Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Երկիրներու Դեսպաններուն

April 20, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով նամակներ յղեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն:

Հայ դատի մարմինը այդ երկիրներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր խոր գնահատանքը արտայայտելով նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններուն սկզբունքային դիրքորոշումը անոնց պատմական ճշմարտութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ արդարութեան ու հաշուետուութեան համաշխարհային արժէքներուն նկատմամբ յանձնառութեան արտացոլացումն է:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ պատմութեան այս մութ էջի ոգեկոչումը կը յիշեցնէ, թէ ճանաչումը իր մէջ յարատեւ պատասխանատուութիւն մը կը պարունակէ` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան համար արդարութիւնը կը մնայ թերի, իսկ արդարութեան ժխտումը կը շարունակէ խրախուսել անպատժելիութիւնը:

Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ պատմութեան դասերը պէտք է միջազգային ընտանիքը առաջնորդեն նման վայրագութիւնները կանխարգիլելու, նշելով միաժամանակ, որ սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի հայութեան  ցեղային զտումը այդ յանձնառութեան տէր կանգնելու ձախողութիւնն է:

Հայ դատի մարմինը ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց ոչ միայն իրենց կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման տէր կանգնելու, այլ նաեւ գործօն կերպով նպաստելու ապագայ վայրագութիւններու կանխարգիլման. բան մը, որ կ՛ենթադրէ հայերու Արցախ ապահով ու արժանապատիւ վերադարձի, Պաքուի մէջ պահուող բոլոր գերիներու ու կալանաւորներու ազատ արձակման եւ Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ջատագովում, ինչպէս նաեւ հաշուետուութեան ու ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային մեքանիզմներու ամրապնդում:

«Ճանաչումը պէտք է քայլերու հիմք դառնայ: Ժխտումին, անարդարութեան եւ կրկնուող խախտումներուն վճռակամօրէն դէմ կանգնելով` միջազգային ընտանիքը կրնայ յարգել զոհերու յիշատակը եւ ապահովել, որ «Այլեւս երբեք»-ը իբրեւ կարգախօս չմնայ, այլ պարտադիր սկզբունք դառնայ», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:

Նախորդը

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութեան Հոլովոյթը Ամբողջովին Անջատ Է, Եւ Լիբանանի Թղթածրարին Վերաբերող Որեւէ Սահմանափակման Չ՛առնչուիր»

Յաջորդը

Խմբագրական. Վերաբանաձեւուած Նախապայմանները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.