Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը կը շարունակէ շաբաթական հերթականութեամբ գումարել առցանց նիստեր` տարածաշրջանի պատերազմական իրադարձութիւններուն հետ կապուած գործընթացներու տարբեր ուղղութիւնները իբրեւ օրակարգի կէտեր ներառելով:
Վերջին առցանց նիստը կայացաւ շաբաթ, 18 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան` Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ:
Նիստին հրաւիրուած էր զեկուցելու համաշխարհային տնտեսական խնդիրներու եւ յատկապէս ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտ Վահան Զանոյեան:
Ան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ տարածաշրջանի պատերազմին շրջածիրին մէջ Հորմուզի ջրանցքի փակման տնտեսական հետեւանքներուն մասին: Փորձագիտական զեկուցումը ներառած էր նաեւ աշխարհակարգային խնդիրներ, Իրանի դերին վերափոխման, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետապնդած նպատակներու ընդհանրութիւններուն եւ տարբերութիւններուն մասին:
Զանոյեանի զեկուցումին հետեւեցաւ քննարկում վերոյիշեալ բոլոր իրադարձութիւններուն` ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան, այնպէս ալ միջինարեւելեան երկիրներուն վրայ ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն եւ հետեւանքներուն վրայ:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ կը գտնուինք նոր աշխարհակարգի որոնման եւ անցումային շրջանի մէջ: Այս փուլը ցնցումներ կ՛ենթադրէ, եւ համաձայնեցուած հրադադարները անպայման չեն ենթադրեր երկարատեւ կայունութիւն: Հետեւաբար սթափ պէտք է գնահատել իրավիճակը` կանխատեսելով հետագայ միտումները ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:
Կաթողիկոսը գնահատեց Վահան Զանոյեանի ներկայացուցած մասնագիտական զեկուցումը, որ առիթ հանդիսացաւ համակողմանի քննարկումի` յագեցած նորագոյն տեղեկութիւններով եւ անոնց հիման վրայ կատարուած վերլուծումներով:
Յայտնենք, որ շաբաթական հերթականութեամբ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի առցանց նիստերը պիտի շարունակուին:



