Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զահրատ` Ապրիլ 24-ին

April 28, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ

Աւազանի անունը միայն ինք գիտէր
բոլորին համար Զահրատ էր
Իր հնարամիտին ուրկէ եկած ըլլալն ալ
միայն ինք գիտէր, անունը Կիկօ էր

Առտու կանուխ քանի մը հեղ գնաց եկաւ
Գնաց եկաւ
Կիկոյին չգտաւ
խանութը բացած` ծորակ կը ծախէր
Չահրատն ալ իր կատուն գրկած
Պճլտուն ոսկեղէն աչուկներով սեւկակ Մայմունին
Գնալը կղզին պտըտցնել սկսաւ

Զահրատը թափանցիկ
Կիկոն գոյնզգոյն էր, կկուի պէս մէկ ոտքը վեր
Պատրանք կը թերթէր նաւամատոյցին վրայ
Երազ կը ծխէր

Կարճլիկ էր Կիկոն շարժուն կծիկ էր
Տիտիկ ընել չէր գիտեր
մայրամուտ կը շնչէր, քիչ մըն ալ տիկին-միկին կը հառաչէր
ամէն անգամ տարբեր անկիւնէ կ՛ելլէր ձայնը
Շրջապատին անհաղորդ կը կարծուէր բայց անանկ չէր
Մարմարայէն խումբ խումբ կաթիլ երբոր ցատկեր իր վրայ
անմեղ-անմեղ կը խնդար
Ըսէ՛ք տեսնեմ Կիկոն դժբա՞խտ թէ բախտաւոր էր
Զահրատէն գաղտնի իր կեանքը ապրիլ կը փորձէր
Զահրատ անոր ամէն ըրած-չըրածը արար աշխարհին
կը յայտնէր
Ասանկ բան կ՛ըլլա՞յ մի

Պոլսոյ մէջ փողոցներ կան որ Այբուբենի մայր տաճարը կը հասցնեն
Համրիչը ձեռքին
Զահրատ ամէն օր կ՛այցելէր այդ եկեղեցին
Խօսելով մրթմրթալով յուզելով
չարաճճի ժպիտով` բարդ կծիկներ կը քակէր
Քակեց ժամանակը, ծխացող երազները
սիրոյ տանիքները, անկատար կատակները
նոյնիսկ պահուըտած զգացումները

Կիկոն զարմացած ու յարաշարժ
խախծոտ ու լայնաժպիտ
աշխարհին ինչ եղածը շատոնց հասկցած էր
Բայց մենք չէինք հասկնար իր ի՛նչ հասկցած ըլլալը
Նաւուն սուլել կու տար
ոսպ մաքրող կնկան ափսէն արկածով գետին կը ձգէր
ցրուածի ձեւեր կ՛ընէր, սակայն եւ այնպէս
ե՛ւ հաստատապէս խորքը տարբեր էր
Ի՛նք սորվեցուց Զահրատին սովորականէն անդին ապրիլ
Զահրատ հայկական կեանքի, մամուլի, հրաւէրներու եւ ծրագիրներու մէջ մխրճուած էր
Ուզէր-չուզէր միշտ Կիկոյին անկիւնէն կը դիտէր հարցը

Այս վերջին տարիներուն հայ կեանքին մէջ ինչե՜ր
գլխիվայր դարձան
Գացին մեծերը, արդար հոգիները, սրբութեան խնկարկուները
գացին յաղթանակողները
գանձատուն շինողները, տապանակ պահպանողները
Զահրատն ալ գնա՜ց, Կիկոն մնաց
Կիկոն կարճլի՞կ էր, կոկի՞կ էր, բոպի՞կ էր
այնքան ճարպի՞կ էր որ յանկարծ
Ապրիլ 24-ին Զահրատը ետ եկաւ Կիկոյին ձեռքը ամուր բռնած
Երկուքն ալ ծերացեր էին
Ասանկ բան կըլլա՞յ մի

Նստեցան ծովափը
Յիշեցին հին համայնքին երակն ու երանգները
Կախարդական Պոլիսը
Յիշեցին եղեռնահար գրողները
Վարուժանը, Սիամանթոն, Զօհրապը եւ Կոմիտասը
Թաղերը, դպրոցները, եկեղեցիները խմբագրատուները
Հայութեան ձայնը
օրուան խնդրանքն ու խայտանքը
աղօթք դարձած գաղութը
Այդ կինը դեռ ոսպ կը մաքրէ.
Նոր Պոլիսը հին Պոլիսէն բաժնուա՞ծ է
Պոլսեցիները թող պատասխանեն

Անոնք որ կեանքը կ՛ապրին սահմաններէ դուրս`
ամէն տեղ կը հասնին
Կիկոն Զահրատին գիրկը նստաւ
Մայմունն ալ ինքզինք քաշքշելով եկաւ
մէկը ծխե՜ց
մէկը պարե՜ց
մէկը մրափե՜ց

Զահրատին յիշածը մէ՜կը չյիշեց:

Ապրիլ 24, 2026

Նախորդը

Հայ Դատի 60-Ամեակ – Բացառիկ Հատորի Մը Հրատարակութեան Առիթով

Յաջորդը

Դասարանէն Ներս Աւելի Ամուր Յարինք Քաղաքականացման Աշխատանքին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.