը (Թեհլիրեան):

Բանախօսը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեանն էր: Ան ներկայացուցած է Թեհլիրեանի պերլինեան բանտային օրագրութիւնը` առաջին անգամ զայն դնելով գիտական շրջանառութեան մէջ: Թեհլիրեանի օրագրութիւնը կը պահուի Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ: 1980-ականներու սկիզբը օրագրութիւնը Խորհրդային Հայաստան բերած է Սողոմոնին կինը` Անահիտ Թաթիկեանը: Օրագրութեան` տարիներ ետք արտագրուած, ոչ ամբողջական տարբերակը կը պահպանուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան թանգարանին մէջ: Բանախօսը անդրադարձած է Թեհլիրեանի` իբրեւ վերապրողի ներանձնական-հոգեբանական մեկնաբանութիւններուն, յետցնցումային յիշողութիւններուն, օրագիրի կառուցուածքային եւ բովանդակային առանձնայատկութիւններուն:

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում եւ հարցուպատասխան: Առաջարկուեցաւ հրատարակել օրագրութիւնը` գիտական ծանօթագրութիւններով, որոնք կարելիութիւն կ՛ընձեռեն ծանօթանալու Թեհլիրեանի կրթական մակարդակին, լեզուամտածողութեան, գրական ոճին, յետցեղասպանական շրջանին մէջ յետցնցումային յիշողութեան:

Անկախութեան Շարժումին Մասին Պատմող Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը Արգիլուեցաւ

«Սիվիլնեթ»-ի լրագրող Յասմիկ Յովհաննիսեան կը տեղեկացնէ, որ Տիգրան Պասկեւիչեանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին պատուէրով պատրաստած «Անկախութեան մեր ճանապարհը» ժապաւէնը որեւէ ձեւաչափով պիտի չցուցադրուի: Դատարանը բաւարարեց ժապաւէնին օգտագործումը եւ տարածումը արգիլելու մասին Հանրային պատկերասփիւռի կայանին դիմումնագիրը:

«Անոնք կը համարեն, որ կարելի չէ ցուցադրել, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1988-ի շարժումէն մինչեւ անկախութեան հռչակումը», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Պասկեւիչեան:

Հայցուորը կը պահանջէ` «արգիլել ժապաւէնի տարածումը, բնօրինակները վարձոյթով տալը, բնօրինակի կամ օրինակներու փոփոխութիւնը, թարգմանումը, վերամշակումը, վերադաշնակումը, նկարազարդումը, յարմարեցումը եւ այլ ձեւերով վերափոխումը, հաղորդումը հանրութեան, հրապարակային կատարումը, հաղորդումը մալուխով, հեռարձակումը եւ վերահեռարձակումը»:

Կ՛ըսեն, որ փող տուած ենք, մենք ալ առած ենք: Ես ալ դատարանի մէջ կ՛ըսէի, թէ Հանրային հեռուստաընկերութեան փոխարէն, եթէ որեւէ սեփական հեռուստաընկերութիւն ըլլար, ես միանգամէն կ՛ընդունէի սխալս եւ կ՛ըսէի յաջողութիւն, կրնաք դատը չշարունակել», ըսաւ Պասկեւիչեան:

Հանրայինի դիմումնագիրին հիմք հանդիսացած է 2 մայիս 2025-ին ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Հայ ազգային քոնկրեսի գրասենեակին մէջ: «Ես պատասխան նամակիս մէջ գրած եմ, որ ոչ միայն մայիս 2-ին ցուցադրած եմ, այլ` շատ անգամներ», յայտնեց Պասկեւիչեան:

Աւելի կանուխ հեղինակը Հանրային պատկերասփիւռի կայանին ուղղուած նամակին մէջ ժապաւէնը այլ հարթակներու վրայ ցուցադրելու կարելիութիւն խնդրած է, սակայն պատասխան չէ ստացած:

Ըստ Պասկեւիչեանի, «անկախ գրաքննութենէն` նոր ցուցադրութիւններ պիտի ըլլան»:

Հանրային հեռարձակողի խորհուրդի նախագահ Վասակ Դարբինեան «Սիվիլնեթ»-ին յայտնեց, որ այս մասին պարզաբանում մը պիտի հրապարակեն:

Ասիկա Տիգրան Պասկեւիչեանի առաջին ժապաւէնը չէ, որուն ցուցադրութեան վերաբերեալ հարցեր կը յառաջանան: Անոր` «Հայաստանի կորսուած գարունը» ժապաւէնը 1 մարտ 2008-ի բռնութիւններուն եւ անոնց նախորդած շրջանի իրադարձութիւններու մասին է:

«Այն տարիներուն կարելի չէր վարձել լուրջ դահլիճներ», ըսաւ Պասկեւիչեան, ըստ որուն, երկու նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի օրերուն այդ հարցը եղած է: «Բոլորին օրօք ինչ-որ բան արգիլուած է, բայց որ ցոյց չտան ու հասնին անոր, որ դուն ինքդ իրաւունք չունենաս ցուցադրելու, ստորութեան ամենավերին աստիճանն է», յայտնեց Պասկեւիչեան:

Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը վերջին մէկ տարուան ընթացքին դարձած է ներքաղաքական եւ նոյնիսկ արտաքին քաղաքական նիւթ, որովհետեւ 23 օգոստոս 1990-ին ընդունուած հռչակագիրը յղում կը կատարէ Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի միաւորման մասին փաստաթուղթին: Հայաստանի սահմանադրութեան նախաբանին մէջ յղում կայ Անկախութեան հռչակագիրին: Ազրպէյճան այդ դրոյթը կը համարէ ոտնձգութիւն իր տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ Հայաստանէն կը պահանջէ փոխել սահմանադրութեան այդ դրոյթը եւ խաղաղութեան հաստատումը կը պայմանաւորէ անով` ի շարս Հայաստանէն եղող այլ նախապայմաններու:

Նախորդը

Քեսապի Տարագիր Հայերը Սալթի Շրջանին Մէջ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Աշակերտական Ոգեկոչում` Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Շրջափակին Մէջ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 30, 2026
Արարատի Համար Կանգուն` 109 Սկաուտներու Անմոռանալի Ճանապարհը «Արարատի Համար Կանգուն» Խորագիրով
Հայրենի Կեանք

Արարատի Համար Կանգուն` 109 Սկաուտներու Անմոռանալի Ճանապարհը «Արարատի Համար Կանգուն» Խորագիրով

September 28, 2026
Հայկազեան Եւ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարաններուն Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողով-Աշխատաժողովը` «Փոխակերպուող Հայաշխարհ, Գործընթացներ Եւ Իրողութիւններ»
Հայրենի Կեանք

Հայկազեան Եւ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարաններուն Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողով-Աշխատաժողովը` «Փոխակերպուող Հայաշխարհ, Գործընթացներ Եւ Իրողութիւններ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.