Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 86-րդ Առցանց Լսարան. Թուրքիոյ Պետական-Ուժային Կառոյցներու Համակարգը Գործադրած Է Ցեղասպանութեան Բոլոր Փուլերը

April 23, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի  86-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ին, Պէյրութի ժամով 18:00-ին։ Դասախօսն էր Աշխէն Բասէնցեան, նիւթ՝ «Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան ընթացքին օսմանեան բանակին եւ այլ կազմաւորումներու ներգրաւուածութիւնը (1914-1918)»։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։

Պատմութեան մագիստրոսի կոչում ունեցող դասախօսը ներկայացուց թեման՝ նշելով այն պետական կառոյցները, որոնք մասնակցեցան Ցեղասպանութեան գործադրութեան ընդհանուր որոշումին։

Խիստ արդիական կը հնչէ  ներկայացումը՝ ցեղասպանական գործողութիւններուն պետական զինական կառոյցներուն, զինուած անկանոն ուժերուն մասնակցութեան փաստերուն եւ  անոնց բաղադրութեան։ Դասախօսը յատուկ կերպով անդրադարձաւ զօրակոչի օրէնքին ընդունման , գործադրութեան դրուելու շարժառիթներուն, հիմնական պաճառներուն եւ Ցեղասպանութեան կանխամտածուած ըլլալու հանգամանքներուն։

Օսմանեան բանակի  տարբեր ստորաբաժանումներու գործառոյթները եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան մասնակցութեան իրենց վստահուած պարտականութիւններուն ծալքերը բանալով, դասախօսը պարզաբանեց ամբողջ ծրագիրին գործադրութեան դրուելուն համակարգը։

Ան շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան բոլոր փուլերուն  կը տեսնենք պետական ուժային կառոյցներուն եւ երրորդ բանակի հրամանատարութեան տակ դրուած ջոկատներու մասնակցութիւնը։ Համագործակցելով իրարու հետ՝  անոնք գործադրած են Ցեղասպանութիւնը։ Այս բոլոր կը շեշտեն պետական պատասխանատուութիւնը, որքան ալ փորձ կատարուի բացառապէս  երիտասարդ  թուրքերու վրայ միայն բարդելու պատասխանատուութիւնը։ Անառարակելիօրէն կը փաստուի, որ Թուրքիոյ պետական ուժային  կառոյցներու համակարգը  իրականացուցած է Ցեղասպանութեան   բոլոր փուլերը։

Դասախօսը գիտական իր եզրակացութիւնները հիմնած էր արխիւային նիւթերու վրայ։

Դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ՝

https://www.youtube.com/watch?v=XNFpIQMFNYk

 

Նախորդը

Լրագրող Ամալ Խալիլ Զոհ Գնաց Իսրայէլեան Օդային Ուղղակի Յարձակումի

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (23 Ապրիլ 2026)

RelatedPosts

Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.