Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատկերասփռուած Ուղերձի Մը Մէջ. «Զինադադարի Յայտարարութիւնը Կայացաւ Շնորհիւ Բոլորի Ճիգերուն, Անիկա Լիբանանցիներու Զոհողութիւններուն Պտուղն Է» Յայտարարեց Նախագահ Աուն

April 18, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանցի ժողովուրդին ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձի մը մէջ յայտարարեց, որ զինադադարի յայտարարութեան որոշումը կայացաւ շնորհիւ բոլորի ճիգերուն, անիկա լիբանանցիներու զոհողութիւններուն պտուղն է, պտուղը իրենց տուներուն եւ գիւղերուն մէջ գոյատեւած մարդոց: Վերջիններս աշխարհին ապացուցեցին, որ անոնք պիտի մնան այդտեղ եւ պիտի չհեռանան ինչ ալ ըլլայ պարագան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ լիբանանեան պետութեան նպատակն է Լիբանանի հողին ու ժողովուրդին նկատմամբ իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան դադրեցումը, իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, պետութեան գերիշխանութեան հաստատումը երկրին բոլոր հողերուն վրայ, գերիներուն ազատութիւնը եւ տեղահանուածներուն տունդարձը:

Նախագահ Աուն իր պատկերասփռուած ուղերձին մէջ յայտարարեց, որ այսուհետեւ ինք թոյլ պիտի չտայ, որ մէկ լիբանանցի զոհուի կամ ժողովուրդի արիւնահոսութիւնը կատարուի յանուն ուրիշներու շահերուն կամ մօտիկ թէ հեռաւոր ուժերու առանցքներու հաշիւներուն:

«Բոլոր լիբանանցիները մէկ նաւու մէջ են, կա՛մ զայն իմաստութեամբ կ՛առաջնորդենք դէպի ապահով նաւահանգիստ, կա՛մ ալ ան կ՛ընկղմի եւ մենք բոլորս անոր մէջ կը խեղդուինք», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն տեղահանուածներուն ուղղելով իր խօսքը յայտնեց, որ անոնք պիտի վերադառնան իրենց տուները: «Լիբանանի ճակատագիրով եւ լիբանանցիներու կեանքերով արկածախնդրութիւն կատարողներուն կ՛ըսեմ, բա՛ւ է, Լիբանանի մէջ միայն պետութեան ծրագիրն է հզօրագոյնը, մնայունը եւ ապահովագոյնը բոլորին համար», նկատել տուաւ հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Աուն նշեց, որ բանակցութիւնները երբեք չեն նշանակեր զիջիլ որեւէ սկզբունք կամ ոտանահարել այս հայրենիքին գերիշխանութիւնը: «Անձնասպանութեան եւ բարգաւաճման միջեւ ես եւ ժողովուրդը կ՛ընտրենք բարգաւաճումը անձնասպանութեան դէմ», ընդգծեց նախագահ Ժոզեֆ Աուն:

«Պատրաստ եմ երթալու ուր որ պէտք է` ազատագրելու հողս եւ պաշտպանելու ժողովուրդս», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Իսրայէլ Այսուհետեւ Լիբանանը Պիտի Չռմբակոծէ»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 241-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.