Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Վերաբանաձեւուած Նախապայմանները

April 20, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթալիոյ մէջ կայացած դիւանագիտական ֆորումին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Անգարան կը յուսայ, որ մօտ ժամանակներուն կը ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ: Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ունի տնտեսական առաւելութիւններ: Անգարայի դիւանագիտութեան ղեկավարին բառերով` «մեր տարածաշրջանի դերը Միջին միջանցքի իրականացման հարցին մէջ չափազանց կարեւոր է: Քանի որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը կարեւոր է այդ միջանցքի անվտանգութեան տեսանկիւնէն: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը շատ կարեւոր ուղի է Թուրքիոյ համար: Այս հարցին շուրջ մենք նաեւ կ՛աշխատինք Եւրոպական Միութեան հետ: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման: Մենք շատ մօտ ենք անոր»:

Հիմա տեսնենք այս մօտեցումներուն ընդառաջ այս անգամ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը. ըստ անոր, «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կապուած հիմնական հարցերը կրնան լուծուիլ յառաջիկայ ամիսներուն: Վերջերս այս ուղղութեամբ տեղի ունեցած են կարեւոր զարգացումներ: Կը կարծենք, որ Հայաստանի մէջ հանրաքուէի կայացումը, նոր Սահմանադրութեան ընդունումը, խաղաղութեան պայմանագիրի վերաբերեալ վերջնական փաստաթուղթերի ստորագրումը եւ անոնց վաւերացումը կրնան ճանապարհ հարթել»:

Ֆիտանի մօտեցումը պարզ է: Երեւան-Անգարան կը շարունակէ պայմանաւորուած մնալ Երեւան-Պաքուին հետ: Փաստօրէն թուրք դիւանագէտը կը խօսի երեք երկիրներու միջեւ հարցերու կարգաւորման փաթեթային դրուածքին մասին, ինչ որ Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան կէտերէն մէկն է:

Ապա, Անգարայի ներկայացուցիչը յականէ անուանէ դարձեալ կը խօսի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին: Ինչ որ նորացուած նախապայմաններու գլխաւոր կէտն է:

Նախապայմանները կը շարունակուին այս անգամ Պայրամովի ճամբով, երբ Երեւան-Պաքուի կարգաւորումներուն համար կը յիշէ հանրաքուէն եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: Անկէ ետք է միայն, որ ճամբան կը հարթուի դէպի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւն:

Ուրեմն, երկու արտաքին գործոց նախարարներու խօսքերէն կը հետեւցուին հետեւեալ ակնկալուած իրերայաջորդ քայլերը Երեւանի կողմէ:

Ա.- Զանգեզուրի միջանցքի տրամադրում:
Բ.- Հանրաքուէի կայացում եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն:

Ասոնք նորացուած նախապայմաններն են: Դասական պայմանները ամփոփուած են երկրորդին մէջ, որովհետեւ, երբ նոր Սահմանադրութեամբ Անկախութեան հռչակագիրը կորսնցնէ իր իրաւական ուժը, ապա Հայաստանի արտաքին քաղաքականութենէն դուրս կու գան`

Ա.- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին սատար կանգնիլը,
Բ.- Արցախի միաւորման հեռանկարը,
Գ.- Համայն հայութեան իղձերու կենսագործումը,
Դ.- Պատմական արդարութեան վերականգնումը:

Ահաւասիկ դասական, նորացուած նախապայմանները թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին: Այս նախապայմաններու բաւարարումը Երեւանի կողմէ կ՛ակնկալուի մօտ ապագային, ըստ երկու դիւանագէտներուն, որպէսզի ճամբայ հարթուի Թուրքիա-Ազրպէյճան-Հայաստան հարցերու կարգաւորման` իբրեւ մէկ ամբողջական թղթածրար:

Խաղաղութեան գինն ու նախապայմանները վերաբանաձեւուած են յաջորդաբար Անգարայի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Այս նախապայմաններուն չենթարկուելու կամ այս գինը չվճարելու միակ միջոցը Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէին ոչի ապահովումն է:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Երկիրներու Դեսպաններուն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (20 Ապրիլ 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.